Ակնարկ. Իտլիպն Ու Արեւելեան Եփրատը` Պարանաձգութեան Երկու Կողմերը
7 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զինուորական ներխուժման մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելով` Անգարան կ՛ուզէ համոզում ստեղծել, որ Եփրատէն արեւելք գտնուող հատուածին մէջ վճռած է ստեղծել անվտանգութեան գօտի: Խօսքը բնականաբար Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ թրքական բացարձակ վերահսկողութիւն հաստատելու մասին է, ինչ որ կ՛ենթադրէ այդտեղի քրտական զինեալ ուժերու հեռացումը:
Անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործնական աշխատանքները կը ձգձգուին. պարզ է տրամաբանութիւնը. Եփրատէն դէպի Արեւելք հատուածին վերահսկող քրտական զինեալ ուժերուն կ՛աջակցին ամերիկեան զօրքերը: Եւ ահա այստեղ է երեւութապէս ամերիկեան եւ թրքական շահերու բախման հիմնական կէտը:
Ուաշինկթըն ուղղակի չի յայտարարեր, որ դէմ է Թուրքիոյ առաջադրած գօտիի ստեղծման: Այդ ծրագիրը կը քննարկուի Անգարա-Ուաշինկթըն ռազմաքաղաքական մակարդակով: Ըստ էութեան, սակայն, այդ գօտիի սահմանագծման եւ ծրագիրի իրականացման առումով ամերիկեան կանաչ լոյս առ այս պահը չէ վառած, եւ կը թուի, թէ անոր երեւումը եւս շատ մօտ ժամանակներուն չէ:
Աւելի՛ն. Ուաշինկթըն կը զգուշացնէ Թուրքիան չդիմելու նման քայլի: Այսինքն, պարզ խօսքով, առանց իրմէ թոյլտուութիւն ստանալու սուրիական սահմանը չհատելու: Թէեւ ներխուժման կարճաժամկէտ գործողութիւններ իրականացուցած էր Անգարան. օսմանականութեան նախահօր գերեզմանէն աճիւններու ապահով վայր տեղափոխման համար կայծակնային գործողութիւն եւ նահանջ կատարած էր: Անշուշտ պայմանները այդ օրերուն յար եւ նման չէին այսօրուանին հետ բաղդատած, մանաւանդ ռուս-թրքական մերձեցման ճիշդ հակառակ ուղղութիւնը նկատի ունենալով:
Հիմա, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յստակօրէն կը յայտարարէ, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ նման միակողմանի ռազմական գործողութիւնները լուրջ մտահոգութեան տեղի կու տան, մանաւանդ երբ մօտակայքին կը գտնուին ամերիկացի զինուորներ: Աւելցնելով, որ նման գործողութիւն Ուաշինկթընը կը նկատէ անընդունելի եւ կրկին կոչ կ՛ընէ համատեղ մօտեցումներ որդեգրելու նման ծրագիրներու առումով:
Առերեւոյթ անհամաձայնութիւնը Ուաշինկթընի հետ է անվտանգութեան գօտի ստեղծելու: Տեսականօրէն մերձեցման մէջ եղող, այնուամենայնիւ հանգիստ ընկալելու պատճառներ չունի նաեւ Մոսկուան, որ իր վերապահութիւնն ու անհամաձայնութիւնը այս պարագային անուղղակի կը յայտնէ: Ներխուժելու յոխորտանքներուն առընթեր սուրիական բանակը պարզ դարձուց, որ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ կը վերսկսի զինուորական գործողութիւններուն: Կառավարական ուժերու պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ամբաստանեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումները զինադադարը չյարգելու եւ ահաբեկչական վտանգը վերստին տարածելու յանցանքով:
Պարանաձգութեան դասական խաղ է, որ տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով: Երբ Անգարան պատնէշի առջեւ կը կանգնի անվտանգութեան գօտիի ստեղծման իր ծրագիրը իրականացնելու ընթացքին, կը շարժէ Իտլիպի ահաբեկիչները, որոնց կը պատասխանէ սուրիական բանակը: Իսկ սուրիական բանակին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկելը անպայման կ՛ենթադրէ համաձայնեցում` ռուսական հրամանատարութեան հետ:
Այս բոլոր փաստերը նկատի ունենալով կ՛ընգծուի այն, որ Անգարան իր առաջադրած անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հիմնական դժուարութիւն ունի ո՛չ միայն Ուաշինկթընէն, այլ նաեւ իր այսօրուան ռազմավարական դաշնակիցէն: Թուրքիոյ յաւակնոտ ծրագիրները իրականացնելու արգելքներ կան թէ՛ Ուաշինկթընէն եւ թէ՛ Մոսկուայէն:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/449022