«Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքը Պատերազմի Համազօր Է, Իսկ Լիբանան Իրաւունք Ունի Պաշտպանելու Իր Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն
27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:
Իսրայէլեան օդուժը կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծեց Զահլէի արեւմուտքը գտնուող Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան` թիրախ դարձնելով Քուսայայի մէջ գտնուող` Ահմետ Ժըպրիլի ղեկավարած Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր հրամանատարութեան դիրքերը:
Ըստ ականատեսներու, առաջին ռմբակոծումը արձանագրուեցաւ առաւօտեան ժամը 1:11-ին, երկրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:25-ին, իսկ երրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:35-ին:
Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը հակաօդայիններով հակադարձեց իր դիրքերը ռմբակոծող իսրայէլեան օդուժին:
Ռմբակոծումի ենթարկուած պաղեստինեան դիրքի պատասխանատուներէն Ապու Մոհամետ յայտնեց, որ ռմբակոծումը մարդկային վնասներ չէ պատճառած, այլ` նիւթական:
Միւս կողմէ, «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի եւ Արքուպի վերեւ:
Կէսօրին, իսրայէլեան զինուորական զրահապատները Սըմմաքայի բարձունքին վրայ գտնուող իրենց դիրքին մէջ արտասովոր շարժումներ կատարեցին:
Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ շրջուն ջոկատներով հսկեցին սահմանին` սկսելով Ռաս Նաքուրայի շրջանէն հասնելով բռնագրաւուած Պաղեստին, ինչպէս նաեւ Քֆարշուպայի բարձունքներ եւ Մազարեհ Շեպաա:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը որեւէ արտասովոր երեւոյթ չարձանագրեցին սահմանային զարգացումներուն առումով:
Պէտք է աւելցնել, որ երէկ կէսօրին Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այցելեց Հարաւային արուարձաններ, ուր Մուաուատ փողոցին մէջ ստուգեց իսրայէլեան բռնարարքին վայրը` ներկայութեամբ Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետ Մոհամետ Տըրղամի եւ Հըզպալլայի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆի:
Խէյր յայտնեց, որ այս բռնարարքը իր կարգին քաղաքացիներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւն մըն է, որ դիմակաւոր է եւ ամէն անգամ կերպարանափոխուած կերպով կ՛այցելէ լիբանանցիներուն:
«Մենք միշտ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի թելադրանքներով նեցուկ կը կանգնինք տուժած լիբանանցի քաղաքացիներուն», ըսաւ Խէյր:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը յստակացուցած է արձանագրուած վնասները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի փորձէ բոլոր տուժածներուն հատուցել:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներու հետեւանքներուն:
aztagdaily.com/archives/451341