«Մաշեցումի» Ռազմավարութիւնը` Ընդդէմ «Արժանապատուութեան» Պահանջատիրութիւնը

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

06 հոկտեմբեր 2015
Hrayr-jebejian-776x1024
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան կը գրէ.

Հետաքրքրութեամբ կարդացի Ամերիկայի մէջ լոյս տեսնող «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ վերջերս անգլերէնով «Կը փնտռեմ» խորագիրով հրատարակուած յօդուած-թղթակցութիւն մը: Յօդուածին միտք բանին վեր առնել է այդ հսկայական ջանքերը, զորս անհատներ եւ կազմակերպութիւններ յառաջ տարին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կորսուած հայկական ընտանիքներ գտնելու եւ միաւորելու: Այս աշխատանքը միայն ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետքի ժամանակաշրջանին համար չէր: Այլ երկար տարիներու վրայ շարունակուեցաւ: Կը յիշեմ պատանեկան տարիներուս, երբ կը հանդիպէի հայկական թերթերու մէջ նմանօրինակ «Կը փնտռեմ» յայտարարութիւններու: Եթէ բաւական անձեր գտան իրենց հարազատները շատ տարիներ ետք եւ առանց յուսահատելու, սակայն մեծ մնաց թիւը անոնց, որոնք մնացին կորսուած… նահատակ:

Եթէ հայը այսօր երախտագիտութեամբ կը յիշէ այդ բոլոր «փնտռելու» ջանքերը եւ աշխատանքները, բայց այսօր անցած է այդ ժամանակաշրջանը: Բայց երբեք զանոնք «մոռնալով»: Այլ, ինչպէս 100-ամեակի նշանաբանը յստակ է, հայը այսօր կը «յիշէ» այն բոլորը, որ կորսնցուց: Մարդը, միտքը եւ հողը: Բայց յիշելով նաեւ կը «պահանջէ» այդ բոլորը, որովհետեւ այն, ինչ որ կորսնցուց հայը, իր արժանապատուութիւնն է:

Արժանապատուութիւնը իւրաքանչիւր նահատակ հայու, եւ տակաւին` հայկական ստեղծագործ միտքին (գիր, գրականութիւն, մշակոյթ, արուեստ եւ աւելին): Եւ վերջապէս, արժանապատուութիւնը հողին, որ պիտի պարգեւէր բարեբեր կեանք` ի մի խմբելով հայութիւնը ամբողջ, ուր այսօր աշխարհով մէկ տարածուած է սփիւռքի իրականութիւններուն մէջ: Եւ այս բոլորը կը յիշէ հայը: Յիշելու այս իրողութիւնը Պոյաճեան եւ Գրիգորեան կը վերագրեն հայուն ապրած պատմական փորձառութեան. «Ապրելով ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ ցաւը, հայուն վերապրումը դարձաւ գերբնական ուժ մը: Վերապրողներ ցեղասպանութեան ցաւը եւ անոր հոգեբանական բարդոյթները փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն` իբրեւ ապրելու յոյս եւ ներշնչում»: Եւ այս ապրելու «յոյսը» եւ «ներշնչումը», իմա՛ արժանապատուութիւնը, զոր այսօր տակաւին հայը կը կրէ իր մէջ եւ կը յիշէ: Կը յիշէ «յոյսով», «ներշնչումով» եւ վաղուան տեսլականով:

Եւ այդ տեսլականին մէջէն նաեւ կը պահանջէ զայն: Կը պահանջէ հայուն միտքը` իր մշակութային ժառանգն ու հողը: Ատալեան կը վերլուծէ. «Երբ հայկական հողը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր մշակութային բոլոր լծակները` դպրոց, վանք, արուեստի կոթող եւ պատմական վայրեր` կործանեցան օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Հայը կրցաւ պահել միայն այն, որ կու գար իր հաւաքական յուշերէն: Եւ յուշերուն մէջ կար իր լեզուն, բանաստեղծութիւնը, երգը եւ ողբերգական ճակատագիրը` իբրեւ հայուն եւ իրեն մնացած մշակոյթ»: Եւ հայը այս արժանապատուութեան հասկացողութիւնն է, որ այսօր կը պահանջէ: Եւ որ իրեն փոխանցուեցաւ իր «յուշերուն» ընդմէջէն: Եւ որ հայը կը պահէ զանոնք` «յուշերը», մինչեւ այսօր եւ առանց հողի կռուանին…

Այս տրամաբանութեամբ Հայ դատը, իմա՛` պահանջատիրութիւնը, կարելի չէ դիտել միայն իր քաղաքական ոսպնեակէն: Պագալեան կը հաստատէ, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր ժխտումը թրքական կառավարութեան կողմէ, կը կերտէ հայուն հաւաքական ինքնութիւնը: Ազգային, համազգային, կրօնական, գաղափարախօսական, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ սերնդական տարբերութիւններով հանդերձ, ցեղասպանութեան այս ինքնութիւնը կը դառնայ հասարակ յայտարարը` միացնելով բոլորը»: Մինչ Յովհաննիսեան Ցեղասպանութիւնը կը նկատէ «հայուն ինքնութեան հաւատարմութեան պահպանումը»: Եւ այս իմաստով, եթէ հայուն ինքնութիւնը քաղաքական է, բայց նաեւ նոյնքան ազգային, մշակութային, կրօնական եւ ընկերային: Վերջապէս, իր կեանքը ապրելու արժանապատուութիւնն է, որուն համար հայը կը կենայ իբրեւ պահանջատէր:

Բայց կայ նոյն կացութեան միւս տարբերակը, եւ այդ ալ` թրքական ժխտողական կեցուածքն է: Եւ անոր վարած «մաշեցումի» ռազմավարութիւնը: Էլի Ուիսըլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելը կ՛որակէ իբրեւ «կրկնակի սպանութիւն»: Առաջինը` «ֆիզիքականը» իսկ երկրորդը` «յիշատակը»: Ռիչըրտ Ֆալք` թրքական ժխտողական կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ կը կոչէ «չարաշուք»` «պատմութեան առանցքին մէջ եզակի իրավիճակ» մը, ուր «պետական եւ կանխամտածուած ամէն ջանք ի գործ կը դրուի վերացնելու Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը համաշխարհային զգաստութենէն»: Այլ խօսքով` «մաշեցումի» եւ «մաշեցնելու» ռազմավարութիւն մըն է, ուր հարիւր երկար տարիներ, թրքական պետականութիւնը հեռակայ կարգով, օգտագործելով իր բոլոր համաշխարհային լծակները եւ օղակները, կը հետապնդէ: Այս իրավիճակէն մեկնելով է, որ Հայ դատը հայուն համար կը դառնայ «ինքնութիւն»… Եւ կ՛անցնի քաղաքական սահմաններէն անդին: Հայուն այս ինքնութիւնը, որ մինչեւ այսօր ան պահած է «յուշերուն» ընդմէջէն: Առանց իր արմատին, որուն համար հայը կը պայքարի: Վերատիրանալու հրամայականով:

Բայց պատմութեան այս փորձին մէջ կայ այլ վկայութիւն… Եւ եթէ այսօր արագ ակնարկ մը նետենք Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մէն մի անկիւն, ուր հայը «յիշեց եւ պահանջեց», եւ ի մասնաւորի ցեղասպանութենէ վերապրած չորրորդ երիտասարդ սերունդի գիտակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ապա հարց պէտք է տալ, թէ «արդեօք տեղ կը հասնի՞ մաշեցումի այս ռազմավարութիւնը»:

Եւ առկայ է այսօրուան իրավիճակը: Եւ այդ` թրքական «մաշեցումի» քաղաքականութիւնը (իմա՛ Փերինչեքը)` ընդդէմ հայկական «արժանապատուութեան» պահանջատիրութեան (իմա՛` Զուիցերիա): Եւ այս «պայքար» է: Ոչ թէ զէնքի ու զէնքով` այլ իրաւունքի եւ իրաւունքով: Եւ հայուն համար` վերատիրանալու իր «արժանապատուութեան»: Եւ այս պայքարին ու հակամարտող կողմերուն եւ կեցուածքներուն մէջ կան եւ պիտի ըլլան առանցքներու զարգացումներու վերիվայրումներ: Թեր ու դէմ այս պայքարին մէջ կան ու պիտի ըլլան «նուաճումներ» ու «տեղքայլեր»:

Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ անոր որոշումներուն հոլովոյթը պէտք է դիտել նաեւ այս պրիսմակէն: Եթէ կան այդ որոշումին մէջ յօդուածներ, որոնք «յաջողութիւն» էին հայուն, եւ տակաւին ոչ այդքան «նպաստաւոր» կարգ մը այլ տարբերակներ, բայց այս բոլորը պէտք է դիտել այս «պայքարին» համընդհանուր իրականութեան մէջէն: Եւ պէտք է պատրաստ ու զգաստ ըլլալ այդ բոլոր տարբերութիւններուն դիմաց: Ախորժելի թէ ոչ:

Թուրքը իր պետականութեամբ պիտի շարունակէ իր «մաշեցումի» ռազմավարութիւնը` մաշեցնելով հայուն «յուշե՞րը»: Ու անոր հետ հայուն իրաւունքնե՞րը: Ապրած ու իրաւունքով կերտած «յուշե՞րը»: Եւ հայը միւս կողմէ պիտի շարունակէ իր «արժանապատուութեան» պահանջատիրութիւնը:

Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա գործը մէկ օղակն է թրքական «մաշեցումի» ռազմավարութեան` ընդդէմ հայկական «արժանապատուութեան» պահանջատիրութեան:

Բայց հայուն համար կայ մէկ յստակ իրականութիւն:

Հայը վճռած է շարունակել իր պահանջատիրութիւնը: Կեանքին, միտքին եւ հողին:

Եթէ այսօր կը «յիշենք» նահատակները, որովհետեւ անոնք համոզուեցան, թէ հայուն արժանապատիւ կեանքով է, որ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ: Իսկ վերապրողները այդ «ցաւը» իրենց մէջ սեղմեցին` իբրեւ ապրող արժանապատուութիւն գալիք սերունդին: Եւ մենք` «գալիք» սերունդը եւ տակաւին «եկողները», այս արժանապատիւ կեանքը վերածած ենք պահանջատիրութեան:

Այս «արժանապատիւ» կեանքն է, որ պիտի ու պէտք է շարունակէ տոկալ «մաշեցումի» բոլոր ռազմավարութիւններուն դէմ:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail