Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Միտումնաւոր Եւ Սադրիչ Խախտումները Կը Հակասեն Իր Ստանձնած Պարտաւորութիւններուն
30 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
27-28 յուլիսին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ արձակազէններու ներգրաւումով իրականացուցած են սադրիչ գործողութիւններ, որոնց պատճառով սպաննուած է Հայաստանի զինուած ուժերու
զինուոր Արման Բուլղադարեանը եւ վիրաւորուած երկու զինուոր, կը յայտնեն արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի միտումնաւոր եւ սադրիչ խախտումները կը հակասեն զինադադարի պահպանման եւ ամրապնդման վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնք վերջին շրջանին արձանագրուած են նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով այս տարուան մարտ 29-ին տեղի ունեցած Վիեննայի վեհաժողովի ընթացքին: Անոնք կ՛անտեսեն նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու 20 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին հիմամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ընդունած յայտարարութիւնը, ուր կողմերուն կոչ ուղղուած էր խստօրէն պահպանելու զինադադարը յարգելու յանձնառութիւնը եւ ձեռնպահ մնալու շփման գիծին մէջ եւ պետական սահմանին արձակազէններու օգտագործումով սադրիչ գործողութիւններէ:
«Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային զոհերու յանգեցնող այս սադրանքները, որոնք կ՛ուղեկցուին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի պահպանման եւ ամրապնդման ուղղուած վստահութեան եւ անվտանգութեան միջոցառումներու իրականացման մերժումով: Այս գործողութիւնները կը ստեղծեն լարուածութեան աճի վտանգ, որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ազրպէյճանական կողմին վրայ», կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/447871