Հայկական Անուշն ու Հիւթերը՝ Շիքակոյի Մէջ, Ամերիկայի Իլինոյս նահանգ
26 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայկական արտադրութեան պահածոները 10 օրէն աւելի է, որ վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյս նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»-ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, պատմած է Շիքակոյի մէջ «Պիզնես Արմէնիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ, Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի խորհրդական Պարոյր Սարգսեան, որ մեծապէս նպաստած է այդ աշխատանքի կազմակերպման:
«Բացի մշակութային կապերու հաստատումէն՝ հիւպատոսութեան եւ «Պիզնես Արմէնիա»-ի նպատակներէն մէկն է նաեւ տնտեսական կապերու խորացումը եւ հայկական ապրանքներու ներմուծումը Շիքակօ: Մենք բաւական հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունեցած ենք ԱՄՆ-ի Իլինոյս նահանգի մեծ ընկերութիւններու հետ: Եւ քանի մը խանութներու ցանց ունեցող «Ֆրեշ Ֆարմս» ընկերութեան հետ համաձայնեցանք, որ հայկական արտադրանքը ներկայացնենք»,- ըսած է Սարգսեան եւ նշած, որ հայկական արտադրանքը առաջին անգամ է կը ներմուծուի ու վաճառքի կը դրուի Իլինոյս նահանգին մէջ, ան ալ նման մեծ խանութի մէջ:
Ան նշած է, թէ Շիքակոյի մէջ որոշ չափով տեղեակ էին հայկական արտադրութեան, քանի որ Իլինոյս նահանգի այդ հատուածին վրայ կ՝ապրին նաեւ Արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ՝ լեհեր, պուլկարացիներ, որոնք ծանօթ են Հայաստանին, արտադրութեան: Վերլուծելով առաջին օրերուն վաճառքը՝ Սարգսեան նկատած է, որ տասնօրեայ շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ հետաքրքրութիւն կայ, կը գնեն՝ սակայն ոչ շատ մեծ քանակով: «Պահածոները գրեթէ վաճառուած են, անուշները կը վաճառուին աստիճանաբար՝ կապուած եղանակի հետ»,- նշած է ան:
Ամերիկեան մէկ նահանգի մէջ եւս հայկական արտադրութեան վաճառքի կազմակերպման հարցերուն աջակցած է նաեւ Շիքակոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանը:
Արտադրանքը սկիզբը կը տեղափոխեն Նիւ Եորք, ապա կը հասցնեն Շիքակօ: Հայկական ապրանքները աւելի վաղ ժամանակէն Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուած եղած են, սակայն Շիքակոյի մէջ առաջին անգամ են: Սարգսեան նշած է՝ «Պիզնես Արմէնիա»-ի հետ համագործակցութեամբ կը պատրաստուին ընդլայնել ներկայացուածութիւնը, հայկական արտադրանքը վաճառելու համար բանակցութիւններ կը տանուին նաեւ ամերիկեան միւս խոշոր ընկերութիւններուն հետ:
Աննա Գրիգորեան
yerakouyn.com/2019/07/26/հայկական-անուշն-ու-հիւթերը՝-շիքակոյի/