«Ասպարէզ»ի Երկարամեայ Խմբագիր Աբօ Պողիկեան Կը Հեռանայ Պաշտօնէն
2 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ ներկայիս թերթին տնտեսական հարցերու տնօրէնն է, 1 Սեպտեմբերին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, Հայաստան հաստատուելու նպատակով։
Անոր՝ «Ասպարէզ»ի մէջ պաշտօնավարութիւնը տասնամեակներու վրայ կ՛երկարի։ 1985ին ան դարձաւ թերթին հայերէն բաժինի խմբագիրը, զգալիօրէն ընդարձակելով թերթին լրատուական ծաւալը եւ ընթերցողներու թիւը։ 1990ին ան հաստատուեցաւ Հայաստան, ուր հիմը դրաւ ՀՅԴի մամլոյ եւ տեղեկատուական կեդրոնին, որուն նպատակն էր ամէնօրեայ լուրեր հաղորդել նորանկախ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարի ճակատներէն։ Կեդրոնը նաեւ ստանձնած էր Հասատանէն եւ Արցախէն լրատուութիւն կատարելու համար ժամանող օտար լրագրողներուն թարգմանական, փոխադրութեան եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելու պարտականութիւնը։
Պողիկեան նաեւ դարձաւ Հայաստանի ՀՅԴի պաշտօնաթերթին՝ «Երկիր»ին հիմնադիր խմբագիրը։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Երկիր Մեդիա» պատկերսփիւռի կայանի վարչութեան։
Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով, Պողիկեան 2008ին վերստանձնեց «Ասպարէզ»ի խմբագիրի պաշտօնը։
Անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին սկսան լոյս տեսնելու թերթին Հինգշաբթի օրուան գունաւոր եւ ընդարձակուած թիւերը, որոնք ձրիաբար կը բաժնուին Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ Լա Քրեսենթայի համայնքներուն մէջ։ Նոյն ժամանակ, թերթը վերածուեցաւ հայ համայնքը եւ հայրենիքը յուզող կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ տարբեր կարծիքներու արտայայտման բեմի, ի մի բերելով համայնքի մտաւորականները, գրողները եւ գործիչները։
Պողիկեանի առաջնորդութեամբ, յատկանշական ոստում արձանագրեց նաեւ թերթին համացանցային կայքին հայերէն բաժինը, թերթը հասանելի դարձնելով աշխարհի տարածքին։ Նաեւ, օրաթերթին կարեւորագոյն լուրերուն թուայնացած տարբերակը սկսաւ հայերէնով առաքուելու ընթերցողներուն։
«Մեծապէս երախտապարտ ենք Աբոյին կողմէ «Ասպարէզ»ին ցուցաբերած անսասան նուիրումին, որուն արդիւնքը տեսանելի է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ ամոբղջ աշխարհին հասնող այս թերթին ապրած բարգաւաճման մէջ», կը յայտնէ թերթին գործունէութիւնը տնօրինող Հայկական լրատուական ցանցի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան՝ աւելցնելով. «Յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ ծրագիրներուն մէջ, վստահ ըլլալով, որ ան պիտի շարունակէ հայութեան արդար իղձերուն եւ Հայկական Հարցի պաշտպան մնալ, ուր որ երթայ եւ ինչ նախաձեռնութեան ալ դիմէ»։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն եւս իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Աբօ Պողիկեանին, իր մեկնումի սեմին։
«Երախտապարտ ենք Աբոյին, որ յատուկ ջանք թափեց «Ասպարէզ» օրաթերթը վերածելու իւրայատուկ հարթակի մը, որ համայնքը համախմբեց Դաշնակցութեան տեսլականին եւ նպատակներուն շուրջ, որոնց վերջնական թիրախը կը մնայ սպասարկել հայ ժողովուրդին», կը յայտնէ ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետ՝ տոքթ. Քարմէն Օհանեան՝ աւելցնելով. «Աբոյին յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ նախաձեռնութեանց մէջ եւ վստահ ենք, որ օրաթերթը պիտի շարունակէ ընդարձակուիլ եւ բարգաւաճիլ շնորհիւ իր տեսլականին եւ նուիրումին»։
«Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը, վարչութիւնը եւ անձնակազմը Պողիկեանին լաւագոյնը կը մաղթեն իր ասպարէզի յաջորդ հանգրուանին ընթացքին։
asbarez.com/arm/351892/Ասպարէզի-Երկարամեայ-Խմբագիր-Աբօ-Պո/