Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

9 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 օգոստոսին ընդունեց Պուլկարիոյ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Քննարկուեցան Պուլկարիա-Արցախ խորհրդարանական եւ մարդասիրական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանականներուն Արցախ այցելութիւնը կը կրէ պարբերական բնոյթ` յոյս յայտնելով, որ փոխադարձ գործակցութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանայ ու կ՛ընդլայնուի: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

aztagdaily.com/archives/449386

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail