Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դարձեալ Կը Դիմէ Թրքական Դատարան` Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձը
26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 30 յուլիս 2019-ին դարձեալ դիմեց թրքական դատարան` օրինական հայց ներկայացնելով Սիսի նախադատ ատեանին մօտ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:
Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ կաթողիկոսարանին հետ աշխատող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ:
Շուրջ հազար էջերէ բաղկացած թղթածրարը պատրաստուած է իրաւական զոյգ յանձնախումբերուն միացեալ աշխատանքով` հիմնուելով թրքական օրէնքի տրամադրութիւններուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին պաշտպանած իրաւունքներուն վրայ, բաց ու ապահով պահելով Եւրոպական դատարան վերադառնալու ուղին:
Յիշեցնենք, որ սոյն դատական հայցը կ՛իյնայ ապրիլ 2015-ին կաթողիկոսարանին սկսած դատական հոլովոյթի ծիրին մէջ` իբրեւ շարունակութիւն անոր:
aztagdaily.com/archives/451180