Փոմփէօ. «Իրան Մերժեց Թեհրան Այցելելու Առաջարկս»

Փոմփէօ. «Իրան Մերժեց Թեհրան Այցելելու Առաջարկս»

30 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թեհրան. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Կարելի Է, Սակայն Ուաշինկթըն Երկխօսութեան Չի Ձգտիր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Իրան չէ ընդունած Թեհրան այցելելու եւ «ուղղակիօրէն իրանցի ժողովուրդին հետ խօսելու» իր առաջարկը:

«Արդեօք Խամենէիի վարչակարգի իրականութիւնները այնքան մը վատ են, որ չի կրնար ինծի արտօնել նոյն բանը ընել (կ՛ակնարկէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Ուաշինկթըն այցելութեան եւ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին, «Ա.»): Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ անոր ժողովուրդը լսէ անհաւանական եւ խմբագրումի չենթարկուած ճշմարտութիւնը», հարց տուաւ ան:

Փոմփէօ վերջերս իր կատարած մէկ զրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, թէ մտադիր է Իրան այցելել` նշելով, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յաճախ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներ եւ «այդտեղ ազատօրէն խօսելու իրաւունքը կը վայելէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի նշեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւնը կարելի է, սակայն Ուաշինկթըն երկխօսութեան չի ձգտիր»:

«Թեհրան Ուաշինկթընին առաջարկեց պատժամիջոցներու ջնջումին դիմաց յաւելեալ արձանագրութիւնը 2023-ի փոխարէն այս տարի ստորագրել, սակայն այդ առաջարկը մերժուեցաւ», նշեց Մուսաւի:

«Ըստ Հիւլէական համաձայնութեան մեր ստանձնած յանձնառութիւններուն կրճատման երրորդ քայլը վճռական պիտի ըլլայ, եթէ դիւանագիտական ջանքերը ձախողին», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց. «Ծոցի, Հորմուզի անվտանգութեան ապահովման պատասխանատուն Իրանն է, եւ շրջանի անվտանգութեան պաշտպանութեան համար շրջանէն դուրս գտնուող ուժերէն դաշինք կազմելու կարիքը չկայ»:

«Շրջանի, Ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան երաշխաւորումը միայն շրջանային պետութիւններու գործակցութեան ճամբով է», աւելցուց Մուսաւի` զգուշացնելով. «Օտար պետութիւններու շրջանին մէջ միջամտութիւնը պիտի յանգեցնէ Ծոցի անվտանգութեան ու կայունութեան քայքայման»:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտնեց, որ «պէտք է ջնջել արգելանքը Թեհրանի կողմէ գրաւուած բրիտանական քարիւղատար նաւէն»` շեշտելով, որ քարիւղատար նաւերու փոխանակման մեքանիզմ մը պիտի չըլլայ:

«Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը պաշտպանելու եւրոպական դաշինք մը յառաջացնելու բրիտանական նախաձեռնութիւնը ամերիկեան զօրակցութիւն կը վայելէ», նշեց բրիտանական դիւանագիտութեան պետը:

aztagdaily.com/archives/447899

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail