ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՈՂՋԵՐԹԻ ԽՕՍՔԸ՝ ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆԻՆ
Երկրորդ ողջերթի խօսք գաղափարի ընկերոջս՝ Աբոյին,
բայց այս անգամ մամուլի մեր ընտանիքին հրաժեշտ տալուն առիթով
Նազարէթ Պէրպէրեան
33 տարի առաջ, երբ Հ.Յ.Դ. օրգան «Դրօշակ»ի հրատարակութեան նոր շրջանը կը սկսէինք Աթէնքի մէջ, բախտաւորութիւնը ունեցայ դաշնակցական մամուլի անունով՝ իբրեւ Դաշնակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթի նորանշանակ գլխաւոր խմբագիրի՝ ողջերթի խօսք գրելու «Ասպարէզ»ի գլխաւոր խմբագիրի պատասխանատուութեան դեռ նոր կոչուած Աբօ Պողիկեանին։
Հակառակ անոր որ արմատներով երկուքս ալ Լիբանանի արգասիք ենք եւ շուրջ 7-8 տարիով ես տարեց եմ Աբոյէն, այսուհանդերձ Լիբանանէն ծանօթ եղած չենք իրարու. առաջին անգամ իրարու հանդիպած ենք 1982ին Փարիզ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմակերպած Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու երկրորդ համագումարին։ Աբօ մաս կը կազմէր Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի, իսկ ես Լիբանանի շրջանի պատուիրակութեան։ Մեր առաջին հանդիպումին մտերմութեան կամ մօտիկութեան պահեր չունեցանք, ընդհակառակն՝ նոյնիսկ մտայնութիւններու լուրջ տարակարծութիւն եւ բախում ալ ունեցանք համագումարի քննարկումներուն ընթացքին, ինք իբրեւ արեւմտեան աշխարհի մտածելակերպը ներկայացնողի, իսկ ես իբրեւ միջին-արեւելքցիի։
(Ի դէպ, երկուքս ալ կը շարունակենք կառչած մնալ մեր տաբերութիւններուն, աւելի ճիշդ՝ ուրոյն եւ տարբեր մտածումներու եւ տեսակէտներու տէր դաշնակցականներ ըլլալու եւ ունենալու անբռնաբարելի իրաւունքին)։
Բայց երբ երեք տարի ետք Աբօ Պողիկեան կոչուեցաւ «Ասպարէզ»ի գլխաւոր խմբագիրի պատասխանատուութեան եւ համասփիւռքեան մեր մամուլի էջերուն զգալի դարձաւ զով ու թարմ շունչը Աբոյի ստորագրած ամէնօրեայ «Օրը՝ օրին» նշմարներուն, ես ամենայն խանդավառութեամբ ողջունեցի եւ հպարտութեամբ բարի երթ մաղթեցի մինչեւ այսօր պատնէշի վրայ պինդ կանգնած գաղափարի ընկերոջս ու բառին ամենալայն ընդգրկումով մտաւորական գրչեղբօրս։
Առաջին այդ ողջերթը մտաբերելու յատուկ պատճառ կայ այսօր, որովհետեւ Աբօ Պողիկեան արդէն հրաժեշտ կու տայ իր սեփական դրոշմով հայաշխարհի մամուլին լուսաւոր փարոսներէն մէկը դարձած «Ասպարէզ»ին։
Եթէ 33 տարի առաջ ողջերթ կը մաղթէինք՝ յաջողութեամբ պսակուած տեսնելու համար դաշնակցական մամուլը վերաթարմացնելու ուղղութեամբ Աբոյին եւ անոր սերունդի միւս երիտասարդ խմբագիրներուն վստահուած առաքելութիւնը, այսօր բարի երթի մեր մաղթանքները կ՛ուղղուին Աբոյի արժանաւորութեամբ Դաշնակցական Մարդուն՝ որ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան, յառաջդիմական մտքի եւ նորարարութեան, այլեւ յեղափոխական շունչի ու գաղափարական նախանձախնդրութեան երկրպագող քուրմի ինքնահաւատարմութեամբ միշտ քալեց մեր շարքերուն մէջ, ինչու չէ նաեւ առաջնորդեց մեր քայլերը, երբ Դաշնակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամակցութեան արժանի գտաւ զինք, նոյնիսկ Հ.Յ.Դ. մամուլի եւ քարոզչութեան ընդհանուր պատասխանատուութիւնը յանձնելով անոր։
Առաջին այդ ողջերթի խօսքը իր նախերգանքը ունէր։ 1986ին Աթէնքի մէջ Դաշնակցութիւնը գումարած էր Հ.Յ.Դ. մամլոյ երկրորդ խորհրդաժողովը, որուն որդեգրած շեշտակիօրէն յեղափոխական եւ ընկերվարական շունչով բանաձեւներու մշակման ու որդեգրման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցաւ նաեւ Աբօ Պողիկեան։ Այդ խորհրդաժողովին որդեգրուած ուղեգիծով էր, որ Հ.Յ.Դ. մամլոյ վերաթարմացման եւ վերաշխուժացման ընդհանուր թափին մէջ, Աբօ Պողիկեան ամէնէն յանդուգն դրօշակիրներէն մէկը եղաւ ազատ կարծիքի արտայայտութեան, յառաջադէմ եւ ազատ մտածողութեան մշակման ու բազմակարծութեան խրախուսման՝ դէպի դաշնակցական մամուլ ուղղելով հայեացքը ատենի հայ նորահաս մտաւորականութեան, «Ասպարէզ»ը վերածելով հայ մամուլի ամէնէն յառաջապահ բեմին։
Անշուշտ մտահան չենք ըներ այն մայր ճշմարտութիւնը, որ այդ ժամանակաշրջանի դաշնակցական մամուլին ապրած ընդհանուր թռիչքը միայն մեր խմբագիր եւ մտաւորական մարդուժին չենք պարտիր, որքան ալ վճռորոշ ըլլար այդ մարդուժին ներդրումը։ Ամբողջ կուսակցութեան երիտասարդացման՝ քաղաքական եւ յեղափոխական հայեացքներու համակուսակցական որդեգրման, այլեւ ղեկավար մարմիններու վերանորոգման կը պարտինք Դաշնակցութեան վերադարձը իր յեղափոխական աւանդներուն. Աբօ Պողիկեան Հ.Յ.Դ. այդ ներքին զարթօնքին դրօշակիրներու փաղանգին պատկանող արժանաւոր մըն է։
Այնուհետեւ 15 տարի, նախ «Ասպարէզ»ի եւ ապա, Հայաստան, «Երկիր»ի ու Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Տեղեկատու Կեդրոնի հիմնադրման եւ ղեկավարման իր ծառայութեամբ՝ Աբօ ստանձնեց դաշնակցական մամուլի հայաստանակեդրոն ուղղուածութեան յառաջապահի դերը։
Իսկ այսօր, երբ արժանաւորապէս աւարտելով «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան պատասխանատուութեան երկրորդ շրջանը, Աբօ հրաժեշտ կ՛առնէ իր այնքան սիրած ու փայփայած թերթէն՝ միայն բարի երթ կրնանք մաղթել մեր ընկերոջ։
Ըստ ամենայնի դաշնակցական մտաւորականի համազգային ծառայութեան նոր ասպարէզ մը կը բացուի Աբոյին առջեւ՝ արժանի սրտանց խրախուսանքի։
Պարզ ու յստակ՝ Աբօ Պողիկեան հայ կեանքի մէջ գործող այլ կառոյցի մը կողմէ այսօր կը կոչուի նորովի լծուելու դաշնակցական մամուլի աւազանին մէջ իր տարածած թարմ ու նորարար շունչը աւելի ընդգրկուն հորիզոններու բանալու առաքելութեան։
Ճիշդ է, ինչպէս որ Աբոյին հրաժեշտին առիթով ընկեր մը իրաւամբ կը նշէր, թէեւ մերն է կորուստը, այդուհանդերձ՝ «Ասպարէզ»ի վաստակաշատ խմբագիրին առջեւ գաղափարական ու մտաւորական ինքնահաւատարմութեան նոր ու լայն ասպարէզ մը ահա կը բացուի՝ յօգուտ – դարձեալ ու միշտ – Հայաստանի եւ պահանջատէր հայութեան։
Աբօ Պողիկեան խորքին մէջ աշխատավայր կը փոխէ եւ ոչ թէ աշխատանք, իր ինքնահաւատարմութեամբ գաղափարի մարտիկը չի կրնար էութիւն կամ նկարագիր փոխել, որովհետեւ Աբոյին համար շատոնց հրկիզուած կամ կազմաքանդուած են ուրիշ դէմք մը դառնալու բոլոր կամուրջներն ու ճամբաները։
Դաշնակցական մտքի եւ խօսքի ազատ արտայայտութեան ու զարգացման արթուն հսկող պահապաններէն է գաղափարի մեր ընկերը, որուն կ՛արժէ յաջողութիւն մաղթել Դաշնակցութեան ընդմէջէն իր պաշտած եւ վերանորոգած հայ մտքի դաշնակցական մարտունակութեան եւ համազգային հարստացման աւանդը Հայաստանին եւ ամբողջ հայութեան ընծայաբերելու առաքելութեան մէջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10220273645533894