24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Այս տարի Փարիզի մէջ համալսարանական տարեշրջանը սկսաւ երկու կարեւոր գիտաժողովներով։ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Հիմնարկը Սեպտեմբեր ամսուան մէջ չորս լման օր յատկացուց հայ գրականութեան ու արեւմտահայերէնի նիւթին։ Զանազան երկիրներէ եկած մասնակիցներ մեկնաբանեցին գլխաւոր հարցեր, նախատեսուած նիստերու ընթացքին։ Ասոնցմէ առաջինը ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի կողմէ կազմակերպուած յատուկ գիտաժողով մըն էր նուիրուած՝ սփիւռքահայ յայտնի գրողներէն Գրիգոր Պըլտեանի գործին, իր եօթանասունամեակի առիթով։ Իսկ երկրորդին նիւթն էր արեւմտահայերէնի պաշտպանումը, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արեւեմտահայերէնի ծրագիրներու վարիչ Անի Կարմիրեան եւ ԻՆԱԼՔՕ-ի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ։ Այս մէկը կը կայանար յատկապէս մանկավարժներով, դասախօսներով, ուսման համակարգի զանազան անդամներով ու վարիչներով։ Այս առիթով ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեանի հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը որպէսզի տեղականանք այս չորս կարեւոր օրերուն անցուդարձներուն։
Հ- Այս տարի ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով զանազան ժողովներ տեղի ունեցան։ Սակայն հայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը նիւթ առնող գիտաժողովներու առաջին անգամ հետեւեցանք ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ։
Պ- Այս տարի ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը զուգադիպի նաեւ Սփիւռքահայութեան եւ արեւմտահայերէնի ճակատագրի դարադարձին։ Մենք ալ ուզեցինք նշել այս տարին ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ, ուր կը դասաւանդուի թէ արեւմտահայերէնը եւ թէ արեւելահայերէնը։ Գտնուելով Փարիզ, հայկական սփիւռքի մեծ կեդրոններէն մէկը, մենք կը համարենք թէ մեր հայկական ամպիոնին դերերէն մէկն է արեւմտահայերէնը պաշտպանել։ Եւ մենք բախտը ունինք այս ամպիոնին մէջ ունենալու արեւմտահայ ամենամեծ գրողներէն մին՝ Գրիգոր Պըլտեանը, որ արդէն կը դասաւանդէ 1978-էն ի վեր. ընդհանրապէս հայ գրականութիւն բայց յատկապէս արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն։
Հ- Գրիգոր Պըլտեանը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ հայկական հարցը երբեք չէ մեկնաբանած իբր գլխաւոր նիւթ, բայց ան կու տայ վերապրողին ներքին աշխարհը։ Կրնա՞նք ըսել թէ իր գրածները նաեւ համաշխարհային գրականութեան մէջ տեղ ունին
Պ- Գրիգոր Պըլտեանը հազուագիւտներէն է, որուն գրականութիւը այսօր կարելի է սեպել համաշխարհային ստեղծագործութիւն։ Այսինքն իր գրականութիւնը կրնայ թարգմանուիլ ուրիշ լեզուի ու հասնիլ մինչեւ ոչ հայուն գիտակցութեանը։ Մենք արդէն ունինք այսօր իր վէպերը ֆրանսերէն լեզուով։ Այս վէպերուն մէջ, Պըլտեան կը խօսի հայկական նիւթերու շուրջ, երբեմն նկարագրելով իր ապրած տեղերը, իր մանկական յուշերը, սակայն իր ոճն ու մօտեցումը կը մնան ժամանակակից ու համամարդկային։ Քանի որ այս տարի իր եօթանասունամեակն էր, ուզեցինք այս երկու գիտաժողովներէն մէկը նուիրել իրեն, իր ստեղծագործութիւններուն եւ անոնց ուսումնասիրութեանը։ Ուրեմն Պըլտեանի գրականութիւնը կարելի է ըսել թէ նաեւ ցոյց կու տայ արեւմտահայերէնի այժմէութիւնը։
Հ- Իսկ հարցը կը վերաբերի այսօր արեւմտահայերէնի ապագային։ Ի՞նչպէս փոխանցել այս լեզուն յաջորդ սերունդներուն։
Պ- Փոխանցել այն ձեւով որպէսզի ստեղծուի աշխարհ մը, որուն մէջ լեզուն ապրի ոչ միայն անցեալով, այլ նաեւ ապագայի ստեղծագործութեան յոյսով։ Այսինքն հայերէնը իբր ժառանգ պէտք է ըլլայ ոչ միայն հաւատարմութեան եւ անցեալի լեզուն, այլ մշակոյթի մը, գաղութի մը լեզուն։ Ուրեմն այս հարցի մասին կազմակերպուած մեր երկրորդ գիտաժողովին նիւթը եղաւ արեւմտահայերէնի այսօրուան վիճակը, խնդիրները եւ ապագան։
Հ- Ի՞նչեր են արեւմտահայերէնի գլխաւոր խնդիրները։
Պ- Ինչպէս որ ըսի փոխանցումը գլխաւոր հարցերէն մէկն է։ Այս հարցը կապ ունի լեզուի դասաւանդման հետ։ Ի՞նչպէս փոխանցել։ Իբր մայրենի՞ լեզու, թէ երկրորդական լեզու։ Ուրեմն մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը եղաւ հարցականի տակ դնել հայերէն լեզուին դասաւանդումը ազգային վարժարաններուն մէջ։ Ի՞նչեր փոխանցել. խորհրդանիշեր կամ քարացած պատկերնե՞ր անցեալէն, թէ ոչ հայ աշխարհ մը որ կապ ունի իրենց առօրեային հետ, իրենց երկրին ու մշակոյթին հետ։ Ուրեմն այս հարցերը շատ կարեւոր հարցեր են 21-երորդ դարու շեմին։ Այս հարցումները բոլորիս գիտակցութեան մէջ կան, բայց վախ մը կայ բարձրաձայն արտայայտուելու այս խնդիրներուն մասին։ Որովհետեւ, կարծես թէ յուսահատ ենք եւ այս հարցումները ուղղելով միայն ժխտական պատասխան պիտի ստանանք։ Մինչդեռ այս գիտաժողովը մեզի փաստեց, թէ տարակոյսներ կան, բայց նաեւ կարելի է գտնել լուծումներ։ Աշխարհի չորս կողմէն մասնակցած մանկավարժները, դասատուները կամ վարչութեան պաշտօնեաները, որոնք եկած էին Յունաստանէն, Արժանթինէն, Գանատայէն, Պուլկարիայէն, Լիբանանէն, Ամերիկայէն եւ Պոլիսէն, (Պոլիսէն ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնուհին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեան, Էսաեան Վարժարանի հայերէնի ուսոցչուհին Մարալ Էպէօղլու Սադար, Գարակէօզեան Վարժարանի տնօրէնուհին Արուսեակ Գօչ Մոնէդ եւ Մխիթարեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչը Սեւան Տէյիրմէնճեան։ (ցոյց տուին թէ յոյս կայ արդէն արեւմտահայերէն լեզուն որ հնչեց ԻՆԱԼՔՕ-էն ներս, այս չորս օրերու ընթացքին, ինքնին փաստ մըն է որ հայ լեզուն կ՚ապրի։
Հ- Այս գիտաժողովը ի՞նչպէս ճամբայ մը կրնայ բանալ արեւմտահայերէնի բարելաւման համար։
Պ- Այս գիտաժողովի ընթացքին լսեցինք մեր գաղութներու խնդիրները զանազան փորձառութիւններու շուրջ։ Այս մէկը նոր սկիզբ մը եղաւ։ Պէտք է ըսել նաեւ որ այս գիտաժողովը ծրագրեցինք զուտ գործնական տեսակէտէն։ Այսինքն չեղան ձեւական հրաւէրներ որպէսզի ներկայ ըլլան գաղութին պաշտօնական ներկայացուցիչները այս հանդիպումներուն։ Կային միայն մասնագէտ մանկավարժներ, եւայլն։ Այս ընտրութինը դիտումնաւոր էր, որպէսզի ուղղակի մեր նպատակին հասնինք։
Հ- Այս գիտաժողովի հանդիպումներուն արդիւնքները ի՞նչեր եղան հայերէնի պահպանման մասին։
Պ- Նախ եւ առաջ հետեւեալ եզրակացութեան կը հասնինք -կարեւոր է դասաւանդողներուն դերը մեր հայկական վարժարաններէն ներս լեզուի փոխանցման ու պահպանման մէջ։ Յետոյ անիկա կ՚ամբողջանայ վարչական մարմիններու, այսինքն տնօրէններուն եւ հոգաբարձուներու աշխատանքով։ Եթէ անոնք չգիտակցին ուսուցիչներու դերին, անկարելի է դիւրացնել իրենց գործը։ Հարկաւ աւելորդ է ըսել թէ ծնողքներն ալ իրենց տեղը ունին այս ամբողջ կազմին մէջ, որ շղթայի մը ամբողջութեան կը նմանի։
Հ- Իսկ պաշտօնական մարմիններուն դերակատարութեան մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։
Պ- Գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձանք թէ պետական ծրագրին հետեւելու պարտաւորութիւնը միշտ կայ բոլոր երկիրներու պարագային։ Իսկ այս մէկը արգելք չի հանդիսանար հայերէնի փոխանցման։ Բոլոր գաղութները տեղեակ են իրենց սահմանափակումներուն, կամ օրէնքներուն եւ բոլոր դպրոցները կը յաջողին իրենց երկիրներու տեղական կանոնները նկատի առնելով։
Ո՞վ է Անահիտ Տօնապետեանը
Անահիտ Տօնապետեան Սորպոնի Համալսարանի լեզուաբանութեան տոքթոր է, ԻՆԱԼՔՕ-ի (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Հիմնարկ, Փարիզ) լեզուաբանութեան փրոֆեսէօր,եւ 1991-էն ի վեր հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Իր գիտական աշխատանքը կը վերաբերի արեւմտահայերէնի նկարագրական (ոչ կանոնադրական) քերականութեան, ընկերալեզուաբանական հարցերու, լեզուներու տիպաբանութեան, տեղագրական լեզուաբանութեան եւ լեզուներու շփման հարցերուն։ Ներկայիս յատկապէս կը պատրաստէ ֆրանսերէն-արեւմտահայերէն առցանց եւ որոնելի իմաստաբանական բառարան մը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէն գրականութեան եւ նիւթերու առցանց շտեմարան մը։ 1991-ին Սեդա Մուրատեանի հետ վերստեղծած է Փարիզի Հայագիտական ընկերութիւնը, որուն բազում տարիներ նախագահը եղած է։ Ստեղծած եւ ղեկավարած է նաեւ ԻՆԱԼՔՕ-էն ներս Լեզուաբանութեան խմբակը (1996-2010), այնուհետեւ ԻՆԱԼՔՕ-ի Ֆրանսայի Հետազօտութեանց Պետական Հիմնարկին եւ Ֆրանսայի Բարեշրջման Հետազօտական Հիմնարկին զուգորդը գիտաշխատանոցը, որուն ծիրէն ներս ներկայիս կը գտնուի Լիբանան որպէս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի այցելու փրոֆեսէօր, բազմալեզուութեան նուիրուած ծրագիր մը ծաւալելու համար։
Հարզարոյցը՝ Նազլը Թէմիր Պէյլէրեանի: «Ակօս»
http://www.arevelk.am/