Լոյսին Սպասող Սեւրի Դաշնագրին Ներքին Հրաւէրը (100-ամեակի Սեմին)
10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ի վերջոյ, Սեւրի դաշնագիրը հայկական հարցի լուծումն էր, որ իրականացուց Արեւմուտքը: Ատիկա ոչ միայն սիրոյ, յարգանքի եւ հայոց մշակոյթին նկատմամբ գիտակցութիւն էր, այլ նաեւ կը բխէր իրենց շահերէն: Ի դէմս Հայաստանի, Արեւմուտքը կը տեսնէր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խոշոր քրիստոնեայ Հայաստան-պետութիւն մը: Եթէ ստեղծուէր, այսօր տարբեր Մերձաւոր Արեւելք կ՛ունենայինք:
ՌՈՒԲԷՆ ՍԱՖՐԱՍՏԵԱՆ
(Թուրքագէտ, արեւելագէտ, պատմաբան ակադեմիկոս)
Livenews.am (2-8-2019)
Լոյսի` մշակոյթի եւ քաղաքակրթական նուաճումներու հաւատացող ժողովուրդ մը ըլլալով հանդերձ, ազգը կը սպասէ հայ քաղաքական մտքի լուսաւորման, առաւել պայծառացման, կայացման: Դարերէ ի վեր մեզ ուղեկցող ճշմարտութեան մասին է խօսքը, որուն տիրութիւն ընելու եւ լաւապէս հասկնալու համար շատ սուղ վճարած ենք ազգովին:
Ճիշդ է, որ ազգերու պատմութեան հոլովոյթը փափաքներու հարթակ մը չէ եղած, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական դաժան ձեւաւորումները, «եթէ»-ներու ցանկութեամբ չեն ընթացած, այլ անոնք տեղի ունեցած են ուժեղի, տիրապետողի, բարբարոսի եւ յափշտակութեան, այսպէս ըսած, ահեղ տրամաբանութեամբ:
10 օգոստոս 1920:
Պատմաքաղաքական արժէք ունեցող թուական մըն է անտարակոյս, որով օրուան հիմնական աշխարհակշիռ ուժերը` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն, յետ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, ուզեցին ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր համակարգ մը: Հակառակ այն իրողութեան որ արդէն գոյութիւն ունէր Սայքս Փիքօ կոչուած համաձայնագիրը (16 մայիս 1916), որով կը գծուէր նոր Մերձաւոր Արեւելք մը, ստեղծելով գաղութարար ալիքներու տեսականի:
Փաստօրէն, գերմանաթրքական զինակցութիւնը ստացած էր այնպիսի ապտակ մը, զգետնող հարուածներու տարափ, որ Մուտրոսի համաձայնագիրով (30 հոկտեմբեր 2018), արդէն հողային զիջումներու դէմ յանդիման կը գտնուէր: Երբեմնի Օսմանեան կայսրութիւնը կ՛ապրէր իր ամենավատ ժամանակները:
Թուրքը գործադրած էր դարու մեծագոյն ոճիրը` ցեղային մաքրազտում, բնօրրանէ հայոց տեղահանութիւն եւ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւում:
Հայութիւնը, կորսնցնելէ ետք դարաւոր հայրենիքն ու 1,5 միլիոն հայերու արիւնը, շնորհիւ իր ներքին զօրութեան, հաւաքական կամքին ու ազգային շունչին, թռիչք կ՛առնէր պարտադրուած դժոխքէն եւ կը կերտէր իր պետականութիւնը (28 մայիս)` ապագայ սերունդներու ժառանգելով ազատ ու անկախ ապրելու հայաբոյր տեսլականը:
Վեց դարեր առանց պետութեան ապրած հայ ժողովուրդը կը գերազանցէր ինքզինք: Ֆետայական-յեղափոխական շարժումներն ու զէնքի դիմելու գիտակցական մակարդակի ամրապնդումը, այլապէս ստրուկի, տգէտի եւ ենթարկուողի ահաւոր հոգեբանութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ քաղաքական մտքի հասունացումը բաւարար գործօններ հանդիսացան հայոց վերապրումին:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումով եւ սարսափազդու վիճակի ստեղծումով, գերմանաթրքական ռազմաքաղաքական դաշինքը գործադրեց սոսկալի ոճիրներ` ազգերու եւ պետութիւններու հաշուոյն:
Օրուան դաշնակից պետութիւնները, շշմած ստեղծուած իրավիճակէն, ամէն միջոցի կը դիմէին ի կատար ածելու աշխարհաքաղաքական իրենց նկրտումները: Երբեմնի Կոստանդնուպոլիսը գրաւուած էր, Դաշնակից ուժեր պաշարած էին նեղուցները, ցամաքի վրայ տարբեր բանակներ կը կռուէին ընդդէմ գերմանական եւ թրքական ուժերու: Հայութիւնը, իր կարգին, մասնակից էր համաշխարհային այս պատերազմին: Փաստօրէն, տարբեր փուլերու եւ հանգամանքներու բերումով` հայկական ուժեր կը կատարէին իրենց սրբազան պարտականութիւնը` կռուիլ բարբարոս թշնամիին դէմ, ազատագրելու հայրենիքը եւ փրկելու մնացորդացը:
Իրաւացի է այն հաստատումը, որ հայութիւնը իր սահմանափակ ուժերով եւ կարելիութեամբ արդէն կը պատերազմէր Երզնկայէն մինչեւ Պաքու: Եւ այս տեղի կ՛ունենար դաշնակից ուժերու աչքին առջեւ: Այլ խօսքով` գերակշիռ ուժ ունեցող պետութիւններ, իրազեկ էին կացութենէն եւ հայոց զոհողութենէն:
Նման ահաւոր պայմաններու տակ ծնունդ կ՛առնէր Սեւրի դաշնագիրը: Անկախ Հայաստանի պետութիւնը արդէն իսկ երկու տարին բոլորած էր: Միջազգային ընտանիքը կը դիմէր համաձայնագիրի մը ստորագրութեան` մեկնելով իր սեփական ու աշխարհաքաղաքական շահերէն: Հայութիւնը, իր կարգին, մասնակից կը դառնար այս քաղաքական աքթին` ներկայ գտնուելով յաղթանակ տարած ազգերու շարքին:
Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) 18 երկիրներու ներկայացուցիչներ կը ստորագրէին դարու ամէնէն յիշատակելի փաստաթուղթը: Զինադադարէն ետք, դաշնակից ուժեր կը նախաձեռնէին նման դաշնագիրի մը վաւերացումին` խորքին մէջ զարկ տալով նորովի քարտէսագրութեան: Ու ահա, աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մը ծնունդ կը հանդիսանար, հետագայի Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը (22 նոյեմբեր 1920), ուր յստակ եւ արդարօրէն կը գծուէր Նոր Հայաստանի իրաւաքաղաքական քարտէսը:
Այո՛, իր բնոյթով եզակի ու բովանդակութեամբ անկրկնելի վաւերագրութեան մը մասին է խօսքը: Սեւրին յաջորդած ուիլսընեան այս աքթը, 160 հազար քառ. քմ տարածութեամբ ազատ ու անկախ Հայաստան մը ունենալու երազանքը, արդէն շօշափելի կը դառնար յանձինս դաշնակից ուժերու եւ Ամերիկայի հայասէր նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի:
Երբ կը շեշտադրենք հայանպաստ քարտէսի իրաւական, քաղաքական ու փաստական կարեւորութիւնը, պարզապէս կ՛ուզենք ընդգծել, որ քաղաքական կեցուածքի առընթեր, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերու ներդրումը, քարտէսագրութիւնը` գետնի վրայ եւ տարածքային հսկայ աշխատանքի մը գործադրութեամբ:
Այլապէս, երբ ամէն քայլափոխի կը յիշատակենք Սեւրի դաշնագրին մէջ հայոց վերապահուած յօդուածները (88-93), որոնցմով կը յստականան հայոց իրաւունքի տարողութիւնը, այսինքն` Վանի, Բաղէշի (Պիթլիս), Կարինի (Էրզրում) եւ Տրապիզոնի նահանգներու պատկանելիութիւնը, աւելի՛ն. դէպի ծով ելք մը ունենալու մտածումը, խորքին մէջ, մեզի` հայ ժողովուրդին դարաւոր երազանքին շօշափելիութիւնը կը փաստարկուի, առանց վերապահութեան, հաստատապէս եւ անժամանցելիօրէն:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, որ կը կրէ նաեւ դաշնակից ուժերու ստորագրութիւնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կնիքը, հայ-թրքական կամ Հայ դատի կնճիռի հանգուցալուծման վաւերական ու միակ բանալին է եղած, եւ է՛ ցարդ: Անիկա քաղաքական ուղի մըն է, որու գործադրութեան յանձնառութիւնը ստանձնած էին ատենի իրաւասու պետութիւններ, եւ կը մնան իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ միջազգային պարտաւորութեամբ ստորագրուած դաշնագիրները չեն ունեցած եւ չունին ժամանակի սահմանափակում:
Ահա այս է սեւրեան, այսպէս ըսած, թնճուկին բացատրութիւնն ու անոր անժամանցելիութիւնը պաշտպանող տրամաբանութիւնը:
Այդուհանդերձ, կայ մետալին միւս երեսը, ներհակ շահերու ոխերիմ պայքարը:
Արդարեւ, պիտի ըսուի, այդ ե՞րբ է պատահեր, որ աշխարհաքաղաքական խօլ պատերազմներու եւ ազգակործան ծրագիրներու ահաւոր ներկայութեան, խօսուի պետութիւններու յանձնառու կեցուածքի մասին.
Ե՞րբ է տեսնուեր, որ հզօր պետութիւններ, պահ մը մոռնալով իրենց գաղութարարի եւ շահամոլի ախորժակները, տէր կանգնին փոքր ժողովուրդի(ներու) իրաւունքին.
Ե՞րբ է արձանագրուեր, որ համայնակուլ աշխատանքի ձեռնարկած որոշումի կեդրոններ եւ քաղաքատնտեսական հսկայ ուժերու ներկայացուցչութիւններ, զիջին իրենց յափշտակիչի եւ թալանողի պահուածքէն, յանուն արժանապատիւ կեանք վարող ազգերու եւ պետութիւններու առաւել ամրակայման եւ զարգացման:
Միթէ երբեմնի ազատախոհ եւ մարդասէրի պիտակ հանդերձած եւրոպական երկիրները չէի՞ն, որ շրջան մը դաշնակցելէ ետք, դարձան իրարու վայրագ թշնամի եւ ոխերիմ հակառակորդներ, մէկը` Միջագետքի եւ Պաքուի քարիւղին տիրելու, միւսը` միջինարեւելեան երկիրներու վրայ իր գաղութարարի իշխանութիւնը բանեցնելու:
Ազգերու ազատութեան ու անկախութեան ջատագով Ֆրանսան չէ՞ր, որ առանց խպնանքի ու դաւադրաբար, գիշերուան մութին մէջ, լքեց անզէն ժողովուրդ մը եւ փախուստ տուաւ Կիլիկիայէն:
Ալ չենք խօսիր քեմալական Թուրքիոյ հետ թաքուն եւ բացայայտ զինակցութիւն կատարելու եւրոպացիներու եւ ռուսերու մարմաջները, որոնք կը միտէին պահել ու պահպանել իրենց աշխարհաքաղաքական ստորին շահերը եւ մասամբ նորին:
Ժամանակակից մարդկութիւնը, վերջին 100 տարուան ընթացքին, ճանչցած է նմանօրինակ անհաշուելի քաղաքական ու զինուորական պատուհասներ, որոնց պատճառով` Սեւրի դաշնագիրն անգամ դատապարտուեցաւ մնալու փոշոտած եւ տամկացած նկուղներու մէջ, օր մը վերստին լոյսին գալու երազանքով:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ պետութիւններու կեանքին մէջ, աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներ քարացած չեն մնար, այլ անոնք կ՛ունենան նորովի դրսեւորումներ եւ կը ստեղծեն անակնկալներ: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը` Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին յիսուն տարուան ապրած իրավիճակն է: Աւելի՛ն. նոյնիսկ երբեմնի Եւրոպան ապրեցաւ ու կ՛ապրի ցնցումներ եւ կը դիմագրաւէ ահաւոր սպառնալիքներ:
Վատահամբաւ, այլապէս խորամանկ ու ոճրամիտ թուրք քաղաքական համակարգը իր տարբեր դիմագիծներով կը շարունակէ իր բարբարոսի վարքագիծը` օգտուելով աշխարհաքաղաքական ընձեռուած կարելիութիւններէն: Այդուհանդերձ, թուրքի գլխին կախուած կը մնայ Սեւրի դաշնագրի սուրը, որմէ կը զգուշանայ ան, ամէն քայլափոխի: Քրտական հարցն ու Սուրիոյ մէջ պատահածը լաւագոյն փաստերն են արձանագրուածին:
Արդ, այսօր, ինչպէ՞ս դիտարկել հայ պետականութեան ու քաղաքական մտքին ցուցաբերած շատ անգամ տհաս վարքագիծն ու անտեղի մօտեցումները, ինչ կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրին: Այսպէս ըսած, կրաւորականի եւ հանդուրժողի հայու պահուածքը երբեւէ չէ արդարացուած: Անկախ Հայաստանի երկնակամարին տակ քաղաքական հեռահար հաշուարկներու կարօտը կ՛ապրինք: Քարոզաբոյր խօսքերը պարզապէս բարբաջանքներ են, ուրախացնող պղպջակներ:
Միջազգային դիւանագիտութիւնը, 21-րդ դարուն դարձած է ազդու զէնք մը, որուն տիրապետելու կոչուած ենք ազգովին:
Հայոց դիւանագիտութիւնը, իր տարբեր դրսեւորումներով ցարդ կը գտնուի պարզունակ հարթակի վրայ: Հզօր ազգերու դիւանագիտական համակարգերը շատ անգամ կը սասանին ու կը դիմագրաւեն բազմաբնոյթ դժուարութիւններ: Ա՛լ ինչ խօսք փոքր պետութիւններու մասին:
Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակի սեմին, վերանկախ Հայաստանի պետական կարգն ու սարքը պարտաւոր է ձերբազատիլ տղայական ու անհաճոյ վարքագիծերէ: Հայոց պետութիւնը կոչուած է ստանձնելու այնպիսի յանձնառութիւն եւ քաղաքական հեռահար պարտաւորուածութիւն, որուն փայլատակող դրսեւորումներուն առանցքը` Արցախի ամբողջական ազատագրումն է` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ ճնշումներէ: Սա հայոց ընկերաքաղաքական հարթակի մեծագոյն քննութիւնն է:
Եթէ երբեք հայութիւնը արցախեան ազատագրական պայքարով ցոյց տուաւ իր մարտունակ կամքի ու զոհողութեան պահուածքը, ապա հայ դիւանագիտութիւնը, իր կարգին, միջազգային ամպիոններու վրայ ինքզինք պէտք է գերազանցէ մե՛րթ առողջ ու արի կեցուածքներ ցոյց տալով, մե՛րթ անզիջողի եւ յարձակողապաշտի դիմագիծը յայտնելով, մե՛րթ Հայ դատի նուիրական պայքարին շունչ ու ոգի սերմանելով, բայց առանց խարխափումի` Սեւրի դաշնագիրի ոգին ու անժամանցելիութիւնը լոյսին բերելով:
Այո՛, հզօր Հայաստանի կայացումով` հայութիւնը պիտի կարենայ հասնիլ իր երազանքին: 21-րդ դարու հրամայական պահանջը` կայացած, զարգացած եւ արդի պետութիւնն է, այլապէս հպարտօրէն կանգնիլ կարենալու հզօրներու շարքին: Իսկ հայութիւնը ունի այդ ներուժը, որով կրնայ առինքնել ամբողջ աշխարհ:
Հիմնականը, սակայն, հայ քաղաքական մտքի առկայծումն է, մեծերու դիմաց ինքնուրոյն մտածելակերպ ունենալն է: Այո՛, պահանջուածը` ներքին սթափումն է, քաղաքական մտքի ճարտարութիւնն ու արարատասէրի պահուածքը: Ակնկալուածը` յստակ, տոկուն եւ կամքով շաղախուած քաղաքական աշխատանքն է, հեռու թաւշեան քարոզներէ:
Համոզուած ենք, որ Սեւրը իրականութիւնը կը դառնայ այն ատեն, երբ հայոց պետական աւագանին ձերբազատի փտածութենէ եւ ինքնագոհ վարքագիծէ: Ազգին ու պետութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած այրերն ու կիները, չեն կրնար քմահաճոյքի գերին դառնալ եւ խաղքութեամբ առաջնորդուիլ: Հոսհոսի ապրելակերպը ոչ մէկ թիզ հողի վերադարձը կ՛ապահովէ: Ընդհակառակը, ժամանակները յարափոփոխ են եւ կրնան նպաստաւոր ելքեր ունենալ:
Ըսուած է, չէ, որ անկլոսաքսոնեան քաղաքական մտածողութիւնը ունի մէկ հիմնական յատկութիւն. ատիկա լուռ եւ հետազօտող աշխատանքն է բացառապէս:
aztagdaily.com/archives/449508