«Թիւերը Գեղեցիկ Են, Սակայն Անոնք Հիմնաւորումի Կը Կարօտին» Կ՛ըսէ Արթուր Խաչատրեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան

«Թիւերը Գեղեցիկ Են, Սակայն Անոնք Հիմնաւորումի Կը Կարօտին» Կ՛ըսէ Արթուր Խաչատրեան

9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռ կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դժուարացած է պատասխանել այն հարցումին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այս օրերուն ներկայացուած եւ մինչեւ 2050 թուականը իրականացուելիք ռազմավարական նպատակները իրատեսակա՞ն են, թէ՞ ոչ: Ան ըսած է, թէ թիւերը գեղեցիկ են, բայց անոնց հիմնաւորումները գոյութիւն չունին:

«Եթէ կ՛ուզենք տնտեսական յաջողութիւն արձանագրել, պետութեան դերակատարութիւնը` իբրեւ տնտեսական քաղաքականութիւն իրականացնող, պէտք է շատ աւելի մեծ ըլլայ, իսկ թիւերը իսկապէս գեղեցիկ թիւեր են: Սերժ Սարգսեանն ալ 2040-ի համար գեղեցիկ թիւեր տուաւ: Գեղեցիկ թիւեր ըսելը շատ դիւրին է, խնդիրը զանոնք հիմնաւորելն է, բայց քանի հիմնաւորումը չեմ տեսած, չեմ կրնար ըսել` անոնք իրատեսակա՞ն են, թէ՞ ոչ: 30 տարուան հեռանկարի մասին է խօսքը, այսինքն` պէտք է դնենք եւ նայինք, թէ 30 տարուան ընթացքին մարդիկ ի՞նչ գործունէութիւն կը կանխատեսեն, ի՞նչ արդիւնքի կ՛ուզեն հասնիլ: 30 տարուան մասին է խօսքը, 30 տարի առաջ այսօր դեռ Խորհրդային Միութիւն կար», ըսած է Խաչատրեան:

Արթուր Խաչատրեանի կարծիքով` Փաշինեանին ներկայացուցածը ոչ թէ ծրագիր է, այլ փափաք:

«Այսինքն` այնքան ատեն որ այդ փաստաթուղթը շրջանառութեան մէջ չէ դրուած, չենք կրնար ըսել, որ ատիկա ծրագիր է, կրնանք ըսել, որ փափաքը կայ: Իբրեւ գոյութիւն ունեցող նման ծրագիր կը նկատուի 2014-էն 2025 թուականներու հեռանկարային զարգացման ռազմավարական ծրագիրը` նախորդներուն օրով ընդունուած եւ կառավարութեան ծրագիրը` 2019-2024 թուականներու: Ծրագիրը միայն ատիկա է, միւս ծրագիրով կարելի չէ այդ ցուցանիշները ապահովել, կարելի չէ տնտեսական այդ յառաջընթացը ապահովել. այդ պատճառով ալ կ՛ըսեմ` ծրագիր չկայ, կայ ցանկութիւն, թերեւս ծրագիրը կայ, բայց ատիկա հանրութեան սեփականութիւն չէ դարձած եւ չէ ներկայացուած», ըսած է Արթուր Խաչատրեան:

aztagdaily.com/archives/449384

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail