Անդրադարձ. Վերջալոյսը Յետաձգելու Փորձեր – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի 18 օգոստոսին բուռն կերպով քննադատեց «ամերիկացի պաշտօնատարներու Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ յայտարարութիւններն ու համաձայնութիւնները», զանոնք նկատեց «սադրիչ եւ մտահոգիչ» եւ աւելցուց, որ այդ գօտիին ստեղծումը «պիտի քայքայէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը նկատուի Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն»: «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ամերիկացիներուն վարմունքը Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու ամբողջականութեան բացայայտ ոտնահարում մըն է», իրաւամբ նշեց ան:
Անոր յայտարարութեան մէջ, սակայն, ուշագրաւը այդ «սադրիչ եւ մտահոգիչ» համաձայնութեան կողմերէն մէկուն չգոյութիւնն է: Այդտեղ չկայ երկար ատենէ ի վեր այդ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը պահանջող կողմին` Թուրքիոյ անունը: Թեհրան զանց կը կացուցէ զայն իր արդար քննադատութենէն: Առաջին հայեացքով ատոր անմիջական պատճառը կը թուի ըլլալ 11 սեպտեմբերին Անգարայի մէջ գումարուելիք Թուրքիա-Իրան-Ռուսիա եռակողմ վեհաժողովը:
Այդ նախատեսուած վեհաժողովը, սակայն, արգելք չեղաւ, որ Թուրքիա 19 օգոստոսին քննադատէ Ռուսիան սուրիական օդուժին կողմէ ահաբեկիչներու օժանդակութեան փութացող թրքական բանակի շարասիւնի ռմբակոծման համար` նշելով. «Յարձակումը խախտում մըն է Անգարայի համաձայնութիւններուն եւ Ռուսիոյ հետ անոր գործակցութեան»: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուց, որ Թուրքիան կարաւանին մասին տեղեակ պահած էր Ռուսիան:
Այստեղ եւս կայ ուշագրաւ զանց առնում մը` չկայ նշում մը Իրանին, որուն եւս վստահաբար տեղեակ պահած էր Անգարան: Կարելի է եզրակացնել, թէ երկուստեք գոյութիւն ունի, անհեթեթութեան գնով, զիրար քննադատելէ զգուշանալու փորձ մը, որ սակայն անյաջող է, որովհետեւ երբ Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգութեան գօտիի «սադրիչ», Սուրիոյ ներքին հարցերու միջամտութիւն ու Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու ամբողջականութեան բացայայտ ոտնահարում եղող այդ համաձայնութիւնը կնքելուն համար կը քննադատես այդ գօտիի ստեղծումէն դժկամող Ուաշինկթընը, նոյն ատեն քննադատած կ՛ըլլաս զայն պահանջողը, այդ համաձայնութիւնը կնքած երկրորդ կողմը:
Թուրք-իրանեան այս արհեստական ու անհեթեթ ջանքը կը ծառայէ միայն յետաձգելու թուրք-իրանեան մերձեցման վերջալոյսը` երկու կողմերուն միջեւ խզումը, որ Սուրիոյ մէջ զարգացումներու ներկայ ընթացքով կը թուի ըլլալ անխուսափելի:
aztagdaily.com/archives/450337