Ուաշինկթըն Ընդառաջած Է Հիւսիսային Սուրիոյ Նկատմամբ Անգարայի Մտավախութիւններուն
9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Շոն Ռոպըրթսըն յայտարարեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ վերաբերեալ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին Անգարայի մտավախութիւններուն ընդառաջելու նկատմամբ»:
«Ուաշինկթըն մտադիր է Թուրքիոյ մէջ թուրք-ամերիկեան գործողութիւններու միացեալ կեդրոն ստեղծել», ըսաւ ան` նշելով. «Անգարայի մէջ այս շաբաթ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած զինուորական բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ Սուրիոյ հիւսիս- արեւելքին մէջ ՕԹԱՆ-ի մեր դաշնակիցին` Թուրքիոյ օրինական մտավախութիւններուն ընդառաջող երկարատեւ ապահովական մեքանիզմի հաստատման առումով»:
«Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Թուրքիոյ մէջ թուրք-ամերիկեան միացեալ գործողութիւններու կեդրոն մը ստեղծել` շարունակելու համար ծրագրումն ու գործադրումը», ըսաւ Ռոպըրթսըն` նշելով. «Սուրիոյ մէջ Փենթակոնի նպատակը կը շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ը վերջնականապէս քանդելը մնալ»:
«Անվտանգութեան մեքանիզմը պիտի գործադրուի փուլ առ փուլ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն պատրաստ է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու շարունակման կողքին փուլային հիմամբ արագ քայլեր գործադրելու»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Պիտի չարտօնենք, որ Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիին վերաբերեալ համաձայնութիւնը վերածուի Մընպեժի ճամբու քարտէսի»:
Նշենք, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյացած այդ ճամբու քարտէսին համաձայնութիւնը չէ գործադրուած:
Միւս կողմէ, քիւրտ քաղաքական մեծ պաշտօնատար մը գոհունակութիւն յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան գործողութիւններու միացեալ կեդրոնի մը հաստատման նկատմամբ, սակայն աւելցուց, որ ատոր մանրամասնութիւնները կը շարունակեն մնալ անորոշ:
Ան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այս համաձայնութիւնը կրնայ նոր ոճի մը սկիզբը ըլլալ, սակայն կարիքը ունինք մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու»: «Հարցին շուրջ մեր գնահատականը պիտի տանք տուեալներուն ու մանրամասնութիւններուն հիմամբ եւ ոչ թէ խորագիրին», ըսաւ քիւրտ պաշտօնատարը:
Մինչ այդ, թրքական «Տիքեն» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք, Թուրքիան զինամթերքով բեռնաւորուած զինուորական մեքենաներ ուղարկած է Սուրիոյ սահմանակից շրջաններ:
Ըստ տեղեկութիւններու, զրահամեքենաները, որոնք ուղարկուած են Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներուն մէջ գտնուող զինուորական միաւորներէն, մեկնած են դէպի Ուրֆայի` Սուրիոյ սահմանակից Սուրուճի շրջան եւ Ալեքսանտրէթի Քըրքհան շրջան:
aztagdaily.com/archives/449426