Թանգարան Կառուցելով Մեր Դատը Չենք Շահիր. Արա Սարաֆեան

27 հոկտեմբեր 2015

«Էրտողանի իշխանութեան օրերուն մենք յաջողեցանք կարեւոր գործունէութիւն ծաւալել Թուրքիոյ մէջ» «Արեւելք»ին ըսաւ Արա Սարաֆեան: Պատմաբան Սարաֆեան, որ նախագահն է Լոնտոնի մէջ հիմնադրուած «Կոմիտաս» հիմնարկին, նաեւ յայտնեց, թէ հակառակ Թուրքիոյ մէջ տիրող բարդ իրավիճակին իրենք, որպէս հիմնարկ յաջողած են կարեւոր աշխատանքներ իրագործել եւ այդ գործերուն հիմնականը հրատարակչական աշխատանքն է: Ան նաեւ ըսաւ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը բաւական վտանգաւոր է, եւ կարելի չէ առաջուան նման ազատօրէն գործել:

Սարաֆեան քննդատելով հայկական որոշ շրջանակներուն մէջ տիրող կարծարտիպերը ըսաւ, թէ « Ծայրահեղ հայեր իրենք զիրենք կ’արդարացնեն, որ թուրքին հետ կարելի չէ գործակցիլ եւ այս մօտեցումը վնասակար է, մանաւանդ նկատի առնելով Հայաստանի ներկայ դիրքը, որովհետեւ թուրքերը եթէ «կատղին», անոնց առաջին զոհերը հայերը կրնան ըլլալ: Անոնք կրնան Ազրպէյճանին յաւելեալ ուժ տալ, կամ այլ մեթոտներով Հայաստանը նեղ կացութեան մէջ դնել:Ուրեմն իրատես ըլլանք, գիտնանք մեր հաշիւները եւ հասկնանք, թէ ինչ են մեր շահերը»: Սարաֆեան նաեւ ըսաւ, թէ ինք մեծ վերապահութիւններ ունի Հայաստանի վարած քաղաքականութիւններուն վերաբերեալ նկատել տալով, որ « Հայաստանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքական դիրքորոշումները սխալ կը տեսնեմ եւ չեմ գիտեր թէ Հայաստանի որոշումները, որուն կը պատկանին, արդեօք այդ որոշումները Երեւանի՞ մէջ կ’առնուին թէ Մոսկուայի: Հայաստանի շահերը Հայաստանի շահերն են եւ այդ որոշումը հայերը չեն առներ, վերջին ամիսներուն ընթացքին հայերն են, որոնք կամուրջները այրեցին, երբ Փետրուար ամսուան ընթացքին համահայկական հռչակագիրը տարածուեցաւ, կուսակցութիւններ, բարեգործական, համայնքներ, եկեղեցիներ բոլորը ստորագրեցին, սակայն ոչ եկեղեցիներուն յարմար էր եւ ոչ ալ բարեգործականին»:

Սարաֆեանի կարծիքով հայմահայկական հռչակագիրը մեծապէս վնասակար է եւ «Հին սովետական ձեւով հրապարակուեցաւ այս հռչակագիրը, գաղութներ նոյնիսկ լուր չունէին անոր բովանդակութիւնէն», աւելցնելով, որ «Բարեբախտաբար արձագանգ չեղաւ թրքական կողմէն: Նոյնիսկ եթէ կը հաւատաս այս ամէնուն ամբողջ ժողովուրդի անունով պաշտօնապէս չես հռչակեր, դիմացինին չես ըսեր որ ինչ է քու նպատակդ եւ դուն արդեօք պատրաստ ե՞ս այդ նպատակները իրագործելու»:

Անդրադառնալով Փերենչիքի հարցին եւ այդ դատի մէջ հայութեան հասցուած վնասին Սարաֆեան ըսաւ « Մենք կորսնցուցինք Փէրինչիքի դատը, որովհետեւ պատրաստ չէինք: «Փերինչէքի հարցին, կարծես ճիշդ պատասխանը տրուեցաւ: Դատավարութեան ընթացքին երբ Փերինչէքը շահեցաւ իր դիրքը, ՄԻԵԴ-ը կարծիք յայտնեց, որ ցեղասպանութիւնը հերքելը սխալ է բայց Փերինչէքը կարծիք յայտնելու իրաւունք ունի, այս առումով պէտք է հասկնալ մտքի եւ արտայայտուելու ազատութեան հիմնադրոյթը»: Սարաֆեանի կարծիքով հայկական կողմը Փերինչէքի հարցով խաղի մը մէջ ինկաւ.«Մենք պէտք չէր այդ խաղին մէջ իյնանք Ցեղասպանութեան հերքումը օրէնք ընեելով մանաւանդ, որ մեր մտաւորականութիւնը այդ հարցին վերաբերեալ իր ամբողջական գործը ցարդ չէ ըրած: Հրեաները իրենց յուշարձանները կանգնեցնելէ առաջ գրադարանային հսկայ գործ ըրին: Վերջերս Հայաստան հրատարակուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում» հատորը տեսայ, շատ լաւ գիրք է, սակայն այս գիրքը պէտք է քսան տարի առաջ հրատարակուած ըլլար…:

Եթէ կ’ուզենք շարունակել մեր պայքարը, պէտք է այդ մէկը ըլլայ գիտական լուրջ հիմքերով: Թէեւ մենք հրեաներու դրամագլուխը չունինք, բայց կրնանք մեր տէսակէտը ամրապնդել: Թանգարաններ կը բանանք , յուշարձաններ կը կառուցենք, սակայն իրար լսելու, առողջ մտքի փոխանակում ընելու քաջութիւնը չունինք»:

Սարաֆեան նաեւ շեշտեց, թէ ինք քաղաքականութեամբ չի զբաղիր եւ ըսաւ, «Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց քանի իմ գործս քաղաքականութեան հետ կապուած է, տեսակէտ ունիմ ըսելու եւ վստահ եմ, որ մեր ունեցած ատելութիւնը Թուրքին հանդէպ սխալ է ու մեր մօտեցումները առարկայական չեն այլ ինչ, որ կ’ընենք, կ’ընենք կուրօրէն: 75 միլիոն բնակիչ ունեցող Թուրքիոյ դէմ հազիւ 2 միլիոն բնակիչ ունեցող Հայաստան: Ազրպէյճանի հետ հարց ունեցող երկիր եւ բազում ոլորտներու մէջ բարդ իրադրութեան առաջ կանգնած երկիր մը, պէտք է պէտք է աւելի խոհեմ գտնուի: Մտաւորականութեան պարտականութիւնն է այս զգուշացումը: Հայը վերջին հաշուով ապուշ եւ պարտուած ժողովուրդ մը չէ, կը զարմանաս թէ ինչպէս այս դիրքի հասած ենք,որովհետեւ իմ կարծիքով պէտք եղած չափով արթուն չենք»:

http://www.arevelk.am/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail