Հայասպանութեան Վկայութիւն` Օսմանեան Բանակի Հայ Զինուորականի Մը Կողմէ
21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
«Տաճկահայ զինուոր եւ զինուորականութիւնը» խորագրեալ յուշագիրքով (Համազգայինի հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1967, 121 էջ), հեղինակը` օսմանեան բանակի սպայ Գալուստ Սիւրմէնեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի տեւողութեան օսմանեան, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ իր ծառայութեանց եւ ընդհանուր կացութեան նկարագրութիւնն ու պատումը կ՛ընէ:
Մինչեւ օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումը` «Հայերը զերծ էին զինուորական ծառայութենէ, ասոր փոխարէն` տարեկան որոշ տուրք մը կը վճարէին պետութեան» (էջ 11), կ՛ըսէ հեղինակը: Բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ հայերը զրկուած էին զինուորական ծառայութենէ եւ, հետեւաբար, արգիլուած էր անոնց զինավարժութիւն ընել. հակառակ ասոր` հայերը տարեկան տուրք ալ կը վճարէին պետութեան, զէնք կրելու իրաւունքէն զրկուած ըլլալով հանդերձ: Թուրքերը հայերը բանակի ծառայութենէն զրկելով` առնուազն երկու բան կը շահէին միանգամայն: Առաջինը` հայը անզէն կը մնար, ինչ որ ձեռնտու էր թուրքին, իսկ երկրորդ` անզէն մնալու այս «շնորհք»-ին համար հայը ամէն տարի պարտադիր տուրք ալ կը վճարէր պետութեան:
Հայերէն ոմանք, որոնք սահմանադրութեան անկեղծութեան չէին համոզուած, կողմնակից չէին հայոց բանակ մտնելուն: Իսկ «հայ ժողովուրդին մէկ մասն ալ կ՛ուզէր օգտուիլ ներկայացուած առիթէն, ծանօթանալ զէնքի գործածութեան` անոր մէջ ի հարկին իր անհատական ու հաւաքական ապահովութիւնը փնտռելով» (էջ 12): Ամէն պարագայի իթթիհատական կառավարութիւնը 1910-էն սկսաւ հայերէն զինուոր առնել պարտադիր կերպով: Օսմանեան դասական բանակին մէջ բարեկարգումներ մտցուեցան 9 յուլիս 1910-ին, ըստ 1908-ի սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք տրուած որոշումին (տե՛ս https://en.wikipedia.org/wiki/Ottoman_Army_(1861%E2%80%931922) համացանցային կայքը): «Թուրքիոյ բնակչութեան բաղկացուցիչ բոլոր ազգերն ալ պարտաւոր էին զինուորական ծառայութիւն կատարելու» (էջ 12), կ՛աւելցնէ հեղինակը:
Հայերը սկսան օսմանեան բանակին ծառայել եւ աւելի ուշ դէպքերը պարզեցին, որ անոնք բացառիկ ընդունակութիւններու տէր են: Թուրք բարձրաստիճան զինուորականներ իրենց տան եւ գործին մէջ աշխատող թուրք զինուորները փոխարինեցին հայ զինուորներով, որոնք շուտով տասնապետի կամ ենթասպայի աստիճան ստացան: «Հետագային դէպքերը եկան փաստելու, որ հայը ոչ միայն լաւ առեւտրական կամ արհեստաւոր է, այլ նաեւ` քաջ զինուոր» (էջ 12), կ՛աւելցնէ Գալուստ Սիւրմէնեան: Հայ զինուորները թէ՛ Պալքանեան, թէ՛ Ա. Համաշխարհային պատերազմներուն բազմաթիւ քաջագործութիւններ արձանագրեցին, կ՛ըսէ հեղինակը:
Ինչպէս յիշեցինք, թուրքերը սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք արտօնեցին ոչ իսլամ օսմանցի ազգերուն, որ բանակին ծառայեն պարտադիր կերպով: Ներկայացուած առիթէն օգտուելով, Գալուստ Սիւրմէնեան զինավարժութեան եւ զէնք կրելու հանգամանքէն հրապուրուած` քանի մը ուսանող հայ ընկերներու հետ բանակ կը մտնէ: Ան օսմանեան Դ. բանակի կեդրոն, Երզնկայի զինուորական Ռիւշտիէ եւ Էտատիէ վարժարանները կ՛աւարտէ ու 1910-ին կը մեկնի Կ. Պոլիս եւ կը մտնէ Բանկալթիի զինուորական վարժարանը` Հարպիէ, որ 1400 աշակերտ ունէր: Վարժարանի տնօրէնն էր Վեհիպ պէյ (այն ատեն գնդապետ, ետքը` փաշա եւ Կովկասեան ճակատի հրամանատար):
Աւարտելէ անմիջապէս ետք Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը պայթի, եւ բանակի հրամանատարութիւնը Գալուստը իր ծննդավայրը` Երզնկա կը ղրկէ ծառայութեան: Ապա ան երկուքուկէս ամիս ետք Ամասիա կը փոխադրուի, որովհետեւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, «Ռուս-թրքական պատերազմը երբ սկսաւ, ռուսերը թրքական սահմանը անցան, ու մինչեւ դեկտեմբերի ութ [1914] հասան Բասէնի, Պայազիտի եւ Ալաշկերտի հովիտը. լաւ դաս մը տուին թուրքերուն, ջարդ ու փշուր ըրին թէ՛ սահմանապահ ուժերը եւ թէ՛ Համիտիէի քիւրտ ալայները, ու ապա ետ քաշուեցան» (էջ 18):
Գալուստ Սիւրմէնեան օսմանեան Դ. բանակի զօրաբաժինին հետ Թորթում եւ ապա Օլթի կ՛երթայ, ուր անոնք ռուսական բանակին հետ բախում կ՛ունենան: Սիւրմէնեան կը վիրաւորուի եւ Օլթիի զինուորական հիւանդանոցը կը տարուի: Ճակատի վրայ թուրքերը նոր ուժերով կը փորձէին գրաւել այն շրջանները, ուրկէ ռուսերը կը նահանջէին: Ռուսական յարձակման ատեն սաստիկ ցուրտէն, յոգնածութենէն ու սնունդի պակասէն թրքական բանակը Սարըղամիշի դռներուն առջեւ մեծ պարտութիւն կրած էր 19 յունուար 1915-ին եւ խայտառակ կերպով սկսած էր նահանջել: Ասոր մասին հեղինակը կ՛ըսէ. «Թրքական բանակին քառորդը չէր մնացած, սպաննուածին, գերի տարուածին հաշիւը չկար. ողջ դարձողներէն շատերն ալ ցուրտին իրենց ձեռքերը կամ ոտքերը կորսնցուցած էին… Էնվեր հայ զինուորի մը անձնազոհութեան շնորհիւ մահէն մազապուրծ ազատեցաւ եւ իր երազները հովին տուած` շունչը Կ. Պոլիս առաւ» (էջ 21): Դ. բանակի հրամանատարութիւնը Գալուստ Սիւրմէնեանը Կարին կը ղրկէ: Ան ճամբան ժանտատենդէ կը բռնուի: «Սաստիկ ցուրտը, սնունդի պակասը, կեղտոտութիւնն ու աննպաստ պայմանները բանակին մէջ յառաջ բերած էին ժանտատենդի (թիֆիւս) վարակիչ հիւանդութիւնը: Գիւղ, քաղաք, Կարինէն մինչեւ Սեբաստիա, երկրին ամէն կողմը բռնած էր այդ մահաբեր հիւանդութիւնը, որ բաւական երկար տեւեց: Թէ՛ բանակէն եւ թէ՛ ժողովուրդէն տասնեակ հազարաւոր կեանքեր խլեց: Բանակի հրամանատարն անգամ զոհ գնաց ոջիլի այդ հիւանդութեան» (էջ 21-22), կ՛ըսէ հեղինակը, որ երկու ամսուան համար արձակուրդ կ՛առնէ եւ տուն` Երզնկա կը մեկնի:
Էնվեր իր պարտութեան վրէժը կ՛ուզէ հայերէն առնել: Ան Կ. Պոլսէն հրաման կ՛արձակէ բոլոր ճակատներու հայ սպաներն ու զինուորները տեղ-տեղ խումբերով հաւաքել եւ ճանապարհաշինութեան կամ թիկունքային աշխատանքներու վրայ դնել` շուտով զանոնք բնաջնջելու նպատակով: Սիւրմէնեան կ՛ըսէ. «Բայց հայ սպաներէն ու զինուորներէն շատերը բանակին մէջ իսկ, կամ` տեղ չհասած, սպաննուեցան» (էջ 23):
Կրկին Կ. Պոլսէն հրաման կը տրուի հայ զինուորներն ու սպաները հաւաքել եոլ թապուրիի անուան տակ եւ գաղտնի տեղերու մէջ փճացնել զանոնք: Երզնկայի գաւառին մէջ այդ նպատակին համար որոշուած էր բոլոր այրերը հաւաքել Սանսայի ձորը [Սանսա` գիւղ Արեւմտեան Հայաստանի, Էրզրումի նահանգի Երզնկա գաւառին մէջ, Երզնկա քաղաքէն մօտ 50 քմ հարաւ-արեւելք, արեւմտեան Եփրատի աջափնեայ շրջանին, Սանսարա կիրճին քով: 20-րդ դարասկիզբը ունէր 35 տուն բնակիչ: Լինչի քարտէս` Սուսա-Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, էջ 3574 / 4814 (Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան, Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1998, էջ 3574 / 4814) համացանցային կայք, Յ. Ի.]: Հեղինակը Սանսայի ձորի աշխարհագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ` ըսելով. «Սանսայի ձորը կը գտնուի Երզնկայի ու Դերջանի միջեւ Ճիպիճէի լերան հարաւակողմը: Սարըքայայի ու Տէրսիմի լեռներուն միջեւ, ուր Եփրատը Երզնկայի դաշտը մտնելու համար նեղ անցք մը գտած է` 8-10 քմ երկարութեամբ» (էջ 23):
Երզնկայի ճանապարհաշինութեան գումարտակի հրամանատարը (թապուր աղասի) Գալուստ Սիւրմէնեանը կը նշանակէ Սանսայի մէջ հաւաքուած հայ զինուորներու պատասխանատու հսկիչ: Երբ Սիւրմէնեան Սանսա կը հասնի, հայ զինուորներու թիւը 100-ի մօտ էր: Սակայն օր ըստ օրէ անոնց թիւը կ՛աւելնայ: Անոնց հետ կային քանի մը յոյն զինուորներ ալ: Սիւրմէնեան մեծ ճիգ կը թափէ բոլորին մատակարարումը ապահովելու համար, որովհետեւ սկիզբէն չէր նախատեսուած այդքան բազմութիւն եւ անոր համար պատրաստութիւն չէր տեսնուած: Ան շրջակայ քրտական գիւղերէն հաց եփելու համար սաճեր (մետաղէ կլոր սալիկ, որուն վրայ հաց կ՛եփեն, Յ. Ի.) բերել կու տայ եւ բոլորին հացի պահանջը կը գոհացնէ` մինչեւ կանոնաւոր փուռերու պատրաստութիւնը: Ան կ՛ըսէ. «Յայտնի էր, որ իմ այդ վերաբերմունքը հրամանատարութեան դիւր չէր գար» (էջ 24):
Շուտով թուրքերը խումբ-խումբ չեթէներ կը ղրկեն Սանսա` իբր թէ հայ աշխատաւոր զինուորներու վրայ հսկելու: Անոնք բանուորներուն «գլուխը կեցած` աչք բանալ չէին տար. կը ծեծէին, կը հայհոյէին եւ ամբողջ օրը չարաչար կ՛աշխատցնէին զանոնք» (էջ 24), կ՛ըսէ հեղինակը, ըստ որուն, Անատոլուի մէջ հայոց ընդհանուր ջարդերուն պատասխանատուները եւ կազմակերպիչները եղած էին Պահաէտտին Շաքիր, Սեբաստիոյ կառավարիչ Մուամմեր եւ Եոզկատի կառավարիչ Մեմտուհ (էջ 25):
Ականատես վկայ յուշագիրքի հեղինակ Գալուստ Սիւրմէնեան թրքական կառավարութեան հայոց հանդէպ անարդար վերաբերմունքին մասին խօսելով` կ՛ըսէ, թէ բանակին ծառայութենէն զերծ մնալ փափաքող հայերը պէտք էր, որ քանի մը անգամ փրկագին (պետել) տային պետութեան: Իւրաքանչիւր փրկագին կ՛արժէր 44 ոսկի: Շատեր պարտքի կ՛առնէին եւ հազար դժուարութեամբ կու տային: Հակառակ ասոր` պետութիւնը վերջ ի վերջոյ փրկագին վճարած անձերը անպայման բանակ կը տանէր:
Երբ Գալուստ Սիւրմէնեան 1915-ի ապրիլին կը լսէ, որ հայերը կը բռնագաղթուին, ան իսկոյն իր մեծաւորին կը դիմէ եւ ընտանիքին համար Երզնկա մնալու արտօնութիւն կ՛ապահովէ, որովհետեւ օրէնքով բանակի ծառայողներու ընտանիքները զերծ պիտի մնային բռնագաղթուելէ: Սակայն եւ այնպէս, երբ Գալուստ տուն կու գայ, կը տեսնէ, որ ընտանիքը հոն չէր եւ բռնագաղթուած էր: Ան հազար ճիգ կը թափէ եւ բաւական չարչարանքէ ու երկու ամիս ալ բանտարկուելէ ետք կը յաջողի իր ընտանիքը տուն բերել տալ:
Բանակի սպայ ըլլալով հանդերձ, Գալուստ Սիւրմէնեան իր փոխադրութիւններու ընթացքին ապահով չէր, որովհետեւ չեթէները հրաման ստացած էին սպաննել ոեւէ հայ` անկախ անոր բանակային կամ քաղաքային ըլլալէ: Ան մահէն քանի անգամ մազապուրծ ազատած է: Սիւրմէնեան իրեն ծանօթ թէ անծանօթ հայ սպաներու եւ զինուորներու (ինչպէս նաեւ հազարաւոր հայերու հաւաքական նահատակութեան) չեթէներու կողմէ անողոքաբար խողխողումը կը վկայէ` ըսելով. «Սանսայէն ետք, քաղաքին [Երզնկա] գլուխը գտնուող Ճէնպէլէկի կամուրջին շրջակայքը եղած էր Երզնկայի հայ արու սեռին սպանդանոցը: Տեղահանութենէն ետք, հիւանդանոցներուն մէջ գտնուած հայերը, Զինուորական վարժարանի հայ ուսանողները Տապախանէին (զինուորական արհեստանոց) մէջ աշխատող 600-է աւելի լաւագոյն հայ արհեստաւորներ հոն տարած, կացիններով սպաննած ու փոսերու մէջ լեցուցած էին: Ազատած էին միայն չորս անձեր, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած, բայց իրենք զիրենք մեռած ձեւացնելով, գիշերը դիակներու տակէն ելած Տէրսիմ ապաստանած ու փրկուած էին» (էջ 30):
Նկատի առնելով, որ թուրքերը կը նահանջէին արեւելեան նահանգներէն, Երզնկայի կառավարիչը Գալուստ Սիւրմէնեանին կը հրամայէ հեռանալ շրջանէն դէպի արեւմուտք, այն մտավախութեամբ, որ ռուսերու մօտենալով` «հայ սպաները կրնային միանալ անոնց եւ իրենց գլխուն պատուհաս դառնալ» (էջ 33): Ուստի ան ընտանիքը առնելով` դէպի Կամախ կը մեկնի: Զինուորական իշխանութիւնը ապա զայն Սեբաստիա կը ղրկէ ընտանեօք: Սիւրմէնեան կ՛ըսէ, թէ Կամախէն Սեբաստիա երթալու համար թուրքերը կ՛արգիլեն իրեն, որ Գուրուչայի լեռներէն անցնի, որովհետեւ հոն «այդ ատենները հայ փախստականներ կային եւ հրամանատարութիւնը կը կասկածէր, որ այդ ճամբով երթալով` ան կրնար փախստականներուն միանալ»: Ուստի ան Տիվրիկի ճամբով կ՛երթայ Սեբաստիա (էջ 33-34):
Ռուսերը կը մտնեն Տրապիզոն, Մամախաթուն, Բաբերդ եւ Երզնկա: 1916-1918 երկարող ժամանակաշրջանին Գալուստ Սիւրմէնեան թրքական զինուորական հրամանատարութեան հրամանով քանի մը վայր կը տեղափոխուի ընտանեօք: Ան մէկուկէս տարի Զիլէ կը մնայ` բանակին ծառայելով: Թէեւ ինք զերծ կը մնայ հալածանքէ եւ վտանգէ, բայց ան կրկին կը վկայէ հազարաւոր հայերու նահատակութեան մասին ու կ՛ըսէ. «Մինչեւ 1916-ի վերջերը Սեբաստիոյ մէջ դեռ կը մնար ամելէ թապուրի (աշխատաւորական վաշտ) մը, ուր 1000-է աւելի հայեր կ՛աշխատէին ճանապարհներու վրայ: Օրին մէկը անոնց ալ գոյութեան վերջ տրուեցաւ» (էջ 38):
Աւելի ուշ, ռուսական յեղափոխութեան պատճառով ռուսական բանակի նահանջէն ետք, «թուրքերը իրարու ետեւէ գրաւելով Երզնկան, Կարինը` հասան մինչեւ նախկին ռուս-թրքական սահմանը: Ապա անցնելով սահմանը` 23 մարտ 1918-ին գրաւեցին Սարըղամիշը, ապրիլ 16-ին` Կարսը եւ մայիս 15-ին` Ալեքսանդրապոլը, ու սկսան քալել Երեւանի վրայ: Մայիս 25-28 տեղի ունեցան Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը, որոնք վերջացան թուրքերու պարտութեամբ (էջ 39):
Թրքական զինուորական իշխանութիւնը Գալուստ Սիւրմէնեանը Զիլէէն Պաթում կը տեղափոխէ 1918-ի սեպտեմբերին: Անոր եւ հայ սպաներուն չ’արտօնուիր իրենց ընտանիքները միասին տանիլ: Պաթումի մէջ մարզական գունդերու հրամանատարը` Ճելալէտտին էֆենտին, որ սուլթան Ազիզի թոռն էր, Սիւրմէնեանին դասընկերը եղած էր Հարպիէի մէջ, Կ. Պոլիս: Գալուստ անոր միջնորդութեամբ իր եւ միւս հայ սպաներուն ընտանիքները Պաթում բերել կու տայ:
1918-ի հոկտեմբեր 30-ին կը կնքուի Մուտրոսի զինադադարը: Թրքական բանակի պահեստի բոլոր սպաներն ու զինուորները ազատ կ՛արձակուին: Կը մնան Գալուստ Սիւրմէնեանը եւ ընկերը` Վահան Փաստրմաճեան, որպէս մնայուն գործօն սպաներ: Ըստ զինադադարի պայմաններուն, անգլիացիները Պաթում կը մտնեն, եւ թուրքերը կը քաշուին հոնկէ: Գալուստ եւ Վահան քաշուելու ատեն կը պահուըտին գաղտնի վայր մը եւ Պաթում կը մնան: Տեղեակ էին քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մասին: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ ողջունած էին հայոց անկախ պետութիւնը, ուստի յուսալի ոգեւորութեամբ կ՛անցնին Երեւան ու երկուքուկէս տարի կը ծառայեն Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին:
Հոս վերջ կը գտնէ յուշագիրքին Ա. մասը:
Յուշագիրքին Բ. մասին մէջ Գալուստ Սիւրմէնեանը կը խօսի հայկական բանակին մէջ իր ծառայութեան մասին:
Գալուստ Սիւրմէնեանը ընտանեօք Երեւան կը հասնի 1919-ի գարնան: Ան կացութեան եւ հայ ազգի մասին իր խորհրդածութիւնները հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտէ. «Կը մտածէինք` ո՛ւր էինք երկու տարի առաջ` ո՛ւր ենք հիմա: Երկու տարի առաջ` թրքական գեհենին մէջ, անյոյս, անապաւէն. այսօր` մեր մայր հայրենիքին մէջ, հայկական բանակ, հայ նախարար, ամէն կողմ հայ: Կատարուած փոփոխութիւնը մեր մտքին մէջ չէր սեղմուեր, երազ ըլլար կարծէք» (էջ 45): Սիւրմէնեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. տարեդարձի հանդիսութեանց ներկայ կը գտնուի:
Գալուստ Սիւրմէնեանին հետ Պաթումէն Երեւան եկած Վահան Փաստրմաճեանը առաջին գումարտակը կազմած` Սուրմալու [Սուրմալու, գաւառ Երեւանի նահանգում, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (Թադէոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան, Յովհաննէս Բարսեղեան) կը մեկնի: Իսկ Գալուստ քանի մը օր յետոյ, կազմելով երկրորդ գումարտակը, կը հետեւի Վահանին: Երկու գումարտակները մաս կը կազմեն զօր. Սեպուհի հրամանատարութեան տակ գտնուող 8-րդ գունդին: Շուտով Սեպուհ 7-րդ եւ 8-րդ գունդերը իրարու կը միացնէ եւ կը կազմէ հայկական բանակին Դ. զօրաբաժինը, որ մեծաւ մասամբ վասպուրականցիներէ բաղկացած էր: Սեպուհ Դ. զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը կը յանձնէ Կ. Պոլսոյ Հարպիէն աւարտած սպայ Տիգրան Պաղտասարեանին: Հայկական բանակին մէջ բազմաթիւ արեւմտահայ սպաներ եւ զինուորներ կը գտնուէին: Գալուստ իր գունդը կը կազմակերպէ Իգտիրի մէջ [Իգտիր, շրջան, գաւառ, երբեմն ոչ պաշտօնական ձեւով անուանւում է Երեւանի նահանգի Սուրմալուի գաւառը – (վերոյիշեալ բառարանի էջ 1547 / 4814)
համացանցային էջ – Յ. Ի.]:
Իգտիրի գաւառին մէջ թուրքերը, քիւրտերն ու թաթարները յարատեւ կը յարձակին հայոց վրայ: Հայոց բանակը քաջաբար կը դիմադրէ ծանր պայմաններու տակ: Այդ դժնդակ կացութիւնը հեղինակը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Գրեթէ մենք միշտ կռուի մէջ էիք քիւրտերու հետ: Անոնք կը յարձակէին, օր մը հոս, օր մը հոն, որոշ նպատակներով: Գիշերները մէջտեղ կ՛ելլէին ու լուսաբացէն առաջ կը չքանային: Ամբողջ տարի մը մնացինք Իգտիր ու կրնամ ըսել, որ հանգիստ օր մը չունեցանք` միշտ կռուի պատրաստ վիճակի մէջ գտնուելով… հապա՞ մալարիան` շունչ չձգեց մեր վրայ: Երբ վաշտերը կ՛այցելէինք, զինուորները կը գտնէինք հոս ու հոն փռուած, ջերմի տագնապի մէջ» (էջ 50):
Իգտիրի մէջ Գալուստ Սիւրմէնեանը, հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, կը յաջողի կրկին կազմակերպել իր գունդը, որ կը վերածուի օրինաւոր ու կարգապահ միաւորի մը: Ան իր գունդին բոլոր գործառնութիւնները կը հայացնէ: Հրամաններն ու թղթակցութիւնները կը սկսին հայերէնով ըլլալ:
Հազիւ թէ յարաբերական հանդարտութիւն կը տիրէր, 6 մայիս 1920-ի Իգտիր կը ժամանեն զօր. Արարատեան եւ Ալեքսանդր Խատիսեան` գուժելու համար պոլշեւիկեան ապստամբութեան լուրը: Սոյն ապստամբութեան եւ զսպումի մասին մանրամասնութիւնները տեսնել յուշագիրքին 52-58-րդ էջերուն մէջ: Հեղինակը այս հատուածին վերջաւորութեան կ՛ըսէ. «Ահա այսպէս, մայիսեան ապստամբութիւնը զսպուեցաւ, թէեւ շատ սուղի նստաւ մեր գունդին վրայ: Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին մեր գունդը շատ տանջուած ու յոգնած էր: Երկար ատեն հանգստանալու, կազդուրուելու պէտք ունէր. բայց հազիւ ամիս մը անցած` վրայ հասաւ հայ-թրքական պատերազմը: Այս անգամ ալ կռուի գացինք Կարս» (էջ 58):
Հեղինակը յուշագիրքին 59-96-րդ էջերուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայ-թրքական պատերազմը, Կարսի անկումը, անոր պատճառներն ու հետեւանքները, տեղեկութիւն կու տայ հայկական կողմի հրամանատարութեան մասին: Սոյն հատուածին սկիզբը հայ-թրքական պատերազմի մասին զուգահեռ աղբիւրներու տեղեկութիւն կը փոխանցէ` ըսելով. «Հայ-թրքական պատերազմի մասին կան շատ մը իրազեկ անձնաւորութիւններու, ինչպէս` Կարօ Սասունիի, բժ. Արտաշէս Բաբալեանի արժէքաւոր յուշերը, լոյս տեսած` «Հայրենիք» ամսագրին մէջ: Կան պատմական էջեր Յովհաննէս Սահակեանի «Երկու տարի հայկական բանակին մէջ» եւ Տիգրան Բաղդասարեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան վերջալոյսին» միացեալ գրքոյկին մէջ: Նման էջեր կան նաեւ Ս. Վրացեանի «Հայաստանի ծագումն ու զարգացումը» մեծահատոր գիրքերուն մէջ: Անշուշտ կան ուրիշներ ալ… Բայց իմ մօտեցումը անոնցմէ տարբեր է, ես զինուորական ըլլալով` դէպքերը իմ կողմէս զինուորականի ակնոցով դիտուած են» (էջ 59-60):
Նոյն հատուածի վերջաւորութեան Սիւրմէնեանը կը բացատրէ Կարսի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը եւ արեւմտահայ մարդու վիճակն ու հոգեբանութիւնը` ի տես այդ օրերու անցուդարձերուն «Տաճկահայեր» խորագիրի տակ (էջ 96), ուր կ՛ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ ապրած տաճկահայուն միակ փրկութիւնը թուրքի լուծէն ազատուելուն մէջ կը կայանար: Սահմանադրութիւնը, բարենորոգումները [աւելի ճիշդ` բարենորոգումներու խոստումը, Յ. Ի.] չէին կրցած բարերար դեր ունենալ հայոց խաղաղ գոյակցութեան համար: Հայերը 1890-ական թուականներէն սկսեալ զէնք վերցուցած էին թրքական բռնակալութեան դէմ եւ կ՛ապրէին Թուրքիոյ բնակչութեան բաղկացուցիչ միւս ազգերու` յոյներու, պուլկարներու, սերպերու եւ այլոց նման, իրենք ալ իրենց ազատութիւնը գտնելու տենչով… Տեղահանութեան պատճառով, հայկական հողերն ու հայ ժողովուրդի մեծ մասը կորսնցնելէ ետք, Արարատեան Հայաստանը կը մնար միակ ապաստանը վերապրող հայութեան… Տաճկահայութիւնը տարուած էր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախութեան պահպանման գերագոյն պայքարով»:
Սիւրմէնեանը յուշագիրքին 97-115-րդ էջերուն մէջ կ՛անդրադառնայ հայկական բանակի, Խորհրդային Հայաստանի հիմնադրութեան եւ հայ սպաներու աքսորի մասին: Ան ցաւով կ՛արտայայտուի Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստին մասին, սակայն իբրեւ արթուն եւ լիիրաւ հայ` կ՛ըսէ. «Մայիս 28-էն ծնունդ առած սեփական հայրենիքը, յանձինս Խորհրդային Հայաստանի… կը ծլի ու կը ծաղկի: Հոն ծնած ու մեծցած հայ նոր սերունդ մը կը հասնի եւ հայ ժողովուրդը կ՛աճի ու կը յառաջդիմէ իւրայատուկ խոյանքով» (էջ 119):
Իբրեւ եզրակացութիւն` ան կ՛ըսէ. «Հայ ժողովուրդի գերագոյն իտէալն է համայն հայութիւնը մէկտեղել իր պատմական հողերուն վրայ, միացեալ Հայաստանի մէջ ապրիլ ազատ ու անկախ» (էջ 119):
Գալուստ Սիւրմէնեանը Զանգեզուրէն կ՛անցնի Պարսկաստան` փետրուարեան յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք:
Պէյրութ
aztagdaily.com/archives/450296