Յանուն Ամուլսարի Փրկութեան Երթ` Երեւանի Կեդրոնին Մէջ
«Ամուլսարը առանց հանքի», «Ամուլսար` միայն սար» վանկարկումներով շաբաթ, 24 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ երթ յանուն Ամուլսարի փրկութեան:
Քայլերթը կազմակերպած էր «Ամուլսարը առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը, որուն ներկայացուցիչները նախքան երթին սկիզբը նշեցին, թէ այս երթը կազմակերպուած է ի աջակցութիւն ջերմուկցիներուն եւ կառավարութեան: Հաւաքուած քաղաքացիները կը պնդեն, թէ Ամուլսարը հանք պիտի չդառնայ:
Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան եւս միացած էր երթին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ, թէ առանց ժողովուրդին կարծիքը հաշուի առնելու եւ հիմնուելով միայն վերջին փորձաքննութեան վրայ` կարելի չէ թոյլ տալ հանքի օգտագործումը:
«Մենք վերջին օրերուն անընդհատ այդ մասին խօսած ենք, կը կարծենք, որ առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու եւ հիմնուելով միայն վերջին փորձաքննութեան վրայ, որ փաստացի նոյնիսկ փորձաքննութիւն չէր` ընդամէնը եղած փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւն էր, կարելի չէ թոյլ տալ ասիկա, եւ առանց իրական գնահատական ունենալու, թէ հետագային մենք ի՛նչ լրջագոյն խնդիրներու դիմաց պիտի կանգնինք», յայտարարեց Գորգիսեան:
«Մենք եկած ենք այստեղ` մեր աջակցութիւնը յայտնելու բոլոր պայքարողներուն եւ այն քաղաքացիներուն, որոնք կողմ են Ամուլսարը իբրեւ սար պահպանելուն», ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը:
aztagdaily.com/archives/451183