Ժիպրալթար Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Արտօնեց Ազատօրէն Նաւարկել. Իրան Այդ Քայլը Կը Նկատէ Իր Յաղթանակը

Ժիպրալթար Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Արտօնեց Ազատօրէն Նաւարկել. Իրան Այդ Քայլը Կը Նկատէ Իր Յաղթանակը

17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ժիպրալթարի վարչապետ Ֆապիան Փիքարտօ որոշեց իրանեան քարիւղատար «Կրէյս 1» նաւուն արտօնել հեռանալ Ժիպրալթարէն: Ժիպրալթարէն դատաւոր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իշխանութիւնները այդ քայլին դիմած են` «հակառակ արգելակման ամերիկեան փորձերուն»:

Իրանեան ծովուժէն պաշտօնատար մը իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նաւուն սեփականատէրը նշած է, թէ քարիւղատարը պիտի շարունակէ դէպի Միջերկրականի նաւահանգիստներ իր նաւարկումը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ նշեց, որ Ժիպրալթար գտնուող իրանեան քարիւղատար նաւուն նաւարկման արտօնութիւն տալը «ամերիկեան ծովահէնութեան ձախողութիւնն է»: Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «մեծ ջանք թափեցին իրանեան «Կրէյս 1» նաւու դէմ հաստատուած արգելանքի ջնջումը արգիլելու, սակայն պարտութեան մատնուեցան»:

Ժիպրալթարի իշխանութիւնները մէկ օր առաջ ազատ արձակած էին «Կրէյս 1»-ի նաւապետն ու անձնակազմի երեք անդամները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրանեան իշխանութիւնները ոչինչ խոստացան Ժիպրալթարի մէջ գրաւուած իրանեան քարիւղատար նաւուն նաւարկման արտօնման դիմաց»:

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ կառավարութիւնը կը սպասէ Ժիպրալթարի կառավարութեան դրական քայլին` «բարի կամեցողութեան փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ պատասխանելու համար»:

Ալի Ռապիհի երէկ յայտնեց. «Քարիւղատար «Կրէյս 1» նաւուն առանց (իրանեան) երաշխիքներու նաւարկման արտօնումը Իրանի իսլամական հանրապետութեան համար յաղթանակ է»:

aztagdaily.com/archives/450075

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail