Անդրադարձ. Թափանցիկ Շղարշով Պատուած Որոշում Մը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Անդրադարձ. Թափանցիկ Շղարշով Պատուած Որոշում Մը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Խուան Էռնեսթօ Վիլլամայոր յայտնեց, որ իր երկիրը Հըզպալլան, Համաս շարժումը, Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ներառած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ:

Վերջին երկուքին պարագային ակներեւ է, որ քայլը շատ ուշացած է: Հարաւային ամերիկեան երկիրը պէտք էր Քայիտան արդէն 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք ճանչցած ըլլար իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, եւ ոչ թէ այդ ցնցիչ ու մեծ դէպքէն 18 տարի ետք միայն: Ուշացումը բարացուցական է. այս քայլին իսկական թիրախները Հըզպալլան ու Համասն են եւ անոնց ճամբով Իրանը եւ ոչ թէ Քայիտան ու ՏԱՀԵՇ-ը, որոնց անունները մետասաներորդ պահուն աւելցուած են իբրեւ ծածկոյթ:

Դժուար է չնկատել, թէ որոշումը որդեգրուած է Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան պայմաններուն մէջ` ընդառաջելով համացամաքամասցի մեծ եղբօր, ինչպէս նաեւ անոր կրտսեր եղբօր` Իսրայէլի խնդրանքին, մանաւանդ երբ Փարակուէյի մէջ Ամերիկայի դեսպանը եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը այդ քայլը կը նկատեն «կարեւոր», եւ վերջինս կ՛աւելցնէ, թէ ատիկա «կը նպաստէ Իրանի կամակատարներուն դէմ համաշխարհային պայքարին»` այդպիսով հաստատելով, որ անոր իսկական նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքար չէ, այլ` Իրանի դէմ պայքարը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին նշեց, թէ իր երկիրը աշխատանք կը տանի, որ այլ երկիրներ եւս նոյն քայլին դիմեն` այդպիսով փարատելով Փարակուէյի որոշումին ետին ամերիկեանին կողքին նաեւ իսրայէլեան ազդակի գոյութեան շուրջ կասկածները:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, թէ Փարակուէյ ձախողած է ստեղծել պէտք եղած ծածկոյթը, որովհետեւ այդ որոշումը պատած է խիստ թափանցիկ շղարշով մը միայն:

aztagdaily.com/archives/450551

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail