Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլեան Օդուժը Իրաքի Մէջ Կը Խանգարէ Միացեալ Նահանգներու Ծրագիրը

Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլեան Օդուժը Իրաքի Մէջ Կը Խանգարէ Միացեալ Նահանգներու Ծրագիրը

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Անցեալ ամիս իսրայէլեան օդուժի «Էֆ-35» ռմբաձիգները Իրաքի մէջ երկու անգամ ռմբակոծեցին իրանեան ռազմական թիրախներ, բան մը, որ անորոշութիւն մը ստեղծեց ամերիկեան վարչակազմին մօտ:

Վերջին անգամ իսրայելեան օդուժը Իրաքը ռմբակոծեց, երբ 1981-ին Սատտամ Հիւսէյն կը պատրաստուէր հիւլէական ծրագիրի մը, եւ իսրայէլեան կառավարութիւնը ամերիկեան հետախուզական կազմակերպութեան հետ ռմբակոծելով Իրաքը` վերջ դրաւ այդ ծրագիրին: Մինչ Ուաշինկթըն կանաչ լոյս տուած է Իսրայէլին` Սուրիոյ մէջ ռմբակոծելու իրանեան զինուորական կեդրոնները, արտօնութիւն չէր տուած անոր Իրաքի մէջ եւս նոյնը ընելու: Իրաքը կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, եւ Իսրայէլի կողմէ այսպիսի քայլ մը կրնայ վտանգել արդէն իսկ հարցականի տակ առնուած Իրաք-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնը: Բան մը, որ կը բխի իրանեան շահերէն: Միացեալ Նահանգներ նաեւ մտահոգ են, որ այսպիսի միակողմանի քայլ մը կրնայ վտանգել Իրանի քաղաքական կայունութիւնը եւ տկարացնել ամերիկեան քաղաքական շահերը:

Իրաքը Սուրիոյ չի նմանիր: Իսրայէլի արդարացումը այն է, որ Սուրիոյ հարաւը գտնուող Կոլանի բարձունքներու սահմանին մօտ Իրանի զինուորական կեդրոններուն մէջ գտնուող Հըզպալլայի ղեկավարներ եւ համակիրներ ապագային կրնան գործողութիւններ կատարել Իսրայէլի մէջ: Հետեւաբար իրանեան ռազմական կեդրոնները վտանգ կը սպառնան անոր: Աւելի՛ն. Իսրայել ամբաստանած է իրանը, որ Սուրիոյ ճամբով հրթիռներ կը փոխադրէ Լիբանան: Հետեւաբար իրանեան կամ Հըզպալլայի ռազմական թիրախի վրայ որեւէ յարձակում Իսրայէլի կողմէ` կը նկատուի «ինքնապաշտպանութիւն» եւ ստացած է Միացեալ Նահանգներու ու երբեմն ալ Ռուսիոյ «օրհնութիւնը»: Սակայն նոյնը կարելի չէ կատարել Իրաքի մէջ, որ Իսրայէլի սահմանէն բաւական հեռու է:

Իսրայէլեան աղբիւրներ կը նշեն, որ ռմբակոծումը կատարուեցաւ իրանեան հրթիռներու եւ շիիական աշխարհազօրի կեդրոններուն վրայ, որոնք վտանգ կը սպառնային Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան: Այսպիսով, Իրաք դարձեալ դարձաւ Իսրայէլի թիրախը: Իսրայէլի համար ասիկա ճնշումի խաղաքարտ է Թեհրանի վրայ, սակայն Ուաշինկթըն մտահոգ է, որ Պաղտատի քաղաքական կայունութիւնը խաթարուի, եւ Իրանի դաշնակիցները Իրաքի կառավարութեան դէմ քայլերու դիմեն: Այստեղ նաեւ պէտք է յիշել, որ Իրանի դաշնակիցները գետնի վրայ շատ աւելի մարտունակ եւ զինուած են, քան` Իրաքի բանակը, որ տակաւին վերակազմաւորուելու պէտք ունի:

Միացեալ Նահանգներու համար ասիկա «կարմիր գիծ»-երը անցնելու ազդանշան է: Ուաշինկթըն ռազմական ուժը չունի մխրճուելու Իրաքի ներքին քաղաքականութեան մէջ, անոր դաշնակիցներուն ներկայութիւնը սահմանափակ է,իսկ քրտական գործօնը` տկարացած: Իսկ Իրան գետնի վրայ ունի հսկայ ռազմական ցանց մը եւ դաշնակիցներ, որոնք կրնան ապակայունացնել Պաղտատի ներքին հաւասարակշռութիւնը: Հետեւաբար Ուաշինկթընի քաղաքական շահերուն չի համապատասխաներ, որ Իրաք դառնայ իրանեան խաղաքարտ մը: Եթէ Միացեալ Նահանգներ կորսնցնեն Իրաքը, ապա ասիկա իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Արաբական ծոցի ներքին կայունութեան վրայ: Սակայն` որքանո՞վ Միացեալ Նահանգներ կը կարենան զսպել Իսրայէլը, ասիկա այլ հարցման նշան մըն է:

Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/449819

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail