5 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Վերջին մի քանի տարիներուն Արարատ բարձրացողներուն թիւը շատցած է, իրականութիւն է կամ ոչ չեմ գիտեր, սակայն կ’ըսուի, որ Արարատ բարձրանալը բոլորին տրուած չէ. Արարատ կրնան բարձրանալ անոնք, որոնց Արարատը կ’ընդունի։ Կան նոյնիսկ արհեստավարժ լեռնագնացներ, որոնք չեն կրցած մինչեւ վերջ բարձրանալ։
Օրեր առաջ Արարատ Բարձրացան նաեւ ընկերներս, ամուսիններ` Միլակրոս եւ Հրայր Քէօրօղլեանները, Թալին եւ Ստեփան Չիլոյեանները։
Միլակրոսն ու Հրայրը սուրիահայեր են, որոնք երկար տարիներ առաջ Ֆրանսա տեղափոխուեցան, ուր ունեցան երեք որդի (Սիփան, Սեւակ եւ Սոլակ)։ Տարիներ առաջ անոնց երկու որդիները նոյնպէս Արարատ բարձրացան։ Քէօրօղլեան զոյգը երեք տասնամեակէ աւելի Ֆրանսա ապրելէ ետք տեղափոխուեցաւ Հայաստան ու հաստատուեցան Արագածոտն մարզի Մուղնի գիւղ, իսկ երկու մեծ որդիները Ֆրանսա կը մնան իրենց ուսումը շարունակելու համար։
Աւելորդ է ըսել, թէ հայրենասիրական ինչ մղում պիտի ունենայ մէկը, որ աւելի քան 30 տարի Ֆրանսայի մէջ ապրելէ ետք, որոշէ Հայաստանի Մուղնի գիւղ տեղափոխուիլ ՝ հեռու մնալով իր զաւակներէն, հրաժարելով այնտեղի ունեցած լաւ աշխատանքէն եւ Հայաստանի մէջ անգործ մնալու գնով։
Ամուսինները Արարատ բարձրացան եւ գագաթ հասան Յուլիս 27-ին։ Հրայրին դէմքը ցրտահարուելէն ուռած էր, սակայն իրեն համար շատ աննշան բան էր ատիկա՝ Արարատ հասնելու նպատակը իրականացնելուն դիմաց։ Ան իր հզօր կամքին շնորհիւ գագաթ հասած ու բացագանչած է,- «Նպատակիս հասա~յ»։
Միլակրոսը գագաթ հասած է հեշտութեամբ, որովհետեւ յաճախ կարելի է զինք տեսնել Հայաստանի լեռներու այս կամ այն գագաթին։ Կան գագաթներ, ուր աւելի դժուար բարձրացած է քան Արարարատը։ Ան իր վերելքը նուիրեց Լիզպոնի տղոց եւ հայ զինուրին,- «Այսօր, Յուլիս 27-2019, հասանք Արարատի գագաթ, այս վերելքը, այս փոքրիկ յաղթանակը կ’ուզեմ ձօնել հայ յեղափոխական բանակի Լիզպոնի տղոց, որոնք 1983-ին իրենց կեանքը նուիրաբերեցին զոհաբերութեան բագինին, որպէսզի հայ ժողովուրդի ձայնը լսելի ըլլայ, որպէսզի հայ ժողովուրդի իրաւունքները տրուին եւ որպէսզի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը օր մը իրականանայ։ Անոնք իրենց կամքով, իրենց սերնդակիցներուն եւ իրենց յաջորդող սերունդներուն մէջ սերմանեցին՝ կամքով յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ հասնելու մեր նպատակին։ Սարգիսին, Արային, Սեդրակին, Սիմոնին, եւ Վաչէին, անոնց յիշատակը միշտ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն ու մտքերուն մէջ է ։ Կ’ուզեմ այս յաղթանակը ձօնել նաեւ հայ զինուորին, որ խրամատին մէջ եւ սահմանին վրայ անառիկ կը պահէ մեր սահմանները, փառք ու պատիւ մեր զինուորին»,- Արարատ բարձունքին ըսաւ Միլակրոսը։
Թալին եւ Ստեփան Չիլոյեանները աւելի քան 25 տարի է Սուրիայէն տեղափոխուած են Ամերիկա, սակայն ամէնուր կ’ապրին Հայաստանով, անոնց զաւակներուն անուններն են Արազ եւ Սիփան, իսկ այդ անունները ձեւականօրէն չեն դրուած։
Երբ Թալինը ինքնաբուխ՝ առանց հարցնելուս կը պատմէր, թէ ինչ զգացումներ ունեցաւ, երբ Արարատ կը բարձրանար, աչքերը այնքան խօսուն էին,- «Հպարտութիւն, ուժ, զօրութիւն եւ միաժամանակ զայրոյթով լեցուած էի, կ’ուզէի այդ վայրկեանին վրէժ լուծել ինծի պատահած թուրքէ մը… Վանայ լիճը իր անկրկնելի հմայքով մերը չէր…»։
Ինչո՞ւ ուզեցիր լեռ բարձրանալ հարցը տարօրինակ էր Թալինին համար. «Մանկութենէս կ’ըսեմ պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ… եւ հասայ»,- ըսաւ ան։
Հետաքրքրական է, որ լեռնագնացներու այս խումբը մեծ ոգեւորութեամբ Վարդավառի տօնը նշած է Արարատի լանջին։
Թալինը խոստովանեցաւ, որ վերջին 50 մեթրին դժուարացաւ բարձրանալ, որովհետեւ լաւ չէր քնացած եւ ուժերը սպառած էին, սակայն խումբին ուղեկցող քիւրտը ուժ տուած է իրեն եւ նոյիսկ առաջարկած ուսերուն դնելով գագաթ հասցնել, այդ առաջարկէն յուզուած ու ոգեւորուած Թալինը նոր թափով հասած է Արարատի կատարին ու ամուսինին հետ նախ պարզած են ԵՌԱԳՈՅՆ դրօշակը, ապա ինք պարզած է Գամիշլիի անունը, ուր ծնած ու հասակ առած է ան, իսկ ամուսինը Պոսթոնի անունը, ուր կազմած են իրենց ընտանիքը եւ կապրին առ այսօր։
Հպարտ եմ Արարատ բարձրացած ընկերներովս։
Նայիրի Մկրտիչեան՝
ԵՌԱԳՈՅՆ
yerakouyn.com/2019/08/05/արարատ-բարձրացած-ընկերներս/