Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Ռուսիոյ Ապահովութեան Խորհուրդի Քարտուղարը
14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 օգոստոսին ընդունեց Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ վարչապետը նշեց, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք ասիկա Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին առաջին այցելութիւնն է Հայաստան, եւ ասիկա լաւ առիթ է` հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն նաեւ այս ձեւաչափով անդրադառնալու: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը հետեւողականօրէն կը զարգանայ, եւ առկայ է կառուցողական աշխատանքային մթնոլորտ, որուն վկայութիւնն է Ռուսիոյ նախագահին ու վարչապետին հետ յաճախակի հանդիպումները եւ բարձրաստիճան միւս մակարդակներու վրայ կապերը: Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը` հայ-ռուսական ռազմավարական կապերու շարունակական զարգացման, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքի պարունակին մէջ:
Նիքոլայ Փաթրուշեւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահին ու վարչապետին ողջոյնները եւ նշեց, որ ուրախ է այցելելու Հայաստան, հանդիպումներ ունենալու Հայաստանի վարչապետին, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ: Ան արդիւնաւէտ նկատեց Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին, Փաթրուշեւի համաձայն, քննարկուած են անվտանգութեան ոլորտին մէջ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հարցեր, անդրադարձ կատարուած է թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմանի ձեւաչափերով` միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխգործակցութեան: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ այս տարուան նոյեմբերին նախատեսուած է ԱՊՀ անդամ պետութիւններու Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու հաւաք, եւ Հայաստան, ինչպէս միշտ, հաստատած է իր մասնակցութիւնը այդ հաւաքին:
Հայաստանի վարչապետը եւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարը միտքեր փոխանակեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, շրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութեան պահպանման եւ կայունութեան ապահովման հարցին, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:
aztagdaily.com/archives/449732