Փարիզ Հետաքրքրուած Է Պաքուի Հետ Տնտեսական Եւ Զինուորական Արդիւնաբերութեան Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութեամբ

«Փարիզ Հետաքրքրուած Է Պաքուի Հետ Տնտեսական Եւ Զինուորական Արդիւնաբերութեան Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութեամբ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Տնտեսութեան Նախարարը

30 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերի` Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը:

«Ազրպէյճան Ֆրանսայի համար տնտեսական կարեւոր գործընկեր եղած է, եւ անոր մենք մշտապէս մեծ նշանակութիւն տուած ենք: Այժմ մենք ցանկութիւն ունինք տնտեսական եւ ելեւմտական համագործակցութեան նոր փուլի անցնիլ, որովհետեւ հետաքրքրուած ենք ուժանիւթի, վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեամբ», յայտարարած է Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարը:

aztagdaily.com/archives/447887

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail