«Լիբանանի, Դիմադրութեան Եւ Ոսկեայ Տարազին Ուժն Է, Որ Տապալեց Թշնամին Եւ Կերտեց Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանի, Դիմադրութեան Եւ Ոսկեայ Տարազին Ուժն Է, Որ Տապալեց Թշնամին Եւ Կերտեց Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ վերջերս` տօնական օրերուն ընթացքին դէպի հարաւային Լիբանան ուղղուած բնակիչներուն եւ իրենց գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն մէջ իրենց արձակուրդը հանգիստ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ վայելած պահերուն, որոնք զուրկ էին մտահոգութենէ եւ վախէ, թէ որեւէ ատեն Իսրայէլ կրնայ յարձակում սանձազերծել Լիբանանի դէմ:

«Այս իրականութիւնը շատ կարեւոր է: Կարեւոր է նաեւ տեսնել, թէ 2006-էն ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ ներդրումներ կը կատարուին, առանձնատուներ կը կառուցուին, շրջանը կը բարգաւաճի ու կը գեղեցկանայ, որպէսզի թշնամին տեսնէ, թէ լիբանանցին տոկալ ու դիմադրել գիտէ: Իսկ մեր պարտականութիւնն է այդ շրջանը պաշտպանել եւ չարտօնել, որ թշնամին զայն քանդէ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց արժանապատուութեամբ կերտած են իրենց ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը: «Անոնք «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին շնորհիւ է, որ կրցած են պաշտպանել իրենց հողը եւ յաղթանակներ կերտել: Հետեւաբար այդ ուժը եւ տարազը պէտք է ամէն գնով պաշտպանել», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով յուլիսեան պատերազմին` սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ այդ պատերազմը ամերիկեան ծրագիր մըն էր, որուն նպատակն էր Նոր Միջին Արեւելք մը ստեղծել, եւ անիկա ամբողջացումը կը նկատուէր Աֆղանիստանի եւ ապա Իրաքի դէմ ամերիկեան ներխուժումներուն: «Հետեւաբար կարելի է հաստատել, որ Իսրայէլ գործիք մըն էր` այդ պատերազմին գործադրութեան համար: Իսրայէլը իբրեւ այդ պատերազմը գործադրող տարր պարտուած դուրս եկաւ այդ պատերազմէն: Իսկ իսրայէլեան պաշտօնական տեղեկագիրներ կը հաստատեն, որ Իսրայէլ պիտի բաւարարուէր միայն առաջին օրուան գործողութեամբ` հակազդելով գերեվարուած իսրայէլացի զինուորներուն գործողութեան դէմ, սակայն Միացեալ Նահանգներ ստիպած էին անոր շարունակելու պատերազմը` իրականացնելու համար հիմնական հինգ կէտեր, որոնք են. 1) Քանդել Դիմադրութիւնը Լիբանանի մէջ, 2) Քանդել Դիմադրութիւնը Պաղեստինի մէջ, 3) Քանդել Սուրիան եւ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, 4) Քանդել Իրաքի մէջ նոր սկսած իսկական Դիմադրութիւնը եւ 5) Իրանը մեկուսացնել, տկարացնել ու տապալել զայն: Սակայն պատերազմը վերջ գտաւ, որովհետեւ Իսրայէլ խոստովանեցաւ ամերիկեան վարչակարգին, թէ ինք անկարող է տոկալ եւ դիմանալ այդ պատերազմին: Այլ խօսքով` ամերիկացիները եւ իսրայէլացիները անդրադարձան ու ընդունեցին, որ պատերազմը ձախողած է իր նպատակին հասնելէ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ նաեւ, որ եթէ Իսրայէլ շարունակէր պատերազմը, ապա հսկայական աւերի եւ աղէտի պիտի առաջնորդէր երկիրն ու քաղաքացիները: «Ուրեմն պէտք է լաւ ըմբռնել, որ դուք ձեր կամքով, համբերութեամբ եւ նուիրումով դիմացաք, տոկացիք եւ հաւատարիմ մնացիք Լիբանանին: Լիբանանի, Դիմադրութեան եւ ոսկեայ տարազին ուժն է, որ տապալեց թշնամին», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` իր խօսքը ուղղելով Պընթ Ժպէյլի մէջ հաւաքուած բազմութեան:

Ան անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երէկուան յայտարարութեան` հաստատելով, որ երկիրը աւելի եւս կը հզօրանայ, երբ պաշտօնական կեցուածքը կ՛ըլլայ այն, որ եթէ Իսրայէլ մեզի դէմ դարձեալ յարձակում սանձազերծէ, Լիբանան անգամ մը եւս պիտի յաղթէ:

Ապա սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց 2006-ի պատերազմի օրերուն ամէնէն կարեւոր եւ ռազմավարական օղակին, որ կազմուած էր Պընթ Ժպէյլ-Այնաթա-Մարուն Ռաս-Այթարուն գիւղաքաղաքներէն: Ան շեշտեց, որ այս շրջանները կը կազմեն Դիմադրութեան խարիսխը, որ կարելի չեղաւ խախտել թշնամի Իսրայէլի կողմէ, եւ որուն շնորհիւ պաշտպանուեցան հարաւային Լիբանանի մնացեալ բոլոր շրջանները:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները կռուեցան, դիմադրեցին եւ հերոսաբար դիմագրաւեցին պատերազմական ծանր պայմաններ, բայց դիմացան իսրայէլացի զինուորներուն դիմաց: «Մինչ Իսրայէլ 13 տարիէ ի վեր կը փորձէ իր բանակը վերակազմակերպել, իսրայէլացի զօրավարներ եւ քաղաքական գործիչներ տակաւին կը շարունակեն իրենք իրենց եւ իրենց ժողովուրդին ու աշխարհին փաստել, որ Իսրայէլ սարդոստայնէ մը աւելի դիւրաբեկ չէ», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը ինքզինք կազմակերպած է եւ աւելի հզօրացած ու զինուած, այն աստիճան, որ Դիմադրութիւնը այսօր կրնայ Պընթ Ժպէյլ-Այնաթա-Մարուն Ռաս-Այթարուն օղակին մէջ եւ ուղղակի սփռումով իսրայէլեան հրասայլերը պայթեցնել եւ բանակին յաղթել:

Ան նշեց նաեւ, որ ինք իսրայէլեան բանակի ռազմավարական բաժանմունքի նախկին պատասխանատուին իսկ վկայութեամբ կրնայ հաստատել, որ Իսրայէլ խախուտ երկիր է, եւ փոքր քանակութեամբ թիրախահար հրթիռներով կարելի է իսրայէլեան բնակչութեան բոլոր շրջանները քանդել:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ սանձազերծել կը նշանակէ ամբողջ Դիմադրութեան առանցքը թիրախ դարձնել եւ ամբողջ շրջանը բռնկեցնել:

«Նոյնն է պարագան Իրանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելուն, որովհետեւ անիկա իր կարգին կը նշանակէ Դիմադրութեան առանցքին դէմ պատերազմիլ: Մենք առանցք մըն ենք, որ պատերազմը կ՛արգիլենք, հետեւաբար մեր առանցքին վրայ կարելի է գրաւ դնել` պատերազմի հաւանականութիւնը կասեցնելու նպատակով», շեշտեց ան:

Շրջանային առումով, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ` հաստատելով, որ համաշխարհային պատերազմ մը դիմագրաւած Սուրիան կ՛ուղղուի դէպի վերջնական յաղթանակ:

Լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կը հաւատայ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան: Ան ըսաւ, թէ քաղաքական եւ ժողովրդային բախումներն ու տագնապները երկրին շահերուն չեն ծառայեր` ընդգծելով, որ Հըզպալլա կը մերժէ այդ քայլերը եւ կառչած կը մնայ լիբանանեան ազգային անվտանգութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հըզպալլա ոչ ոք կ՛ուզէ ջնջել, եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն իրարու ջնջելու ծրագիրներէն հրաժարելու, մեծամտութենէն հրաժարելու եւ ընդունելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

aztagdaily.com/archives/450046

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail