Պաքուի Միջամտութեամբ Արգիլուեցաւ Ճատրակի Հայ Վարպետին Մասնակցութիւնը Թուրքիոյ Մրցաշարքին

Armenia’s National Women’s Chess champion Maria Gevorgyan

Պաքուի Միջամտութեամբ Արգիլուեցաւ Ճատրակի Հայ Վարպետին Մասնակցութիւնը Թուրքիոյ Մրցաշարքին

27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆԸ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԸ ԻՐԱՐ ԽԱՐՆԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը (ՖԻՏԷ) արձագանգեց կանանց ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մարիա Գէորգեանը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին մասնակցողներու ցանկէն դուրս բերելու՝ Անգարայի որոշումին, որ տրուած էր Պաքուի պահանջով:

Իբրեւ պատասխան News.am-ի հարցումին՝ Հայաստանի երրակի ախոյեան Մարիա Գէորգեան ըսաւ. «Թուրքիայի մրցաշարում իմ մասնակցութեան հետ կապուած միջադէպն արդէն լայն արձագանգ է ստացել եւ մեծ իրարանցում առաջացրել համաշխարհային շախմատում, ինչպէս նաեւ Հայաստանում: Արդէն տեղեկացրել էի, որ Հայաստանի շախմատի ֆեդերացիան (դաշնակցութիւնը-Խմբ.) նամակով դիմել էր ՖԻՏԷ-ին, որպէսզի ուսումնասիրուէր դէպքը: Արդէն ունենք պատասխան ՖԻՏԷ-ի ներկայացուցիչ Էմիլ Սութովսքիից»:

«ՖԻՏԷ-ն դիմումին ընթացք տուաւ եւ դէպքը մանրամասնօրէհն կ՛ուսումնասիրուի: Շուտով մեղաւորները խստագոյն կերպով պիտի պատժուին», գրուած է Էմիլ Սութովսքիի պատասխանին մէջ:

Նշենք, որ Սեբաստիոյ (Սվազ) մէջ մեկնարկած եւ Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան հովանիին տակ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքը կազմակերպողները անակնկալօրէն ետ քաշած էին Գէորգեանի՝ մրցաշարքին մասնակցելու հրաւէրը։ Այս լուրին անդրդարձաւ նաեւ «Պի.Պի.Սի.»ն, որ նաեւ յիշեցուց, թէ անցեալ Մայիսին Պաքու նաեւ արտօնութիւն չէր տուած հայ համակիրներուն, որ անգլիական »Արսենալ« ֆութպոլի խումբին մաս կազմող Հենրիկ Մխիթարեանը քաջալերելու համար Ատրպէյճան մեկնին, ներկայ ըլլալու համար այնտեղ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին։ Ապահովական նկատառումներով՝ Մխիթարեան եւս չէր մասնակցած մրցումին։

Գէորգեան կը պատմէ, թէ ինք չէր փափաքած մասնակիլ թրքական մրցաշարքին, սակայն 7 Օգոստոսին իրեն հրաւէր եկած էր կազմակերպողներէն, որոնք խոստացած էին նաեւ վճարել ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը: Գէորգեան վերջապէս համաձայնած էր, սակայն աւելի ուշ ստացած էր հրաւէրը չեղեալ համարելու նամակը, որուն մէջ նշուած էր, թէ որոշումը տրուած էր Ատրպէյճանի ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք։ Անկէ ետք, Գէորգեան բողոք յղած էր ՖԻՏԷ-ին, հրաւէրին բեկանումը խիստ վիրաւորական նկատելով:

yerakouyn.com/2019/08/27/պաքուի-միջամտութեամբ-արգիլուեցաւ-ճա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail