Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:

Համահայկական օրակարգի ձեւաւորման հրամայականին շուրջ ակնկալելի է, որ ծաւալին հրապարակային քննարկումներ: Օրակարգի կէտերը բնականաբար կ՛ըլլան գերակայ ուղղութիւններ եւ օրինաչափօրէն հետզհետէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց կարեւորագոյն խնդիրներուն կը միացնեն համասփիւռքեան-համահայկական հիմնահարցեր: Թէ՛ օրակարգի ձեւաւորման եւ թէ՛ օրակարգի կէտերու կատարողականութեան գործիքակազմերու կամ կառուցակարգային խնդիրներու մասին վստահաբար թափ կը հաւաքեն կազմակերպելի խորհրդակցութիւնները:

Այս բոլորը որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն. մինչ այդ, կան հրատապ նշանակութիւն ունեցող հարցեր, օրակարգեր, որոնց շուրջ համահայկական համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը ո՛չ միայն կը շեշտուի, այլ նաեւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր կ՛առնուին:

Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի յունուար 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններուն: Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան, անվտանգութեան պահպանման եւ տակաւին` արցախեան ազատամարտով իրագործուածի պաշտպանութիւնը գերակայ օրակարգ դաւանելու սկզբունքին կ՛առնչուին արցախեան ընտրութիւնները:

Անմիջական փուլը` ընտրութիւններու կազմակերպման եւ կայացման կատարեալ եղանակ ապահովելու հիմնական առաջադրանքին առնչուած է սերտօրէն: Նաեւ` համաձայնական թեկնածուի:

Համախոհական թեկնածու առաջադրելու մղումը կարեւոր խորհուրդ կը պարփակէ իր մէջ եւ որեւէ ձեւով մրցակցային ընտրապայքարը շրջանցելու մտադրութիւնը չունի: Երեւան-Ստեփանակերտ յայտարարողական մակարդակի վրայ գրանցուած որոշ անհամաձայնութիւնները, ներարցախեան քաղաքական համապատկերի վրայ փոխադարձ անհանդուրժողականութեան որոշ երեւոյթները լրջագոյն մարտահրաւէրներ յառաջացուցած էին Պաքուի կողմէ ամէն վայրկեան ռազմական գործողութիւններու սանձազերծումով ծանր հետեւանքներ դիմագրաւելու կացութեան մէջ գտնուող Արցախի համար:

Այս փուլին, թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին ուղղութիւններով համաձայնական մթնոլորտի վերականգնման կարեւորագոյն դրսեւորում ցուցադրելով, Արցախը կրնայ համահայկական օրակարգի առաջին կէտը իրականացնել` համախոհական թեկնածուի շուրջ բոլոր հոսանքներու համամտութեամբ համաձայնութեան յանգելով: Արցախի մէջ դժուար չէ կեդրոնանալ անձնական կերպարի օրինակով եւ համոզիչ կենսագրականով համակողմանի յարգանք եւ հեղինակութիւն վայելող թեկնածուի վրայ:

Համահայկական օրակարգի առնչուած ենթակէտը` Արցախի համապետական ընտրութիւնները կատարելութեան նշաձողին ձգտող եղանակներով կայացումն է: Ժողովրդավարութեան, ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը ո՛չ միայն իրողական ներկայացուածութեան համոզումը կը փոխանցէ ընտրազանգուածներուն, այլ նաեւ կը ստանայ քաղաքական շատ կարեւոր իմաստ: Ժողովրդավարական կարգերով ինքնորոշուած արցախահայութիւնը, ի տարբերութիւն հարեւան Ազրպէյճանին, կը յաջողի ամէնէն ժողովրդավար միջավայրերու մէջ գրանցուած ընտրաեղանակներուն նման նախագահ եւ խորհրդարան ընտրել, ինչ որ այլ հանգամանքներուն առընթեր կը շեշտէ արցախահայութեան եւ Ազրպէյճանին անհամատեղելիութիւնը: Եղանակը այս պարագային քաղաքական առաջադրանքին հետ կապուած է եւ նպաստիչ գործօն է ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրագործման, հիմնաւորման եւ ամրագրման:

Առաջին հայեացքով, համահայկական օրակարգի առաջին եւ երկրորդ կէտերը կրնան չհամապատասխանել իրար: Այլ խօսքով` համախոհական թեկնածուն չի սատարեր արդար եւ մրցակցային ընտրապայքարին, երբ գրեթէ ի չգոյէ այլ մրցակից թեկնածուի կանխորոշուած կ՛ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը: Այս պարագային սակայն Արցախի քաղաքական դաշտը բաղկացնող կուսակցութիւնները` հիմնաւորելով պահուն թելադրած հանգամանքներէն մեկնած որոշումը` կ՛ապահովեն մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն եւ համազգային ու միջազգային կարեւորագոյն ուղերձներ կը փոխանցեն այս ձեւով: Մինչ, զուգահեռ (նկատի ունենալով, որ միաժամանակ են նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները) արդար մրցապայքարի, նախընտրական արշաւի քաղաքակիրթ ոճի եւ բազմակուսակցական խորհրդարանի գոյառման ամենաժողովրդավար պատկերը կը ձեւաւորեն:

Արցախի նախագահի համախոհական թեկնածուի որոշումին յանգիլն ու համապետական ընտրութիւններուն ժողովրդավարութեան բարձրակէտ նուաճելը համահայկական օրակարգի կարեւորագոյն ենթակէտեր կ՛ամրագրեն գործնապէս:

aztagdaily.com/archives/449817

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail