Խօսք Յաւուր Պատշաճի` Պատմաբանին Եւ Զբօսաշրջիկին (Պանք Օթոման-1896)
Այս դիւցազնավէպին ամբողջ պատմութիւնը քանի մը տողով անկարելի է տալ…
«Էտուալ Բելժ»-ի ականատես թղթակից եւ «Ժիրոնտ» նաւու բժիշկ
«ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն»
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Ի սկզբանէ յայտնենք, որ խօսքը ուղղուած է հայ պատմաբանի(ներու) եւ հայ զբօսաշրջիկի(ներու), որոնք գոյութիւն ունեցած են հայ կեանքի բոլոր ժամանակներուն եւ փուլերուն:
Արդ, կրնայ ըսուիլ, թէ այս պարագային ինչո՛ւ ընդհանրացնել նման երեւոյթ, երբ յականէ-անուանէ յստակ է այդ պատմաբանին անունը, որ ի շարս այլ նիւթերու, պատեհ առիթով մը կ՛անդրադառնայ «Բանկ Օտոմանի»-ի` զայն ներկայացնելով, այսպէս ըսած, իբրեւ սոսկ ցուցական-միամիտ արարք մը, որ ունեցած է ահաւոր հետեւանք` երբեմնի Պոլսոյ հայութեան վրայ:
Իսկ զբօսաշրջիկը մեր օրերու հայ երիտասարդ մըն է, որ պատեհ առիթով մը ճամբորդած է Թուրքիա: Ան, իր կարգին, ի շարս այլ «գեղատեսիլ» քաղաքներու, նաեւ գտնուած է Պոլիս եւ պտտած երբեմնի հայահոծ թաղամասերը:
Իսկ մենք, կարդացեր ենք վերոնշեալ պատմաբանին տեսակէտը` (Պանք Օթոմանի մասին) եւ լսեր երիտասարդին պատասխանը, այն հարցումին, թէ, արդեօք առիթը ունեցա՞ծ է տեսնելու կամ մօտէն անցնելու այն դրամատան առջեւէն, որ հրաշալի անուն է թողեր հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:
Ի տես երիտասարդի (28-ամեայ) զարմանքին, թէ նման անուն չէ լսած, եւ թէ ինչի՞ մասին է խօսքը, մենք ալ մեր կարգին կը տարուինք անոր զարմանքէն եւ հարց կու տանք մենք մեզի, արդեօք հայ վարժարանի շրջանաւարտ հայ երիտասարդը, դիտաւորեալ կը կատակէ՞, թէ՞ իսկապէս տեղեակ չէ իր պատմութենէն:
Արդ, մենք մեզ զերծ պահելով «մենք»-ի եւ «դուք»-ի ամօթալի որոգայթէն, սեւով սպիտակի վրայ ուզեցինք արձանագրել եւ ընթերցասէր հանրութեան հետ կիսել կարգ մը մտահոգութիւններ, որոնք կ՛առնչուին մեր հաւաքական կեանքին, պատմութեան եւ ազգային արժէքներուն:
Առաջին հերթին յայտնենք, որ հանդիպած ենք հրապարակագիրներու, գրողներու, արուեստի գործիչներու եւ պատմաբաններու, որոնք տարբեր նիւթերու շուրջ` հայոց պատմութեան առնչուող, ունեցած են իրենց եզակի վերլուծումն ու մօտեցումը` նկատի առած պատմական դիպաշարի բնոյթը, ատենը կամ անոր թողած արձագանգները:
Սա ըմբռնելի է միանգամայն: Սակայն նեղացուցիչն ու դատապարտելին այն է, երբ տուեալ դէպքը կամ արարքը, որ ունեցած է պատմակշիռ ազդուութիւն, ինչ-ինչ բացատրութեամբ կ՛արժանանայ հայ պատմաբանի մը, այսպէս ըսած, հեգնական եւ անվայել վերաբերումին, անշուշտ, կասկածի տեղիք տալով` անոր ունեցած կոչումին:
Համոզուած ենք, որ անաչառ պատմաբան մը չ՛առաջնորդուիր սիրելու կամ չսիրելու հանգամանքներով. ան գիտական միտքի տէր անհատ է, հետեւաբար, պարտաւոր է պատմական դիպաշարերու հոլովոյթը իրենց ընդհանրութեան մէջ տեսնել, օրուան առարկայական եւ ենթակայական տուեալներու հիմամբ քննել եւ եզրակացնել: Զգացականութեամբ կամ քմահաճոյքով ինքզինք պարուրելը խոցելի եզրայանգումներու ճամբայ կը բանայ ոեւէ պատմաբանի համար:
Միւս կողմէ, հակառակ այն իրողութեան որ ունինք մեր սեփական համոզումն ու կեցուածքը, ինչ կը վերաբերի հայու մը Թուրքիա այցելութեան եւ այլն, անշուշտ, զանց կ՛առնենք Արեւմտահայաստանի սուրբ հողեր ուխտագնացութիւնը, որոնց կարգին երբեմնի պոլսահայութեան հետ ըլլալն ու անոնց հետ կապ հաստատելը:
Փաստօրէն, Պոլիսը արեւմտահայ լեզուի ու գրականութեան օրրան է եղած, նաեւ` Հայոց եղեռնը նախորդող շրջաններու, հայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տարբեր հոսանքներու միջնաբերդը: Թէկուզ հայութիւնը չէ կրցած օգտուիլ նման հանգամանքէ եւ շատ սուղ գին վճարած է` թուրք բարբարոսին կողմէ սարքուած սպանդներու պատճառով:
Այլ հարց, նաեւ, որ ցարդ Պոլսոյ մէջ ունինք կազմակերպ հայութիւն, իր դատին գիտակից երիտասարդութիւն, որ իր կարգին լոյս եւ յոյս կը ներշնչէ, կը պայքարի յանուն հայ դիմագիծի ու արժէքներու պահպանման:
Այո՛, յաւուր պատշաճի մեր խօսքը պատմութեան վերյիշեցումն է. բացառիկ դիւցազներգութեան մը արժեւորումը: Փաստօրէն, աւելի քան 122 տարի է, մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է եղած Պանք Օթոմանի գրաւումը, որ տեղի ունեցած է 14 օգոստոս 1896-ին:
Քաջարի եւ յանդուգն այս արարքը, խորքին մէջ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ կեանքին: Գործողութեան նախորդող տարիները` 1895-96, հայոց արհաւիրքի տարիներ են եղած, երբ աւելի քան 300 հազար հայեր կը զոհուէին կարմիր սուլթանի կողմէ ծրագրուած հաւաքական սպանդին` իբրեւ հետեւանք:
Ի պատասխան այն բոլոր պահանջներուն, որոնցմով հայութիւնը պիտի տիրանար իր արդար իրաւունքին, սուլթանը ցոյց կու տար իր գազանի պահուածքը: Եւրոպացիներու երկդիմի, վատոգի եւ ստապատիր խոստումներուն պատճառով` Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը զոհ կը դառնար ջարդերու:
Հայոց յեղափոխական ու ֆետայական շարժումը իր առաջին քայլերուն մէջ էր: Ազգային արժանապատուութիւնը ուղղակի խոցուած եւ արժեզրկուած էր: Վրէժի եւ պոռթկումի տրամադրութիւնը տակաւ կը զօրանար. Սասունի թէ այլ շրջաններու մէջ հայը զէնքի դիմած էր, կը կռուէր, կը նահատակուէր եւ ազատութիւն կ՛երազէր:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով նետուած էր կռուի դաշտ: Անոր շարքերուն մէջ ծառայող աննման տղոց սիրտերն ու հոգիները ծարաւ էին գործի ու հրաշքներու գործադրութեան:
Պոլսոյ ՀՅԴ «Վիշապ»-ի Կեդրոնական կոմիտէին իսկ նախաձեռնութեամբ, կ՛որոշուէր զօրաւոր հարուած մը տալ: Մէկ կողմէ թուրքը իր որջին մէջ հարուածել, իսկ միւս կողմէ` եւրոպական երկիրները ցնցել, կը միտէր Պանք Օթոմանի գրաւումը:
Թէեւ հայութիւնը յուսահատ ու անճրկած էր թուրք բարբարոսի հարուածները ստանալով, անդին, նոյնինքն Պոլսոյ մէջ հայ սրբատաշ եւ ասպետական ճակատներ ունեցող դաշնակցական տղաներ, լուռ ու մունջ, տիւ եւ գիշեր, հայ լրտեսներու թէ թրքական ներկայութեան, առանց վախի եւ ինքնավստահօրէն կը կազմակերպէին գործողութիւնը:
Անոնք գաղափարի ու հաւատամքի տղաք էին, դաշնակցական իրենց երդումին տէր եւ ազգային արժանապատուութեան գիտակից յեղափոխականներ էին, որոնց ներկայութիւնը ուժ եւ ոգեւորութիւն կը ներշնչէր բոլորին:
Փաստօրէն, անկրկնելի հերոսներ` Բաբգէն Սիւնի, Հրաչ Թիրիաքեան, Արմէն Գարօ, Վարդան Շահպազ եւ ուրիշներ յանձն կ՛առնէին դրամատան գրաւումը կատարել եւ իրենց պահանջները ներկայացնել թուրքին ու եւրոպացիին:
14 օգոստոսի կէսօրուան ժամերուն արդէն դրամատունը գրաւուած էր: Տղաքը մուտք գործած եւ սկսած էին մարտերու: Անկրկնելի հերոս Բաբգէն Սիւնի (Փարեան), որուն կազմակերպչական տաղանդին ու կամքին շնորհիւ իր լրումին հասած էր գործողութեան կազմակերպումը, կը նահատակուէր դրամատան մուտքին:
Սաստիկ բախումներ, ռումբերու տարափ եւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն` դրամատան շուրջ եղող թէ այլ թաղամասերը գտնուող զինուորներու հետ: Թուրքը, իր պետական այրերով, իսկ եւրոպացիները, իրենց դեսպաններով շշմած էին ի լուր զգետնող հարուածին:
Գործողութիւնը ունէր լայն առաջադրանք: Սամաթիոյ մէջ պատրաստուած էին յեղափոխական տղաներ, որոնք իրենց կարգին ահ ու սարսափի պիտի մատնէին թրքական զօրքերը: Դաշնակցական տղոց շարքին էին` Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան, Արտաշէս Անդրիասեան եւ ուրիշներ: Ցաւ ի սիրտ, հայ լրտեսները կը յաջողէին բացայայտել գործողութիւնը: Տղաքը կը պաշարուին եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Անոնք չեն յանձնուիր եւ ուժանակով վերջ կու տան իրենց սրբազան կեանքին:
Դրամատան մէջ, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչի ղեկավարութեամբ, մարտերը կը շարունակուին 18 ժամ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրութեան յղած էր պահանջներն ու գործողութեան նպատակը: Քիչ ետք, եւրոպական եւ ռուսական միջամտութիւն, անոնց կողմէ սին խոստումներ եւ գործողութեան աւարտ: Դրամատան մէջ եղող 156 պաշտօնեաները ազատ կ՛արձակուին: Եւրոպացիներ կը խոստովանին յեղափոխական տղոց ասպետական ոգին, երբ կ՛իմանան, որ անոնք գողութեան չէին եկած, չէին վնասած պաշտօնեաներուն, այլ կը հետապնդէին իրենց արդար Դատը:
Ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւով տղաքը կը փոխադրուին Մարսէյ, Ֆրանսա: Արեւմտեան մամուլը լայնօրէն կ՛արձագանգէ կատարուած գործողութեան: Իսկ ականատեսի վկայութեամբ իր հիանալի տողերը կ՛արձանագրէ «Էտուալ Բելժ»-ի թղթակիցը, որ նաեւ «Ժիրոնտ» նաւու բժիշկն էր: Ան «Պանք Օթոմանի երիտասարդները հերոս առաքեալներ կը կոչէ»:
Յեղափոխական աքթէն ետք, Եըլտըզի սուլթանը կատղած էր, թուրք խուժանը իր բնազդներուն յագուրդ տալով` կը յարձակի հայերու վրայ: Պոլսոյ մէջ հազարաւոր անմեղ հայեր զոհ կ՛երթան բարբարոսութիւններու:
Յայտնապէս թուրքին առիթ չէր պակսեր հայութիւնը բնաջինջ ընելու:
Թէեւ հայութիւնը կը խեղդուէր արեան բաղնիքի մէջ, այդուհանդերձ հայոց պատմութեան էջերուն կ՛արձանագրուէր դիւցազնավէպ մը, որուն մասին հատորներ պիտի գրուէին հետագայ տարիներուն:
Հայ յեղափոխականը հաւատացած էր իր բազուկին, թօթափած էր թուրքի լուծը եւ նետուած պայքարի դաշտ: Հայ քաղաքական միտքը կ՛առնէր իր առաջին քայլերը, գաւառի ու քաղաքի հայութիւնը տակաւ սկսած էր դուրս գալ իր ստրուկի թմբիրէն, թէեւ հայ ամիրաներու ստրկամիտ եւ վախկոտ պահուածքը իր աւերները կը գործէր, այդուամենայնիւ հայութիւնը, շնորհիւ յեղափոխական իրերայաջորդ դիպաշարերու եւ ազնուական արարքներու, կը գիտակցէր զէնքի դիմելու հրամայականին:
Իրօք, ազգային ազատագրական պայքարի առաջին դրսեւորումներն էին, որոնց ականատես կ՛ըլլար նախ` թշնամին, ապա` մարդկութիւնը, որ մոռացութեան տուած էր փոքրամասնութիւններու ազատ ապրելու իրաւունքը:
123 տարիներու հեռաւորութիւնը ոչինչ պէտք է ըսեն բոլոր անոնց, որոնք ունին ազգային բարձր գիտակցութիւն, արժանավայել կեանք ունենալու համոզում, ազատ ու անկախ ապրելու հաւատք, մէկ խօսքով` ազգային արժանապատուութիւն:
Պանք Օթոմանի տղոց արեան մէջ կը խլրտար յիշեալ արժանիքները. անոնք գերազանց հաւատարմութեամբ կերտեցին իրենց պատմութիւնը եւ արժանացան հայոց առասպելատիպ յեղափոխականի կոչումին:
Թող խպնին ապազգայնացած զբօսաշրջիկ(ներն) ու պատմաբան(ները), որովհետեւ պատմութեան վճիռը դառն է ու անշրջելի:
aztagdaily.com/archives/449677