Ընկերներ կան, ընկերներ եւս կան․․․
Ընկեր կայ որ քեզ աստիճանով վեր կը բարձրացնէ իսկ ընկեր ալ կայ ով ինկած ժամանակդ վրադ կը կոխէ․․․
Ներքեւի նկարը խօսուն պատկեր է եւ չի կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան․
Ընկերներ կան որոնք Լիզպոնի տղոց նկարը, հետեւաբար կամքը․ շունչը, Իրաւունքը, փափաքը եւ տեսլականը հանեցին Արարատ լերան գագաթին ի լուռ աշխարհի եւ տղոց ոգին սաւառնեցաւ բարձր, անոնք նայեցան այդ բարձունքէն եւ այդ բարձունքէն եւս թքեցին միւս տեսակ ընկերներու ճակտին որոնք փոխանակ բարձրացնէին զիրենք վեր, կեղծիքով թաղեցին իրենց յոյսը իրենց տեսլականը իրենց կամքը իրենց երազը․․․
Հազար Փառք Աստծոյ որ կան այսպիսի ընկերներ որոնք չեն մոռցած Լիզպոնի գործողութեան իմաստը, արժէքը, եւ կեանքի ու դպրոցի դասը, շնորհակալութիւն Ընկեր քո կատարած Վեհ գործին, շնորհակալութիւն որ մեզ, Լիզպոնի տղոց հարազատներուն կը կը պարգեւէք Մխիթարանք իրենց ֆիզիկական կորուստին առնչութեամբ, Շնորհակալ ենք Տղաք․․․
Իսկ միւս ընկերներու հանդէպ որոնք կուզէն թաղել Լիզպոնեան երազը, անոնց հանդէպ պարզապէս նողկանքն ու զզուանքը ոչինչ են․․․
ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ-Արարատի գագաթին՝ Լիզպոնի տղոց յիշատակին։ Շնորհակալ ենք Յարութ։
ԶԱՐԷՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ