«Թուրքիոյ Ուժը Փորձելու Գինը Սուղ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար

«Թուրքիոյ Ուժը Փորձելու Գինը Սուղ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Աքար

9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նշեց. «Թուրքիան պահպանեց իր եւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան օրինական իրաւունքներն ու շահերը, եւ Թուրքիոյ ուժը փորձելու գինը սուղ պիտի ըլլայ»:

«Ըսած ենք եւ ամէն առիթի կը շարունակենք ըսել, թէ պէտք չէ մեր ուժը փորձել, որովհետեւ ատոր գինը սուղ պիտի ըլլայ», նշեց Աքար` աւելցնելով. «Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան իրաւունքը խլելու համար կատարուած իրողութիւն ստեղծելու փորձերուն նկատմամբ աչք պիտի չփակուի», ըսաւ ան:

aztagdaily.com/archives/449425

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail