Վանի Մէջ 2750 Տարուան Վաղեմութեան Գերեզմաններ Յայտնաբերուած են

Վանի Մէջ 2750 Տարուան Վաղեմութեան Գերեզմաններ Յայտնաբերուած են

Վանի Մէջ 2750 Տարուան Վաղեմութեան Գերեզմաններ Յայտնաբերուած են

2 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ – ԷՐԿԻՐ:

Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Վանի Չաւուշթեփէ բերդին մէջ (հայկական անուանումներով Սարդուրիխինիլի կամ Հայկաբերդ) կ՝իրականացուին հնագիտական պեղումներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ըստ պեղումներու աշխատանքը գլխաւորող թուրք փրոֆէսըր Ռաֆեթ Չաւուշօղլուի՝ 2750 տարուան վաղեմութիւն ունեցող գերեզմանները կը բացայայտեն թաղումը իրականացնելու չորս տարբեր ձեւ, որոնք կիրառուած են ուրարտական շրջանին։ Առաջինը՝ դիակիզումէն ետք մոխիրը կճուճի մէջ դնելով թաղելու ձեւն է, երկրորդը՝ դամբարաններն են, երրորդը՝ զարդանախշ սենեակի տեսք ունեցող գերեզմանները եւ չորորդը՝ ուղղակի հողի մէջ թաղելը։

«Ասիկա ի ցոյց կը դնէ բազմաստուած կրօնական համակարգ դաւանող հասարակութեան հանդուրժողական մթնոլորտի մէջ թաղումները իրականցնելու մշակոյթը»,- նշած է թուրք փրոֆէսըրը։

Բնականաբար, այս ամէնը կը ներկայացուի իբրեւ հայկական մշակոյթի հետ առնչութիւն չունեցող Ուրարտուի պատմամշակութային ժառանգութիւն։ Կը նշուի, որ Չաւուշթեփէ (Հայկաբերդ) բերդը կառուցուած է Ուրարտուի արքայ Սարդուրի 2-րդի օրով։

Յիշեցնենք, որ ըստ աւանդութեան՝ Հայկաբերդը այն վայրն է, ուր Բելի դէմ յաղթական ճակատամարտէն ետք՝ Հայկ նահապետը հիմնած է Հայք դաստակերտը, որուն անունով ալ շրջակայ տարածքը կոչուած է Հայոց Ձոր։ Աւելի ուշ Վանի հայկական թագաւորութեան արքայ Սարդուրի 2-րդը կառուցած է բերդը՝ անուանելով զայն Սարդուրիխինիլի։

yerakouyn.com/2019/08/02/վանի-մէջ-2750-տարուան-վաղեմութեան-գերեզմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail