«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով Կլոր սեղանի մասնակիցներուն որոշումը

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով Կլոր սեղանի մասնակիցներուն որոշումը

(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)http://lousavor-avedis.org/?p=17319

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային ու հայրենասիրական հասարակական միութիւններու եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներուն կազմակերպած «Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով միջոցառումը, որ տեղի ունեցաւ 11 Մարտ 2017-ին, Կլոր սեղանի մասնակիցներու քննարկումներուն արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ նախորդ խորհրդաժողովի` «Այլակրօն հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով 08 Սեպտեմբեր 2016-ի մասնակիցներուն արտայայտած կարծիքներուն հիման վրայ որոշեց ստեղծել աշխատանքային խումբեր, հետապնդելու համար հետեւեալ ծրագրային նպատակները.

Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերուն վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու մէկտեղումը մէկ գրադարան-պահոցի մէջ:

Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերուն հետ կապերու հաստատման վերաբերեալ տարեկան աշխատանքային ծրագիրի (ծրագիրներու) մշակումը:

Արմենակ Հարմանտայեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

20.10.2016 թ,

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail