Համահայկական Ամառնային «7-րդ Խաղերու Հանդիսաւոր Բացում` Արցախի Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մէջ
7 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:
Երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առին 20 տարուան պատմութիւն ունեցող համահայկական 7-րդ խաղերը:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան սկիզբը, թատերական ձեւով ներկայացուեցան հայոց պատմութեան ամէնէն վառ էջերը:
Ապա, պատուոյ շքախումբին ընկերակցութեամբ մարզադաշտ բերուեցան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն պետական դրօշակները, որմէ ետք սկսաւ պատուիրակութիւններուն շքերթը, որուն մասնակցեցան աշխարհի տարբեր քաղաքներու հազարաւոր մարզիկներ:
Համահայկական 7-րդ խաղերուն ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը ունի Երեւանի խումբը` 373 մարզիկ:
Նշենք, որ Տուպայի եւ Պաղտատի խումբերը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին այս խաղերուն:
Այնուհետեւ բերուեցաւ Համահայկական խաղերուն դրօշակը, որմէ ետք խաղերուն կրակը վառեցին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ շեշտեց, թէ խաղերը հիմք կը ծառայեն համահայկական մտածողութեան:
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ.
«Այստեղ բոլորդ ձեր տան մէջ էք, ձեր պապենական օճախին մէջ: Համահայկական խաղերուն այս օրերը անմոռանալի հետք պիտի ձգեն, մեզ մօտ: Այս խաղերուն պիտի յաղթէ մեր ժողովուրդը»:
Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Համահայկական խաղերուն մասնակցողներուն մաղթեց արդար մրցակցութիւն` շեշտելով, որ մենք կը դառնանք անպարտելի, երբ միասնական կ՛ըլլանք: Ապա ան բացուած յայտարարեց խաղերը:
Այս խաղերը պիտի տեւեն մինչեւ 17 օգոստոս, երբ փակման հանդիսութիւնը տեղի ունենայ Երեւանի մէջ:
Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան հինգ հազար մարզիկներ` աշխարհի 145 քաղաքներէն:
Մարզիկները պիտի մրցին, 17 տեսակի մարզաձեւերու մէջ, իսկ մրցումներուն պիտի հսկեն 406 իրաւարարներ` Հայաստանէն` Արցախէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ Ղազախստանէն:
aztagdaily.com/archives/449072