Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Կազմերը Կ՛արձանագրեն Բաւական Տպաւորիչ Արդիւնքներ
14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը կ՛ընթանան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Մրցումներ կատարող խումբերը մարզական բարձր ոգիով եւ կորովով կը փորձեն յաղթանակներ արձանագրել իրենց քաղաքի խումբերուն համար:
Ֆութսալի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց Տնեպրոպետրովսք խումբին դէմ (Ուքրանիա)` 2-1 արդիւնքով:
Վաչէ Ղուկասեան նշանակեց Պուրճ Համուտի 2 կոլերը:
Նախքան այս մրցումը, 3-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաղթանակը արձանագրեց Ծաղկահովիտի դէմ` 16-1 արդիւնքով:
Մհեր Սիւրեմենեան, Սերժ Մելիքեան եւ Վաչէ Ղուկասեան նշանակեցին երեքական կոլ, Միքայէլ Նորաշխարհեան եւ Աւագ Պալապանեան` երկուքական կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Խաչիկ Սերոբեան, Սեւակ Օհանեան եւ Շանթ Պալեան:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Մեծամօրին (4-1), երկրորդ մրցումին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գիւմրիի դէմ: Մհեր Սիւրեմենեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Սերժ Մելիքեան եւ Խաչիկ Սերոբեան:
Աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում (Գ. խմբակին մէջ), արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաղթեց Հալէպի (66-46) եւ Հելիոփոլիսի (61-27), մինչ երեք կէտի տարբերութեամբ միայն պարտութիւն մը կրեց Սպահանէն (65-62):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր չորրորդ մրցումին կը մրցի Ստեփանակերտի դէմ:
Այս խաղերուն 7-րդ օրը աւարտեցան ճատրակի, լողարշաւի եւ կոլֆի մրցումները:
Ճատրակի պարագային տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ալեքս Մանուկեան (Ստեփանակերտ), իսկ աղջկանց պարագային` Սոնա Ասատրեան (Աշտարակ):
Կոլֆի տիտղոսակիրներ դարձան Արմէն Մովսիսեան (Մոսկուա) եւ Արաքս Զարգարեան (Երեւան):
Լողարշաւի մրցումներուն ամբողջութեամբ տիրապետեցին Երեւանի մարզիկները, որոնք խլեցին 21 ոսկի մետալ:
Գիւմրիին բաժին ինկաւ 2 ոսկի, իսկ Ստեփանակերտին` մէկ ոսկի մետալ:
aztagdaily.com/archives/449790