Չհետեւիլ Ցուցադրական-Տպաւորիչի (Շոու-Show)-ի, Խօսիլ Հիմնահարցերու Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Չհետեւիլ Ցուցադրական-Տպաւորիչի (Շոու-Show)-ի, Խօսիլ Հիմնահարցերու Մասին

14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ուշադրութիւն գրաւելու, մրցակցութեան, տպաւորելու եւ մարդորսութեան համար սովորական են ցուցադրական-տպաւորիչ (շոու-show) նախաձեռնութիւնները, որոնք տուրք կու տան անմիջականի, վնասակար չեն, բայց ապագայակե՞րտ են, ի՞նչ ձեւով կը նպաստեն մեր ժողովուրդի հիմնահարցերու լուծման, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Վնասակար չեն, բայց օգտակա՞ր են:

Նորութիւն չէ` ինչ որ պիտի ըսեմ, շատեր գիտեն, բայց չենք խօսիր` մեր անզօրութիւնը խոստովանելով կամ տուրք տալով չխրտչեցնելու անմակարդակ քաղաքականութեան: Թիւր ըմբռնում պէտք չէ ունենալ: Դէմ ըլլալ կղզիացման (կեթթօ)` չի նշանակեր ինքնութիւն խաթարել կամ կորսնցնել: Պարտաւոր ենք ապրիլ մեր հեռու եւ մօտ շրջապատին հետ, բայց` ապրիլ առանց անձնատուութեան, այսինքն` այլասերման, մերժելով անոր առաջնորդող յաջորդական շղթայ կազմող նահանջները, զորս կը կոչենք պատշաճեցում եւ լաւ ապրելու իրաւունք:

Մեր ժողովուրդը տոկալու եւ տեւելու խնդիր ունի, մեր փոխարէն ուրիշը լուծում պիտի չբերէ այս խնդրին, մեզմէ ոչ ոք ինքզինք բացառութիւն համարելու բարոյական իրաւունք ունի: Տոկալու եւ տեւելու խնդիրը կը լուծենք հաւաքաբար, կամ չենք տոկար եւ չենք տեւեր, կ’անհետանանք: Տոկալու եւ տեւելու համար անհրաժեշտ եւ անշրջանցելի պայմաններ կան, առաջին հերթին` տէր մնալով արժէքներուն հաւաքաբա՛ր, տուրք չտալով եսի բացառութեան եւ անհատականին: Պարզ. հայու ինքնութիւնը եւ անոր մարդկային լիակատար իրաւունքները կը պահանջեն յանձնառութիւն:

Այդ անհրաժեշտ եւ անշրջանցելի պայմանները պէտք է ընդունիլ բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ` զանոնք չհամարելով նախնական, յետադիմական, տիրացուական, ժամանակավրէպ:

Հողը տէր կ’ուզէ: Կարելի չէ հողին տէր ըլլալ` հեռուն նստելով կամ հեռանալով, այսինքն հայրենատիրութիւնը կը պահանջէ ներկայութիւն: Այսինքն` չլքել հողը եւ վերադառնալ. արտագաղթը աղէտ է ազգին եւ հայրենիքին համար, նոյնքան աղէտ է ազգին եւ հայրենիքին համար հայրենադարձութեան յանձնառութեան բացակայութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլան անոր ճապկումներով եղած արդարացումները:

Հայրենատիրութիւնը կը դառնայ դատարկաբանութիւն, երբ կը փոխարինուի թութակային հայրենասիրութեամբ, զգացումով կամ ծագումով հայու փուչիկով:

Նոյնքան աղէտալի է հայրենադարձութիւնը խոչընդոտել վարչական-դիւանակալական տաղտուկներով, կամ հայրենադարձողը դիտել որպէս առաւել կամ նուազ օտար:

Ազգը նկարագիր կ’ուզէ: Ծագումով հայ (d’origine arménienne), զգացումով հայ, կէս հայ, քառորդ հայ` լեզուագարութիւններ են, որոնք կը նմանին շեղբի վրայ քալելու: Ի՞նչ կը նշանակեն նման բացատրութիւններ, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու կը ծառայեն: Ի՞նչ յանձնառութիւն ունին անոնք, ինչ կը վերաբերի սեփական երկրի պաշտպանութեան, սեփական դիմագիծի պահպանման, սեփական ինքնութեան ստորոգելիներու:

Ինչպէ՞ս կ’ապրուի ազգի իրաւ անդամութիւնը: Պէտք է գիտնալ տարբերութիւնը ազգի եւ համայնքի: Ազգի աւելի քան կէսը այս անորոշութեան ովկիանոսին վրայ կը ծփայ: Համայնքը, ի՛նչ ալ ըլլան խօսքի ճապկումները, սեփական երկրէն դուրս, աւելի մեծ ամբողջի մը մէջ առանձնացած հաւաքականութիւն մըն է, ժամանակի ընթացքին, մերուելով, կ’ըլլայ նուազ առանձնացած, զիջելով իր ինքնուրոյնութեան յատկանիշները` լեզուական, կրօնական, բարքերու եւ երբեմն նոյնիսկ գոյնի, դառնալով իրապէս ծագումով միայն տարբեր, եւ այդ ալ օր մը կը մոռցուի: Ազգի անդամութիւնը, ի հարկէ, կ’ապրուի սեփական հայրենիքի մէջ, ուր ապրած են նախահայրերը, եւ պէտք է ապրին յաջորդները: Հայրենիքէն դուրս, որքան որ ալ պահած ըլլանք ազգի յատկանշական արժէքները եւ յանձնառութիւնները, հաւաքականութիւնները համայնք են` լեզուական, կրօնական, գոյնի եւ ծագման: Համարկումը (intégration) ուշ կամ կանուխ պիտի յանգի ձուլման (assimilation): Ժամանակի հարց է: Հետեւաբար հայրենիք պահել, հայրենիք չլքել, չարտագաղթել եւ հայրենադարձութիւն` անցագիր են ազգի անդամութեան, այսօրուան եւ վաղուան համար:

Ազգը նաեւ մարդոց համրանք է, ո՛չ խմբակցութիւն է, ո՛չ միութիւն, ո՛չ ակումբ, ընկերութիւն` իր բոլոր խաւերով, գիտնականներով եւ արհեստաւորներով, դատաւորներով եւ աւազակներով, արուեստագէտներով եւ մարզիկներով, հարուստներով եւ աղքատներով: Առանց համրանքի ներկայութեան` հայրենիքը կ’ըլլայ անապատ, կու գան նոր տէրեր: Այս տարրական ճշմարտութիւնը պէտք է ըմբռնել, երբ ներսն ենք եւ կ’ուզենք դուրս ելլել, երբ դուրսն ենք եւ այդ կացութիւնը մնայուն կը համարենք:

Համրանքը այդքան է միայն, մարդոց գումար, որուն անդամները կրնան ունենալ զանազան համոզումներ, գիտութիւն եւ որակ, բայց ազգ ըլլալու համար ան պէտք ունի ազգային որակի` անկախաբար գիտութենէն եւ ընդհանրապէս որակէն, որոնց վրայ ան պէտք է գումարուի: Այդ ազգային որակը այլ տեղ եւ ուրիշներու մօտ չի գտնուիր, ան էապէս ինքնուրոյն է եւ ինքնուրոյնութիւն: Ամերիկեան, ֆրանսական կամ ռուսական համալսարաններէ չի ստացուիր ան, ան սեփական լեզու է, որուն հետ կու գան գաղափարներ (héritage de mots, héritage d’idées կ’ըսէր ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ), պատմութիւն է, ազգային դիցաբանութիւն-հերոսապատում է (Հայաստան կ’ըսեն` էպոս), ինչպէս` Սասունցի Դաւիթը: Ազգային որակը պատմութիւն է (ոչ անպայման պատմագիտութիւն), գէթ այնքան, որ մարդ կարենայ ըսել, որ ինք ֆրանսացի, անգլիացի, արաբ, չին կամ թուրք չէ:

Ազգի անդամութիւնը գոյութենական որակի վրայ գումարուող յանձնառութիւն է, այսինքն` ստանձնել տարբեր ըլլալու իրաւունքը, ո՛չ գերադաս, ո՛չ ստորադաս, այլ` ինքնուրոյն: Երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս այլոց նմանելու ախտաւոր բարդոյթի յաղթահարումով կը սկսի այս յանձնառութիւնը:

Այս գիտակցութիւնն է, որ հայ գրողին (Վիգէն Խեչումեան) ըսել կու տայ, որ օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ: Այս իմաստութիւնը օտարին քով օտարէն աւելի փայլուն ըլլալու ինքնացուցադրութիւն չէ (շոու), այլ` ինքնութեամբ, հարազատութեամբ եւ տարբերութեամբ ըլլալ եւ տեւել:

Հայրենիքէ դուրս, մեր պարագային մասնաւորաբար, երբ վերածուած ենք սփիւռք(ներ)ի, ազգի մեր անդամութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ մեր որակը, ժամանակաւորի կնիք ունի: Ան կրնայ դեռ ժամանակ մըն ալ դիմանալ հայասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ, մշակութասիրութեամբ եւ հայաստանեան զբօսաշրջութեամբ, բայց իսկապէս տոկալու եւ տեւելու ռազմավարութիւնը, մարտավարութիւնը եւ հեռանկարը (stratégie, tactique, projet) կը բնորոշուի հայրենատիրութեամբ, որուն առանցքին կը գտնուի հայրենադարձութիւնը, որպէսզի ազգի անդամները միասնաբար դիմաւորեն սպառնացող վտանգները եւ իրենց ինքնուրոյնութեամբ մնան պատմութեան բեմին վրայ:

Եւ ի հարկէ, այս բոլոր խօսքերը փուճ են, եթէ բացակայի յանձնառութիւնը: Հայրենադարձութիւն, հայրենատիրութիւն, հայրենիքի ամբողջացում, համրանքի անվտանգութիւն եւ աճ, պատմութեան գիտակցութիւն (ոչ որպէս սոսկ գիտութիւն, օտարներ կան, որոնք մեզմէ լաւ գիտեն մեր պատմութիւնը), հայախօսութիւն, լեզուի եւ մշակոյթի պաշտպանութիւն, հաւասարապէս կը պահանջեն յանձնառութիւն:

Ղեկավարութիւններու պարտականութիւնն է առաջնորդել այս համագումար յանձնառութիւնը, այսօ՛ր, ինչ ալ եղած ըլլան գործի ընթացքին յայտնուած տարբերութիւնները:

Յաջողելու ուժը մենք պիտի ըլլանք: Ոչ ոք յաջողութիւնը ափսէի վրայ դրած մեզի պիտի հրամցնէ:

Հասկնալ, որ նոյնիսկ եթէ թերահաւատներ կան, անհատաբար եւ հաւաքաբար պատասխանատու ենք եւ պարտաւոր ենք ըլլալ յանձնառու, կրկնենք, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ, որպէս ինքնուրոյն եւ ազատ ժողովուրդ:

Առանց ճապկումներու` ըլլալ հարազատ յաջորդները անոնց, որոնք իրենց խօսքով եւ գործով ազգ պահած են եւ վերականգնիլ:

Վերջին մայրաքաղաքի Սասունցի Դաւիթը (գործ` Երուանդ Քոչարի)

aztagdaily.com/archives/449650

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail