ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Չինաստանը Էրտողանին Օգնութեան Կը Հասնի, Սակայն Նաեւ Կը Զգուշացնէ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Չինաստանը Էրտողանին Օգնութեան Կը Հասնի, Սակայն Նաեւ Կը Զգուշացնէ

27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Այս տարի, հակառակ անոր որ արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ պետութիւնները քննադատեցին Չինաստանի վերաբերմունքը թուրք ույղուր ժողովուրդին նկատմամբ, Էրտողան լուռ մնաց: Իսկ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ չքուէարկեց ի նպաստ օրինագիծի մը, որ կը քննադատէր Չինաստանի քաղաքականութիւնը ույղուրներուն նկատմամբ, բան մը, որ զայրացուց իր ազգայնական դաշնակիցները եւ ապշեցուց աշխարհը: Իբրեւ փոխադարձ վերաբերմունք` չին կառավարութիւնը մէկ միլիառ տոլար փոխանցեց Թուրքիա` օգնելու օտար դրամական պահեստին:

Այս օգնութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ երկիրը ազատեց տնտեսական ճգնաժամէ մը, երբ Էրտողան քաղաքապետական ընտրութիւններուն պայքար կը մղէր երկրին մէջ` իր հակառակորդներուն դէմ: Աւելի՛ն. երբ անցեալ յուլիսին Էրտողան այցելեց Փեքին, ան յայտարարեց, որ ույղուրները «ուրախ կեանք» մը կ՛ապրին Չինաստանի մէջ: Թուրք ազգայնականները անբաստանեցին Էրտողանը չինական դրամագլուխներու եւ ներդրումներու դիմաց ծունկի գալու յանցանքով:

Այստեղ պէտք է յիշել, որ 2009-ին Էրտողան Չինաստանը ամբաստանեց ույղուրներուն դէմ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով, բան մը, որ Էրտողանի շուրջ համախմբեց ազգայնական խաւը, սակայն նոյն խաղը այսօր զինք կրնայ որբ ձգել այս հակասական յայտարարութիւններուն պատճառով: Իսկ փետրուարին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց չինական կառավարութեան վերաբերմունքը եւ զայն նկատեց «ցեղային մաքրագործում» ույղուրներուն նկատմամբ («Սի.Ան.Աս. Նիուզ», 12 օգոստոս 2019): Չինաստան պատասխանեց այս անհիմն յայտարարութիւններուն` ըսելով, որ այսպիսի քննադատութիւններ միայն կը վատթարացնեն տնտեսական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ: 2012-ին, երբ չինական դրամատուները կասեցուցին իրենց գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին Էրտողան եւ իր կառավարութիւնը ստիպուեցան հաշուի առնել Չինաստանի տնտեսական ճնշումը: Աւելի՛ն. Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա ճնշում բանեցուցին իսլամական երկիրներու վրայ` հեռու մնալու ույղուրներուն նկատմամբ Չինաստանի քաղաքականութիւնը քննադատելէ: Նշենք,որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան 35.000 ույղուրներ, որոնք կը վայելեն պետութեան աջակցութիւնը, կազմակերպական ցանցեր ունին եւ Սուրիոյ պատերազմին կազմեցին զինեալ ջոկատներ:

Անցեալ շաբաթ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չոնիինկ յայտարարեց, որ Չինաստան դէմ է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջերս ծրագրուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ «ապահով գօտի» մը ստեղծելու գաղափարին: Նախարարութեան բանբերը նաեւ աւելցուց, որ Չինաստան կը կանգնի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան կողքին («Սիրիա Թայմզ», 14 օգոստոս 2019): Ասիկա ազդանշան էր Չինաստանի կողմէ` Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ:

Էրտողանի արեւելամէտ քաղաքականութիւնը զայն դարձուց պատանդ մը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ձեռքերուն մէջ: Ասիկա պիտի ունենայ իր քաղաքական հետեւանքնեը թրքական ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ:

Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/451314

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail