Կեանքի Քաղաք Երեւան. Իսրայէլեան Հեռուստաալիքը Հայաստանի Մասին Տեսանիւթ Հրապարակած է

Կեանքի Քաղաք Երեւան. Իսրայէլեան Հեռուստաալիքը Հայաստանի Մասին Տեսանիւթ Հրապարակած է

5 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Իսրայէլի «Ռեշետ 13» հեռուստաալիքը Հայաստանի մասին հրապարակած է եբրայերէն տեսանիւթ մը։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ տեսանիւթը կը սկսի Գառնի այցելութեամբ, ուր կը ներկայացուի հեթանոսական տաճարի պատմութիւնը: Շրջայցը կ՝ուղեկցուի տաճարին մէջ հնչող տուտուկի ելեւէջներով: Կատարումով հիացած հաղորդավարուհին կ՝օգտագործէ տուտուկ նուագել փորձելու հնարաւորութիւնը:

Տեսանիւթին խումբը կ՝այցելէ նաեւ «Վերնիսաժ», ուր առանձին կ՝անդրադառնայ մուտքին մօտ գտնուող ցայտաղբիւրին: Երաժշտական գործիքներուն վերաբերեալ նիւթը կը շարունակուի նաեւ «Վերնիսաժ»-ի մէջ՝ կեդրոնանալով ձեռագործ աշխատանքներու, յատկապէս գորգերու վրայ:

Հայկական բերք ու բարիքին, համեղ ուտեստներուն հաղորդավարուհին կը ծանօթանայ երեւանեան շուկաներէն մէկուն մէջ համտեսելով աւանդական լաւաշը, պանիրներու տեսականին, միրգն ու բանջարեղէնը:

Յաջորդ կանգառը երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու սիրելի վայրերէն է՝ Քասքատը, որ մանրամասն կը ներկայացուի տեսանիւթին մէջ: Նկարահանող խումբին անդամները, այս անգամ, իրենց ունակութիւնները կը փորձեն պարի ասպարէզին մէջ: Անոնց կը միանայ հայկական աւանդական պարը ներկայացնող պարախումբը եւ Քասքատի տարածքին կ՝ապահովէ հաճելի միջավայր:

Տեսանիւթը կ՝աւարտի երեկոյեան զբօսանքով՝ Հիւսիսային պողոտայ եւ Հանրապետութեան հրապարակ:

Հաղորդավարուհիին կ՝ուղեկցի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեան:

The Israeli Reshet 13 TV aired a program about Armenia

🇮🇱 🇦🇲The Israeli Reshet 13 TV aired a program briefly presenting Armenia’s history and culture in Hebrew. Իսրայելի "Ռեշետ 13" հեռուստաալիքի պատրաստած եբրայերեն տեսանյութը Հայաստանի մասին։

Posted by Made in Armenia on Saturday, August 3, 2019

yerakouyn.com/2019/08/05/կեանքի-քաղաք-երեւան-իսրայէլեան-հեռու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail