ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 7-ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԷԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 7-ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԷԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

3 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմինը (ատենապետ` Նշան Համամճեան, անդամներ` Վիգէն Չերչեան, Արթիւր Գունտաքճեան` ՀԵԸ, Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամ` Միսաք Նաճարեան, Փօլ Մուղալեան` ՀՄՄ, Ռաֆֆի Մունչօղլեան, Վահան Համամճեան` ՀՄԸՄ) այցելութիւններու շարք մը տուաւ, շեշտելով մարզական խաղերը բարձր մակարդակով կազմակերպելու հրամայականը:

Միացեալ Մարմինը այցելութիւնները սկսաւ Հայաստանի դեսպանատունէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Համահայկական Խաղերու Կեդրոնական Մարմինի փոխատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Նկատի ունենալով, որ Համահայկական խաղերուն մասնակցող 180 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը պիտի ներկայանայ լիբանանեան քաղաքներու անունով` Պէյրութ, Անթիլիաս եւ Պուրճ Համուտ, Միացեալ Մարմինը, Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամ Արամ Մալեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիին, ապա` Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Վերջին հանդիպումին` Ստեփան Տէր Պետրոսեանի ընկերակցութեամբ:

Մարմինը զեկուցեց Համահայկական խաղերու նախապատրաստութեան ընդհանուր աշխատանքներուն մասին, յայտնելով, որ Լիբանանի հայկական մարզական երեք միութիւնները միացեալ պատուիրակութեամբ պիտի ներկայացնեն Լիբանանը, Օգոստոս ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական խաղերուն:

Դեսպանը եւ քաղաքապետները բարձր գնահա տեցին տարուած աշխատանքը եւ խոստացան կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել Լիբանանի պատւիրակութեան:

araraddaily.com/Araradnew/DailyNews-հայկական-լուրեր-Lebanese-Political-News/6853/misc/29/Lebanese-Armenian-News/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail