Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայաստանի Զինուած Ուժերը Ռազմավարական Նշանակութեան Դիրքերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են»

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայաստանի Զինուած Ուժերը Ռազմավարական Նշանակութեան Դիրքերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են»

19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019:

Հայաստանի Զինուած ուժերը ռազմավարական նշանակութեան դիրքեր առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով շրջանառուող լուրերուն, որ հայկական զինուժը Տաւուշի հիւսիսային հատուածին մէջ ունեցած է նոր բնագիծ` վերահսկողութեան տակ առնելով Վրաստանէն Հայաստան մտնող կազատարը եւ Հայաստան-Վրաստան մայրուղին:

«Ազրպէյճանը դիւրութեամբ պիտի չընկալէ, որ 25 տարի կազատարին նկատմամբ վերահսկողութիւն ունէր եւ հիմա կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը: Ատիկա առանցքային եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար», ըսաւ ան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ նման տեղեկութիւններ սովորաբար նախարարութիւնը գաղտնի կը պահէ` զինուորներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Ատիկա մշտական գործընթաց է, զինուած ուժերը միշտ կ՛աշխատին բարելաւել դիրքային իրավիճակը», աւելցուց ան:

Նշենք, որ պատմաբան, զինուորական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան դիմատետրի իր էջին գրած էր, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած են Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ կրցած են աւելի քան 140 հեկտար տարածք ազատագրել, որուն շնորհիւ հայկական ուժերու զբաղեցուցած բարձր դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ է Ազրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, թիրախային գօտիին մէջ են նաեւ ազրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքատարածութիւններն ու արօտավայրերը:

aztagdaily.com/archives/450227

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail