Դամասկոս Կը Մերժէ Անվտանգութեան Գօտիի Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը

Դամասկոս Կը Մերժէ Անվտանգութեան Գօտիի Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը

9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կտրուկ ու բացարձակ կերպով կը մերժէ ամերիկեան եւ թրքական «բռնագրաւող կողմերուն այսպէս կոչուած անվտանգութեան գօտիի» շուրջ համաձայնութիւնը, որ բացայայտ ոտնահարում մըն է Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան:

Նախարարութիւնը նշեց, որ գոյացած համաձայնութիւնը շատ յստակօրէն բացայայտեց Սուրիոյ դէմ նախայարձակումին մէջ թուրք-ամերիկեան գործընկերութիւնը, թրքական ծաւալապաշտական փառամոլութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական վարչակարգին քաղաքականութեան մէջ տիրական եղող ապակողմնորոշումն ու խարդախութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրը յայտնեց, որ քիւրտ քաղաքացիներէ կազմուած կարգ մը կողմեր, որոնք այդ թշնամական ծրագիրին գործիքի եւ պատրուակի վերածուած են, այս կացութեան մէջ պատմական պատասխանատուութիւն կը կրեն, ուստի ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հաշիւները եւ վերադառնան ազգային միջավայր ու կանգնին բոլոր սուրիացիներուն եւ սուրիական բանակին կողքին` պաշտպանելու համար Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, հողերուն անվտանգութիւնն ու ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

Աղբիւրը նշեց, որ Սուրիան արաբական հասարակութիւնը կը զգուշացնէ թրքական «իսլամ եղբայրական» վարչակարգի ծաւալապաշտութենէն, որ արաբական աշխարհի տարբեր շրջաններու` Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Սուտանի մէջ սպանութիւն ու քաոս կը տարածէ եւ ոչ մէկը պիտի խնայէ յագեցնելու համար անդարձ կորսուած Օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու իր պատրանքներուն գոհացման համար:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին ու ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` դատապարտելու թուրք-ամերիկեան յարձակողականութիւնը, որ վտանգաւոր մագլցում մըն է եւ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան սպառնալիք մը, որ կը տապալէ սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու բոլոր ջանքերը:

www.aztagdaily.com/archives/449423

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail