«Թուրքիան Պարկեշտօրէն Չի Գործադրեր Ասթանայի Եւ Սոչիի Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Թուրքիան Պարկեշտօրէն Չի Գործադրեր Ասթանայի Եւ Սոչիի Համաձայնութիւնները» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

3 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նուրսուլթանի Մէջ Համաձայնութիւն` Սուրիոյ Սահմանադրութեան Բանաձեւման Յանձնախումբի Կազմին Շուրջ
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Նուրսուլթանի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով ժողովին, որուն առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էին նաեւ Լիբանանն ու Իրաքը, համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ սահմանադրութեան բանաձեւման յանձնախումբի կազմին շուրջ` նշելով. «Նուրսուլթանի մէջ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով մինչեւ տարեվերջ կարելի է գումարել բարձր մակարդակի մէկ կամ երկու ժողով»:

Նախարարութիւնը նշեց. «Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակից սուրիական ընդդիմութեան մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Իտլիպի մէջ զինադադարին, իսկ Ասթանայի բանակցութիւններու երաշխաւոր երկիրներու վեհաժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ սեպտեմբերին»:

Սուրիոյ պատուիրակութեան նախագահ Պաշշար Ժաաֆարի յայտնեց, որ ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը մինչեւ հիմա սուրիական կացութեան ներկայացման մէջ լաւագոյնն է:

Ան ժողովի աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց, որ հաղորդագրութեան գեղեցիկ գաղափարները գետնի վրայ վերածուին գործի, «մասնաւորաբար թրքական վարչակարգին կողմէ»:

«Դամասկոս չի տեսներ Անգարայի կողմէ պարկեշտ գործադրութիւն մը Իտլիպի շուրջ Ասթանայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններուն, որոնց հիմամբ ահաբեկչական խմբաւորումները պէտք է 20 քիլոմեթրով ետ քաշուին, ինչպէս նաեւ ծանր ու միջին տրամաչափի զէնքերը հեռացուին», յայտարարեց Սուրիոյ պատուիրակը:

Ժաաֆարի նշեց, որ թրքական բանակը կը շարունակէ բռնագրաւել Սուրիայէն տարածքներ` խախտելով Ասթանայի համաձայնութիւնները, որոնք Սուրիոյ միութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքներու անվտանգութեան նկատմամբ յանձնառութիւն կը նշեն:

Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկիչները կը շարունակեն Աֆրինի շրջանի հնութիւնները գողնալ եւ փոխադրել Թուրքիա:

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ հերքեց, թէ երկիրը Իտլիպի շուրջ նոր համաձայնութիւն կնքելու կը ձգտի Թուրքիոյ հետ, եւ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց գործադրելու առկայ համաձայնութեան հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

aztagdaily.com/archives/448576

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail