Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Խան Շէյխունը

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Խան Շէյխունը

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Նախագահի Վարչակարգն Ու Անոր Դաշնակիցները Պէտք Է Հիմա Իսկ Վերադառնան Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Դրութեան»

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց, որ սուրիական բանակը ազատագրած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Խան Շէյխուն քաղաքը, ուրկէ բուռն բախումներէ ետք հեռացած են ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները:

Դիտարանը նաեւ յայտնեց, որ սուրիական բանակը ազատագրած է նաեւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի շարք մը գիւղեր, ուրկէ եւս հեռացած են զինեալները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս ընկերային ցանցի ճամբով շեշտեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգն ու անոր դաշնակիցները պէտք է հիմա իսկ վերադառնան Իտլիպի մէջ զինադադարի դրութեան»:

«Քաղաքայիններու եւ մարդասիրական ու ենթակառոյցներու նորոգութեան ոլորտին մէջ աշխատողներու դէմ շարունակուող վայրագ յարձակումներուն ընթացքին թրքական կարաւանի մը դէմ անպատասխանատու օդային հարուած մը տեղի ունեցաւ: Կը դատապարտենք այս բռնարարքները, որոնք պէտք է դադրին», նշեց ան:

Յիշեցնենք, որ սուրիական օդուժը ռմբակոծած էր դէպի Խան Շէյխուն շարժող թրքական բանակի շարասիւնի մը մերձակայքը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հսկողութեան 9-րդ կէտ ուղղուող թրքական զինուորական շարասիւնին դէմ սուրիական օդային հարուածին պատճառով 3 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ 12 ուրիշներ վիրաւորուեցան»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, թէ Անգարան պիտի չվերցնէ հսկողութեան այն կէտը, ուր ուղղուած ատեն թրքական բանակի շարասիւնը օդային հարուածի ենթարկուած էր:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ Անգարա այլընտրանքային ծրագիր մը ունի, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ:

Ան յայտարարեց, թէ Անգարան անվտանգութեան գօտիի հարցով ամերիկեան որեւէ ձգձգումի պիտի չտոկայ` աւելցնելով, որ ամերիկացիները նախ եւ առաջ պէտք է անկեղծ ըլլան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա խիստ կերպով պիտի հակադարձէ Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորներու դէմ որեւէ յարձակումի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական եւ թրքական բանակներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ ռուս զինուորներ կը գտնուին Իտլիպի նահանգին մէջ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ «Միացեալ Ռուսիա» կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց. «Իտլիպի մէջ վերջին բախումները կասկած ունեցողներուն բացայայտեցին Անգարայի յստակ եւ անսահման աջակցութիւնը ահաբեկիչներուն»:

aztagdaily.com/archives/450583

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail