07 նոյեմբեր 2015
Սուրիոյ հայկական եւ ասորական 18 կազմակերպութիւններ (Ասորական ուղղափառ եկեղեցին, Ճազիրէի եւ Եփրատի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդարանը, Հայ առաքելական եկեղեցին, Գամիշլիի ասորական քաղտէական եկեղեցին, Ասորական արեւելեան եկեղեցին, Ասորական կաթոլիկ եկեղեցին եւն) համատեղ յայտարարութիւն մը տարածած են, որով իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն երկրի հիմնականօրէն քրտաբնակ հիւսիս-արեւելքի` Հասաքէ նահանգին մէջ, քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» (ԺՄԿ-PYD) եւ անոր ռազմական թեւին` «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն» (ԺՊՋ-YPG) գործողութիւններուն առնչութեամբ, կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
Յայտարարութեան մէջ ինքնավարութիւն յայտարարած քրտաբնակ շրջանի կառավարումը իրականացնող PYD-ին կը մեղադրեն մարդու իրաւունքներու խախտումներու, մասնաւոր գոյքեր բռնագրաւելու, բռնութեամբ զինուորագրելու, անարդար հարկեր սահմանելու, եկեղեցական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն միջամտելու մէջ:
«CNN Turk»-ը, յղում ընելով հայկական «Agos»-ին, կը գրէ, որ ըստ յայտարարութեան` վերջին շրջանին YPG-ն «փախստականներու լքեալ գոյքեր» անուանման տակ ասորի գաղթականներուն, որոնք ստիպուած եղած են տեղափոխուիլ երկրի աւելի անվտանգ տարածքներ, գոյքերու վերաբերեալ բռնագրաւման որոշումներ կը կայացնէ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/