09 նոյեմբեր 2015
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը շղարշ մըն է, որով մեծ եւ շրջանային պետութիւնները կը փորձեն ծածկել իրենց իսկական թիրախներն ու նպատակները:
Միջազգային լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան բանակը ուրբաթ, 6 նոյեմբերին Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ տեղակայած է 6 «Էֆ-15Սի Իկըլ» տիպի կործանիչներ, որոնց օդաչուները այլ կործանիչներու դէմ ճակատումներու մասնագէտներ են: Շթութկարթի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ կործանիչները Անգլիայէն Թուրքիա ուղարկուած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ այդ քայլը «թրքական գերիշխանութեան եւ շրջանի հաւաքական անվտանգութեան նկատմամբ մեր հաստատ աջակցութեան ցուցադրութիւն» մըն է: «Պիտի շարունակենք մեր թուրք գործընկերներուն հետ թրքական օդային տարածքի գերիշխանութեան աջակցութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու ու քանդելու մեր հասարակաց ջանքերուն վերաբերեալ սերտօրէն գործակցիլ», նշուած էր յայտարարութեան մէջ:
Բոլորին ալ յայտնի է, որ ՏԱՀԵՇ կործանիչներ չունի, ոչ իսկ ռմբաձիգներ, որպէսզի Թուրքիոյ օդային տարածքին գերիշխանութիւնը ոտնահարէ: Ամերիկեան կործանիչներուն միակ առաքելութիւնը Սուրիա – Թուրքիա օդային տարածքին մէջ գերակայութիւն ձեռք բերելու համար ռուսական օդուժին դէմ պայքարիլն է: Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ օդուժին յայտնուելով թրքական բանակը մատնուած էր նեղ կացութեան եւ փաստօրէն անկարող էր դէմ դնել ռուսական զինուորական օդանաւերուն կողմէ իր օդային տարածքի խախտումներուն: Եթէ Սուրիոյ մէջ ռուսական դերակատարութեան աճը, ամերիկեան տեսանկիւնէն դիտուած, Սուրիոյ մէջ Իրանի ունեցած մեծ դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ երեւոյթին Իսրայէլի համար ներկայացուցած վտանգը նուազեցնող ազդակ մըն է, սակայն միեւնոյն ժամանակ ոչ միայն ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ շրջանային այլ դաշնակիցներ կը վտանգէ, այլ նաեւ` Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի արդէն իսկ խաթարուած ազդեցութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ: Փենթակոնի ղեկավար Էշթըն Քարթըր այս կէտը յստակ դարձուց, երբ յայտարարեց, որ իր երկիրը ինքնագլուխ կամ դաշնակիցներու հետ համագործակցաբար որդեգրած է անմիջական ծրագիրներ` «ռուսական նախայարձակում» մը կանխարգիլելու համար:
Պէտք է նշել, որ «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքար» կոչուած շղարշի օգտագործման ռահվիրան Թուրքիան է: 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան կրած ձախողութենէն ետք Անգարա յայտարարեց, որ պիտի հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ն ու ՔԱԿ-ը, սակայն ընտրական հաշիւներէ մղուած կեդրոնացաւ միայն երկրորդին վրայ: Թուրքիա քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ կը ծրագրէ ձմրան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ մեծ գործողութիւններ կատարել, եւ այդ նպատակին համար շուտով Ուաշինկթընէն պիտի գնէ 70 միլիոն տոլարի «Խելացի ռումբեր»: Յստակ է, որ այդ ռումբերը Կորդուաց լեռներուն վրայ ՔԱԿ-ի թաքստոցները հարուածելու համար են, թէեւ տեսականօրէն կրնան նաեւ վտանգել Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական ուժերը:
Ինճիրլիքի մէջ ամերիկեան կործանիչներու տեղակայման ծրագիրներուն մասին լուրերու հրապարակումներէն ետք եւ նախքան ամերիկեան այդ քայլին իրականացումը, Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար զօր. Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիա ուղարկած է հակաօդային հրթիռային համակարգեր` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող իր ուժերը: Ըստ անոր, այդ համակարգերը պիտի օգտագործուին «ծայրայեղ անհրաժեշտութեան» պարագային, ինչպէս` Սուրիոյ կառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ գտնուող օդակայաններէ օդանաւերու առեւանգման փորձերու կամ օդային հարուածներու պարագային: Այստեղ եւս կարելի է տեսնել վերոնշեալ շղարշին տողատակի օգտագործումը: Ճշմարտութիւնը յայտարարութեան առաջին բաժինն էր. այդ համակարգերը պաշտպանելու համար են ռուսական ռմբաձիգները կամ կործանիչները, զանոնք իրապէս վտանգելու կարողութիւնը ունեցող միակ կողմէն` ամերիկեան օդուժէն:
Այսպիսով, Ուաշինկթըն ռուս-թրքական «պատերազմ»-ին կը միջամտէ «Սան Սթեֆանոյի դաշնագիր» մը կանխարգիլելու եւ զայն շրջանցելով ուղղակի դէպի «Պերլինի դաշնագիր» ուղղուելու նպատակով, իսկ «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքար»-ի ակնարկը ընդամէնը գերթափանցիկ շղարշ մըն է:
http://www.aztagdaily.com/