Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական մամուլը մասնաւորապէս իմ կեանքիս, իմ հոգեկան աշխարհիս անբաժանելի մասը եղած են ու պիտի մնան:
Ես երբեք ինքզինքս այս կուսակցութենէն անջատուած չեմ կրնար զգալ, կամ տեսնել: Յոյս ունիմ, որ օր մը, այս թիւրիմացութիւնը պիտի սրբագրուի եւ ես կրկնակի ուրախութեամբ, առանց ետ նայելու, պիտի կարենամ վերադառնալ ընտանիքիս գիրկը: «Ասպարէզ»ին ալ կը մաղթեմ յարատեւ վերելք: Վարձքը կատար բոլոր անցեալի խմբագիրներուն:
Apo Boghigian