Սուրիական Բանակը Կը Մօտենայ Հարաւային Իտլիպի Մէջ Զինեալներու Մեծագոյն Կեդրոնին
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը դէպի հարաւային Իտլիպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու մեծագոյն կեդրոնը եղող Խան Շէյխուն քաղաք: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Սուրիական բանակը այժմ կը գտնուի Խան Շէյխունէն 4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` ազատագրելէ ետք ռազմավարական դիրք ունեցող Թալաասն ու անոր մերձակայ դաշտերը եւ հասնելով մինչեւ Խան Շէյխուն քաղաքի մուտքի արեւմտեան կողմը գտնուող Հաժեզ Սալամ:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ զինեալներու պաշտպանական գիծերը մեծ անկում կրած են եւ անոնց ուժերը Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանէն կը նահանջեն դէպի Իտլիպի գիւղական շրջան` սուրիական բանակին կողմէ ամբողջական պաշարման տակ չառնուելու համար:
Մարտական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ սուրիական բանակը աշխատանք կը տանի սեղմելու Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու պաշարման օղակը եւ կտրելու անոնց հաղորդակցութեան ուղիները:
Միւս կողմէ, «Մայատին» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Եփրատի վահանի ուժերու շարքերուն մէջ տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մարեհ քաղաքին մօտ բախում ունեցած են Աֆրինի ազատագրութեան բանակին հետ:
aztagdaily.com/archives/449910