Թէժ մարտերու ընթացքին սուրիական բանակը մուտք գործած է Խան Շէյխուն
Սուրիական Բանակը Մտաւ Խան Շէյխուն
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտելռահման յայտնեց. «Սուրիական վարչակազմի ուժերը արդէն կը գտնուին Իտլիպի հարաւը գտնուող Խան Շէյխուն քաղաքէն միայն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»:
Ան ԱՖՓ-ին յայտնեց, թէ զինեալ եւ ժիհատական խմբաւորումներուն ու սուրիական բանակին միջեւ տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ` նշելով, որ սուրիական բանակը կը փորձէ նաեւ յառաջանալ Խան Շէյխունի արեւելեան կողմէն, սակայն բուռն դիմադրութեան կը հանդիպի»:
Ան ըսաւ, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է մօտակայ Թալ Նար գիւղը եւ այդպիսով ան այժմ կը գտնուի Հալէպ-Դամասկոս միջազգային մայրուղիէն երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այդ մայրուղին կը գտնուի զինեալներու վերահսկողութեան տակ եւ անոր մէկ բաժինը կ՛անցնի Իտլիպի նահանգէն:
Սուրիական բանակը քանի մը օրէ ի վեր կը յառաջանայ դէպի Խան Շէյխուն, որ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանի մեծագոյն քաղաքն է եւ ուրկէ կ՛անցնի Հալէպը Դամասկոսին կապող ռազմավարական մայրուղին:
Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Գամիշլիի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով արձանագրուած է առնուազն զոհ մը:
Երէկ ուշ երեկոյեան Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Թէժ մարտերու ընթացքին սուրիական բանակը մուտք գործած է Խան Շէյխուն:
aztagdaily.com/archives/450233