Ամերիկահայեր Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ՝ Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անցագիրի Այցելելու Համար

Կապուտջուղ լեռը Հայաստանի Հանրապետություն Նախիջևանի Ինքնավար Հանրապետություն սահմանին

Ամերիկահայեր Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ՝ Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անցագիրի Այցելելու Համար

23 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

29 Մայիս 2019ին, երկու ամերիկահայեր Քալիֆորնիոյ կեդրոնական շրջանի դաշնակցային դատարան դիմեցին՝ դատական եզակի հայցով, որ հիմնուած չէր Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ: Անոնք դատ բացին Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ:

Դատական հայցը յարուցուած է 88 տարեկան Պարգեւ Ղազարեանի եւ անոր զաւակին՝ Կարօ Ղազարեանի կողմէ՝ պնդելով «տարեցներու նկատմամբ օրէնքով սահմանուած բռնութեան գործադրման, դիտաւորեալ յուզական տագնապ պատճառելու, միջազգային օրէնքի խախտման, վստահուած անձի պարտականութիւններու խախտման եւ ժառանգութեան ակնկալիքի դիտաւորեալ միջամտութեան մասին», ըստ «Քըրքոնեան Տաճանի» փաստաբանական ընկերութեան կողմէ ներկայացուած 44 էջնոց բողոքին:

Հայցուոր Պարգեւ Ղազարեան Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է. ան ծնած է 20 Ապրիլ 1931ին, Թուրքիոյ Գալատուրան գիւղը: Ան ներկայիս կ՛ապրի Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Անոր որդին՝ Կարօ Ղազարեան, որ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է եւ կ՛ապրի Կլենտէյլ:

Բողոքին մէջ կը հաստատուի, որ հայցուորներուն անձնական վիրաւորանք հասցուած է՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաներու կամ գործակալներու ծուռումուռ արարքներուն կամ թերացման պատճառով:

1930ական թուականներուն Գալատուրանը հայկական փոքրիկ գիւղ մըն էր, Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանի մերձակայքը: Պարգեւ Ղազարեան մկրտուած է իբրեւ հայ քրիստոնեայ «Պալումի մէջ, Թուրքիոյ մէջ գտնուող սրբազան արարողութիւններու վայրը, 1931ին», նշուած է դատական հայցին մէջ: Պալումը կամ Պառլումը յունահռոմէական աւերակներու հնագոյն վայր է, որ կը գտնուի Գալատուրանէն քիչ մը անդին: Դարեր շարունակ տեղւոյն հայերը, ներառեալ Պարգեւին ընտանիքը, Պալում գացած են ուխտագնացութեան՝ կատարելու համար իրենց կրօնական եւ մշակութային ծէսերը:

1939ին, Գալատուրանը բաժնուեցաւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ Պարգեւին տունը ձգելով սուրիական կողմը, մինչ անոր ընտանիքին պատկանող դաշտերն ու հողերը մնացին թրքական կողմը: Քանի որ Պալումը նոյնպէս կը մնար թրքական հսկողութեան տակ, Գալատուրանի հայերը այլեւս չէին կրնար իրականացնել իրենց ծէսերը այդ վայրին մէջ:

11 Հոկտեմբեր 2017ին, Պարգեւը որոշեց մեկնիլ Թուրքիա՝ Պալում այցելելու համար: Ան դիմում ներկայացուցած էր վիզայի համար՝ Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատան եւ նշած, որ կ՛ակնկալէ Թուրքիա մուտք գործել 23 Դեկտեմբեր 2017ին: Վիզայի դիմումին մէջ՝ «անձնագիրի տեսակը» խմբաւորման տակ ան նշած էր «այլ», եւ «կը խնդրենք մատնանշել» վանդակին տակ գրած էր՝ «հայ քրիստոնեայ»: Պարգեւը նաեւ նշած էր, որ ինք ծնած է Գալատուրան, Թուրքիա, ուր եւ կ՛ուզէ մուտք գործել «կրօնական ուխտագնացութեան» նպատակով: Անոր խնդրանքին համաձայն՝ ան նպատակ ունէր «հայրենի կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթները փոխանցել իր զաւակին՝ հայցուոր Կարոյին եւ անոր շառաւիղներուն»:

Պատահականօրէն, 8 Հոկտեմբեր 2017ին, Թուրքիա դադրեցուցած է վիզաներու տրամադրումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն՝ իբրեւ պատասխան Ամերիկայի կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ նման արգելքի հակադարձութեան, մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 2017: Պարգեւը չունէր ամերիկեան անցագիր, սակայն նոյնիսկ եթէ ունենար, Թուրքիա պիտի մերժէր անոր մուտքի վիզա տալ՝ վերոնշեալ արգելքին պատճառով: Թուրքիոյ դեսպանութիւնը Պարգեւին՝ վիզայի վերաբերեալ դիմումը ստացած էր Թուրքիա հասնելէն 71 օր առաջ, մինչդեռ դեսպանութիւնը կը պահանջէր, որ նման դիմումներ ներկայացուին մեկնումի ակնկալուած թուականէն առնուազն 30 օր առաջ: Պատասխան չստանալով Թուրքիոյ դեսպանատունէն՝ Պարգեւը յիշեցում ղրկած է 6 Դեկտեմբեր 2017ին՝ հետաքրքրուելով իր վիզայի դիմումի կարգավիճակին մասին:

11 Դեկտեմբեր 2017ին, Թուրքիոյ դեսպանատան պաշտօնեան հեռաձայնած է Պարգեւի զաւկին գրասենեակը՝ նշելով, որ դեսպանատունը չի գիտեր, թէ ի՛նչ տեսակի վիզա կը խնդրէ Պարգեւը, հակառակ անոր, որ դիմումնագիրին մէջ յստակօրէն նշուած էր «կարճատեւ այցելութիւն»: Իբրեւ պատասխան՝ 18 Դեկտեմբեր 2017ին, Պարգեւը ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած էր դեսպանատուն։ Այնուհետեւ, 21 Դեկտեմբեր 2017ին, ան յիշեցում մը եւս ուղարկած էր դեսպանատուն՝ գիշերային թղթատարով: 22 Դեկտեմբեր 2017ին, երբ նոյն օրը Պարգեւը պէտք է թռչէր Թուրքիա, դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած էր Պարգեւին՝ յանձնարարելով անոր, որ իր անցագիրով դարձեալ դիմէ Լոս Անճելըսի մօտ թրքական հիւպատոսարանը: Պարգեւին փաստաբաններուն ներկայացուցած դիմումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները «անհանգստացուցած, վրդովուեցուցած, շփոթեցուցած եւ խանգարած են Պարգեւը՝ նպատակ ունենալով արժեզրկել անոր ինքնութիւնը՝ իբրեւ Թուրքիա ծնած հայ քրիստոնեայ»:

Դիմումին մէջ մէջբերուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի 1923ի յայտարարութիւնը՝ ուղղուած թուրքերուն. «Հայերը ընդհանրապէս իրաւունքներ չունին այս բարգաւաճ երկրին մէջ: Հողը ձերն է, հողը կը պատկանի թուրքերուն: Պատմութեան մէջ այս հողը թրքական էր, հետեւաբար անիկա թրքական է եւ յաւիտեան պիտի մնայ թրքական: Վերջապէս հողը վերադարձուած է իր օրինական տէրերուն: Հայերը եւ միւսները հոս ոչ մէկ իրաւունք ունին: Այս օրհնուած շրջանները իսկական թուրքերու հայրենի հողերն են»:

Փաստաբաններուն դիմումին մէջ նաեւ արձանագրուած է հետեւեալը. «Այդպիսի յայտարարութիւններով, ապա օրէնսդրական, գործադիր, վարչական եւ այլ պաշտօնական եւ (կամ) ոչ-պաշտօնական գործողութիւններու միջոցով է, որ ամբաստանեալը ստեղծած է նպատակային քաղաքականութիւն՝ նոյնինքն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակ: Նպատակային քաղաքականութեան հիմնական նպատակը բնիկ հայ քրիստոնեաները իրենց իրաւունքներէն եւ ինքնութենէն զրկելն էր՝ անմարդկայնացնելու, նուաստացնելու, սեփականազրկելու, թշնամացնելու, ընտրելու իրաւունքէն զրկելու, լուծարելու եւ այլ կերպ հեռացնելով հայ քրիստոնեաները իրենց հայրենի հողերէն, հայրենի աւանդութենէն եւ կրօնական սովորութիւններէն, այդ հողերուն մէջ: Այս նպատակային քաղաքականութիւնը իրականացուած, հիմնարկուած, կատարելագործուած եւ պահպանուած է ամբաստանեալի յաջորդական կառավարութիւններուն եւ գործակալներուն կողմէ»:

Դիմումին մէջ Պարգեւի նկատմամբ իրենց վատ վերաբերմունքով Թուրքիա եւ գործակալները կը մեղադրուին միջազգային հետեւեալ պայմանագիրները խախտելու յանցանքով.

– ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը

– ՄԱԿի սկզբունքները տարեցներու համար

– Լօզանի պայմանագիրը

– Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը

– Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը

– Ծերացման խնդիրներու Վիեննայի գործողութիւններու միջազգային ծրագիրը

– Ծերացման խնդիրներու մատրիտեան միջազգային ծրագիրը

– ՄԱԿի հռչակագիրը բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ:

Դժբախտաբար, Պարգեւին ա-ռողջութիւնը վատթարացած է 2017ին, Թուրքիա կատարելիք այցելութեան թուականէն ետք եւ ան այլեւս ի վիճակի չէ ճամբորդելու: Ասիկա վերջին կարելիութիւնն էր, որովհետեւ Պարգեւ պիտի կարենար այցելել իր բնօրրանը եւ իբրեւ հայ քրիստոնեա՝յ կատարէր իր կրօնական ծէսերը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պարգեւը զրկեց այդ կարելիութենէն՝ Թուրքիա մտնելու արտօնութիւն չտալով անոր:

10 Յունիս 2019ին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանը հայցուորներէն խնդրեց գրաւոր դիմում ներկայացնել մինչեւ 28 Յունիս 2019 այն մասին, թէ ինչո՛ւ գործը պէտք չէ փակել առարկայական իրաւասութեան բացակայութեան պատճառով: Դատարանին պահանջով, հայցուորները 25 էջնոց յուշագիր ներկայացուցին 28 Յունիս 2019ին բացատրելով, որ Թուրքիա, իբրեւ օտար երկրի գերիշխանութիւն, իրաւունք չունի խախտելու Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքները, մասնաւորապէս ամերիկեան հողի վրայ:

11 Յուլիս 2019ին, դաշնակցային դատարանը տուաւ որոշում մը՝ ըստ որուն «կը յետաձգէ իր իրաւասութեան մասին որոշումը, մինչեւ որ Թուրքիա ստանայ հայցը եւ հնարաւորութիւն ունենայ տրամադրելու իր տեսակէտները այս հարցին մասին»:

Այս դիմումը եզակի հնարաւորութիւն կու տայ հաստատելու հայերու իրաւունքները՝ առանց անցագիրի այցելելու իրենց հայրենի հողերը, որոնք այժմ գրաւուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/353369/Ամերիկահայեր-Դատ-Կը-Բանան-Թուրքիոյ-Դէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail