«Թրքական Բռնագրաւումը Տարատեսակ Ահաբեկիչներ Մտցուց Սուրիա» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Թրքական Բռնագրաւումը Տարատեսակ Ահաբեկիչներ Մտցուց Սուրիա» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին նշեց. «Միջին Արեւելքի շրջանը արհաւիրքներու ու ողբերգութիւններու ականատես դարձաւ կայսերապաշտական երկիրներուն իրենց նեղ եւ անբարոյական շահերը առաջնահերթ նկատելնուն պատճառով»:

Ան շեշտեց, որ առարկայական որեւէ մօտեցում կ՛եզրակացնէ, թէ տագնապներուն պատճառը Իսրայէլի` արաբական հողերու, ներառեալ` սուրիական Կոլանի բռնագրաւումն է:

Սուրիոյ դեսպանը կարեւոր նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները, ներառեալ` թրքական բռնագրաւումը, վերջ տան Սուրիոյ հողերուն վրայ իրենց անօրինական ներկայութեան եւ դադրին ահաբեկչութեան աջակցելէ:

«Թրքական բռնագրաւումը սուրիական հողեր մտցուց տարատեսակ ահաբեկիչներ եւ իր զրահապատ մեքենաները Սուրիա ուղարկեց առ ի զօրակցութիւն ահաբեկչական խմբաւորումներուն», ընդգծեց Ժաաֆարի:

aztagdaily.com/archives/450752

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail