Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Նախագահները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը
21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով Օգոստոս 20-ին լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հանդիպումին արդիւնքները: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, վկայակոչելով «Ռոսիյսքայա Կազեթա» թերթը, Փեսքով նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները Պրեկանսոնի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են շրջանային տագնապները, որոնց կարգին` ղարաբաղեան տագնապը:
Փեսքովի համաձայն, բանակցութիւնները եղած են յագեցած, կառուցողական եւ վստահելի:
Ըստ մամլոյ բանբերին, անդրադարձ կատարուած է շրջանային տագնապներուն` Պալքաններ, Լեռնային Ղարաբաղ, բաւական լուրջ խօսած են կլիմայի փոփոխութիւններու եւ Հիւսիսային բեւեռի իրավիճակին մասին:
yerakouyn.com/2019/08/21/ռուսիոյ-եւ-ֆրանսայի-նախագահները-քննա/